Սիրիայի Հալեպ քաղաքի հայաշատ համայնքը խիստ օգնության կարիք ունի

Հալեպահայ Ռադիկ Դունիկյանը ֆեյսբուքյան գրառմամբ տեղեկացնում է Հալեպի հայկական համայնքի դժվար կացության մասին.
«Հալէպը լուռ կը մղկտայ իր ցաւերը, հեռու միջազգային լրատուամիջոցներու աղմուկէն։ 10 տարուան պատերազմի հետեւանքները կրող քաղաքը, տակաւին ծանրաբերնուած ընդհանուր փլուզման եզրին գտնուող տնտեսական համակարգով, այսօր անպաշտպան կը դիմագրաւէ ժահրի մարտահրաւէրը։
Քաղաքի տարբեր շրջաններէն, անընդհատ, կը լսուին շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու ահազանգող սուլոցները, մարդիկ տժգոյն են ու հոգնած, շնչահեղց ու դեղնած դէմքեր են ամէնուր ու անոնց երեսներուն վրայ գծագրուած տրտմութիւն մը ակնյայտ կը նշմարուի, մինչ ճամբան, շուկան, թաղերու կամ խանութներու մէջ ակամայ զրոյցներ կը լսուին ժահրով վարակուած անծանօթ մարդոց ու բուժօգնութեան անհասանելիութեան խնդիրներու մասին։ Մարդիկ զգուշաւոր ու մտազբաղ կանցնին շուկաներէն, տարրական սնունդի պէտքերը հոգալու, մինչ բանջարեղէնի ու պտուղի գիներ ահաւոր ոստումներ կարձանագրեն։
Քաղաքի գրեթէ բոլոր դեղատուները, դժկամութեամբ կը փորձեն հիւանդ հաճախորդներու աղերսներուն պատասխանել, դեղորայքի ահաւոր պակասի պատճառաւ, երբ բժշկական հոգատարութեան մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է ու վարակուած հիւանդները, այլ բժշկական օգնութիւն տեսած վարակուողներու դեղագիրերով ու անձնական ճիգերով կը փորձեն պայքարիլ համավարակին դէմ ։Քաղաքի պետական եւ անհատական հիւանդանոցներու իրավիճակը, անբաւարար եւ անկարող իրողութիւն կը պարզեն, երբ բուժօգնութեան կազմերը հնարաւորութիւններու պակասին մէջ կը խարխափին ու վարակակիրներու ախտը ստուգելու հնարաւորութիւն իսկ չունին։
Բոլոր բժշկական օգնութիւն ցուցաբերող մասնաւոր նախաձեռնութիւնները, կը սահմանափակուին մարդոց զգուշաւորութեան հրաւիրելով ու կանխարգելիչ միջոցներ օգտագործելու կոչեր ուղղելով։Հալէպ քաղաքը, իր ապրած դժնդակ օրերու հաշուարկին վրայ, կը գումարէ անորոշութիւն եւ արհաւիրքներ բուրող օրհասական օրեր եւ օր առաջ, շտապ կարիքը կայ, ժահրի դիմագրաւման անհրաժեշտ կենսանիւթերու, դեղորայքի, մաքրութեան եւ հականեխիչ պարագաներու։ Ընդհանուր այս մթագնած մթնոլորտին մէջ, ժահրի պատճառած մահուամբ, կորուստները կը դառնան առաւել խոցելի, որովհետեւ դարմանումի հնարաւորութիւն չունենալը նուաստացում է մարդու տարրական իրաւունքներուն, ալ ինչ խօսք երբ վարակի զոհերը համայնքի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ ներարուած, թեմական, միութենական, մշակութային ու եկեղեցական կառոյցներու ծառայող, պատրաստուած ու թրծուած հայորդիներ են։
Համայնքի հայութեան միակ յոյսը, կը մնան սփիւռքն ու Հայաստանը, վստահելով անոնց կարողականութեան սահմաններուն։ Իւրաքանչիւր հայու աչքերը ակամայ ուղղուած են ողջ հայութեան որդիական կարիքի զգացումներով։ Այս պայմաններուն մէջ, պայքարող Հալէպը անտեսելը ու անոր օգնութեան ձեռք չմեկնելը, համազոր է պատմական մեր գաղթօճախը ու սփիւռքի ամենացայտուն ամրոցներէն մին դիտմամբ կործանման մատնելու»։
Ստորեւ մի քանի յղում սոյն իրավիճակի շուրջ։
https://www.facebook.com/338112206891146/posts/649319895770374/https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=10223973530749774&id=1342860969https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=2791877457748495&id=100007788031332https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=2117572548386158&id=100004002993229https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=2813031605465514&id=136673976434637https://m.facebook.com/story.php?story_fbid=3514182125279908&id=100000644656057