Ակնարկ. Յետցնցումնային քարտէսի ուրուագծումը
Գլխավոր » Լրահոս » Ակնարկ. Յետցնցումնային քարտէսի ուրուագծումը

Ակնարկ. Յետցնցումնային քարտէսի ուրուագծումը

Նաւահանգիստի պայթումին` պատահար թէ՞ ծրագրաւորուած խափանարարութիւն ըլլալու իրականութեան բացայայտումը կը թուի, որ երկրորդական նշանակութիւն կը ստանայ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ նման իրավիճակ դուռ կը բանայ քաղաքական մեծ քայլերու, նոր գործընթացներու: Որքան ալ ոչ բարոյական հնչէ, այնուամենայնիւ լայնածաւալ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուցած պատահարներ լիարժէք կ՛օգտագործուին աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ գործարկելու:

Այս պատճառով ալ իրականութեան բացայայտումէն աւելի շահագրգիռ է հետաքննութեան լիբանանեա՞ն, թէ՞ միջազգային բնոյթը: Իրաւամբ թէ քաղաքականացուած մօտեցումով, եթէ անհրաժեշտ է աւելի հեղինակազրկել արդէն իսկ վարկաբեկուած պետութեան այս պարագային արդարադատութեան համակարգը, ապա ուրեմն թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին առումներով պիտի սաստկանան հետաքննող մարմիններու միջազգայնացման պահանջները:

Միայն հետաքննութիւնը չէ, որ միջազգային շահագրգռութիւն կամ նոյնիսկ մասնակցութիւն կրնայ ստանալ: Աղէտին անմիջապէս հետեւած մարդասիրական միջազգային ծրագիրները այդ բնոյթով պիտի չսահմանափակուէին: Դիւանագիտական եռուզեռը պիտի սկսէր օժանդակութիւններու պայմանականութիւնը յիշեցնելով. վերանորոգման մեծ ծրագիրներ ստանձնելու մրցապայքար մը` նաւահանգիստէն սկսեալ մինչեւ ենթակառոյցներ, հասնելու համար պետութեան կողմէ քաղաքացիական տարրական ծառայութիւններու տասնամեակներէ ի վեր առկախ մնացած ծրագիրներու ստանձնումին:

Վերականգնումը, շինարարութիւնը, ելեկտրականութեան չարչրկուած թղթածրարի ստանձնումը կամ նման անլոյծ մնացած եւ ապաշնորհ վարչակառավարման վերագրուող հանգոյցներու լուծման ուղիներու մատնանշումը կ՛ենթադրեն, որ ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումի օղակներու թուլացման միտումներ գոյութիւն ունին:

Կառավարութեան հրաժարականը եւ տակաւին վարչապետութեան պաշտօնին նոր թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւն չկայանալը, լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման կամ օտար արժոյթի նուազեցման միտումները կը խօսին այդ պաշարման թուլացման նախադրեալներուն մասին` հերթական անգամ հետեւողը համոզելով շրջափակումի ետին կանգնած աշխարհաքաղաքական որոշումներուն առկայութեան գծով:

Պարզ են ուղերձները. տարածաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր գլխաւոր դերակատար այս անգամ նոր իրավիճակի ձեւաւորման մէջ կը փորձէ ստանձնել իր բաժինը` նախանշելով Լիբանանի նկատմամբ ընդհանուր գիծերու մէջ համաձայնեցուած միջազգային ծրագիր մը:

Ֆրանսական միջնորդութիւնը տեսանելիօրէն յառաջատար դերակատարութիւն կը վերապահէ անոր. սակայն բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով եւ յատկապէս այս պարագային Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացնողներու յայտարարութիւններն ու այցելութիւնները, կարելի է ենթադրել, որ Փարիզը բոլորովին ինքնուրոյն չի շարժիր այս ուղղութիւններով:

Քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի առաջադրանքները երբ կտրուկ անցում կատարեցին քաղաքացիականէն քաղաքական, արծարծեցին հետեւողականօրէն նախորդ կառավարութեան հրաժարական, անկուսակցականներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն եւ ապա արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, յանգելու համար համակարգային փոփոխութեան:

Այդ պահանջները դեռ հեռու են վերջնակէտէն: Հատած են սակայն որոշ եզրագիծեր: Թէեւ ոչ անմիջական, այդուհանդերձ անտեսանելի չեն խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները: Միջազգային ընտանիքը այժմ ունի Լիբանանի մէջ ժողովրդային ենթահող` արտաքին-ներքին առաջադրանքները համատեղելու:

Լիբանանի քաղաքական քարտէսի վերագծման ծրագիրի մը շրջանակը սկսած է երեւիլ: Իսկ արմատական փոփոխութիւններու մեկնարկին կը նախորդեն մեծ ցնցումներ: Անոնք ըլլան պատահար թէ ծրագրաւորուած:

Լիբանանը կարեւոր երկընտրանքի առջեւ է: Յետցնցումնային իրավիճակը ներլիբանանեան համախմբումով յաղթահարելու եւ նոր ուղի դուրս բերելու երկիրը կամ վերստին յանձնուելու հեռակառավարման եղանակին` պետական հրապարակը յանձնելով արտաքին գլխաւոր դերակատարներու:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ առաջին ընտրանքը իր բացարձակին մէջ իրականանալի չէ: Պաշտօնական Պէյրութին պարտադրուած երեք օրակարգ կը ճնշեն եւ ապաշրջափակումը կը պայմանաւորեն: Իրանական յենակէտերու ապապետականացումն ու զինաթափումը, ընդծովեայ ուժանիւթի օգտագործման համար սահմանազատումը եւ պաղեստինցիներու բնակեցումը: Այս զիջումներու մասնակիութեան կամ ամբողջականութեան համաչափ կ՛ընթանան նաեւ ապաշրջափակման կամ դրամական յատկացումներու հոսքերը:

Հայկական ոսպնեակը անպայման նկատի կ՛ունենայ միջազգային շահագրգռուածութեան տարողութիւնները, տարբեր պետութիւններու միջամուխ ըլլալու հանգամանքները, միջազգային ծրագիրի իրականացման հաւանականութիւնները, Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ նկրտումներուն դիմաց ցցուող հանգամանքները եւ ի վերջոյ քաղաքական վերագծուող քարտէսին մէջ հայկական գործօնի դերին ազդեցիկութեան հետ կապուած խնդիրները:

aztagdaily.com

1