Նպատակ եւ քաղաքականութիւն-2
Ճիշդ է, կուսակցութիւնները ազգի մը քաղաքական կեանքի զանազան երեսները, այլազան հոսանքները կը ներկայացնեն, անոր քաղաքական մտածողութեան տարբեր թեւերը:
Սակայն ամէն կուսակցութիւն Նպատակ մը ունի, Իտէալ մը կը հետապնդէ, որուն իրագործման մէջ կը տեսնէ իր ժողովուրդի, իր հայրենիքի եւ իր պետութեան գերագոյն շահերը, անոնց բարօրութեան ու բարգաւաճման հիմնական պայմանը:
Կուսակցութեան մը – ինչպէս ազգի մը կամ պետութեան մը – Նպատակը անփոփոխ է ըստ էութեան, փոփոխական է միայն ըստ ձեւի, այսինքն բարեփոխութեան, բարեշրջման իմաստով:
Նպատակը անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, փոփոխութեան առարկայ կրնայ ըլլալ սակայն կուսակցութեան մը քաղաքականութիւնը, պայքարի ու գործունէութեան ռազմագիտութիւնը, նոյնիսկ գործելակերպը:
Կուսակցութեան մը համար ալ – իր կոչումին ու առաքելութեան գիտակից ու հաւատարի՛մ կուսակցութեան մը – բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին:
Եւ այդ ուղիները բազմաթիւ են եւ յարարափոփոխ բնոյթ ունին…, անփոփոխ կը մնան մէկ կէտի մէջ.– Միայն ու միայն Նպատակին կ’առաջնորդեն, Նպատակին իրագործման կը ձգտին, Իտէալին հասնելու ՄԻՋՈՑ են լոկ:
…Ազգային, պետական կամ հայրենական գերագոյն շահերու հետապնդման ու ապահովութեան ճամբուն վրայ, կուսակցութիւն մը կրնայ ուղի փոխել, ուղղութիւն փոխել, հիմնովին նոր քաղաքականութիւն մշակել, ու կիրարկել, սակայն պայման է, որ միշտ հաւատարիմ մնայ իր առաքելութեան, իր կոչումին, իր Նպատակին:Կուսակցութիւն մը, որ նպատակ ու իտէալ կը փոխէ, կը դադրի նոյն կուսակցութիւնը մնալէ, կը փոխէ ինքնաբերաբար նաեւ իր բնոյթն ու նկարագիրը եւ, լաւագոյն պարագային, կը դառնայ նոր կուսակցութիւն:
Էականը Նպատակն է, Իտէալն է, այո՛. ուղիները Նպատակին հասնելու միջոցները երկրորդական են միշտ:
Միաժամանակ ծանօթ ճշմարտութիւն է նոյնպէս, որ քաղաքական կեանքի մէջ – կուսակցական, պետական թէ ազգային մակարդակի վրայ – մնայուն բարեկամութիւններ եւ մնայուն թշնամութիւններ չկան, այլ կան միայն ու միայն մնայուն շահեր:
Այս հիման վրայ ալ, կուսակցութիւն մը կամ քաղաքական ոեւէ կազմակերպութիւն պատրաստ է – պատրա՛ստ պէտք է ըլլայ – գործակցելու նոյնիսկ… Սատանային հետ, ինչպէս որ պիտի ըսէր մեծանուն անգլիացին՝ Չըրչիլ, ի խնդիր ի՛ր ժողովուրդի, ի՛ր պետութեան եւ ի՛ր հայրենիքի գերագոյն շահերու իրականացման:
Այն կուսակցութիւնը, որ յօժար չէ ամէ՛ն բանի՝ իր հայրենիքի եւ իր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն ու գերագոյն արժէքներուն պաշտպանութեան համար, չի՛ կրնար երբեք հաւատարմօրէն ու լիակատար կերպով ծառայել իր կոչումին եւ իր առաքելութեան:
Ամէն կուսակցութիւն պատրաստ պէտք է ըլլայ, պարտաւո՛ր է պատրաստ ըլլալու Գերագոյն Զոհաբերութեան՝ վասն հայրենեա՛ց – ա՛յս է հիմնական ու անփոփոխելի սկզբունքը:
Սարգիս Զէյթլեան
Խմբագրական «Դրօշակ»ի
Ա. Տարի, 1970, թիւ 27