Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ
Գլխավոր » Լրահոս » Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

«Անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ»
Վրէժ Արմէն

Սեւրը վկայ։


Անկատար տենչեր… Ահա հարիւր տարի է մեր տենչերը այդպէս ալ կը մնան անկատար։ Սեւրի դաշնագրի հարիւրամեա՛կը վկայ։

1920 օգոստոս 10-ին Ֆրանսայի, իր յախճապակիներով աշխարհահռչակ, այդ քաղաքին մէջ ստորագրուած դաշնագիրը ի՛նք կը մնայ անկատար, կը մնայ որպէս չյարգուած խոստում,– խոստումնադրուժ աշխարհին կողմէ,– որպէս անվճա՛ր վճարագիր,– մեզի պարտական՝ նո՛յն այդ աշխարհին կողմէ։ Բայց նաեւ կը մնայ անժամանցելի,– անժամանցելի՝ շնորհիւ մեր գոյութեան, մեր՝ հայութեան վերապրումին ու գոյատեւումին։

Ահա այդ անժամանցելիութեա՛ն հարիւրամեակն է, որ կը նշենք այսօր։ Անժամանցելի է, որովհետեւ ողջ են պահանջատէրերը, ողջ են պահանջատէրերու զաւակները, ողջ են թոռներն ու ծոռերը։ Եւ եթէ կա՛յ պատգամ մը մեր այս նշումին մէջ՝ այդ ողջ մնա՛լն է, պահանջատէր մնա՛լն է։

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ողջ ըլլալ։ Կը նշանակէ իբր հա՛յ ողջ ըլլալ։ Հա՛յ ըլլալ, հայ մնալ բոլոր աղէտներուն դէմ յանդիման։ Այսինքն՝ հայ ապրելու մեր մարդկային իրաւունքին տէր ըլլալ։ Սեփական հողերուն վրայ ապրելու։
Իբրեւ ուրոյն ազգ ապրելու։ Սեփական մշակոյթը կերտելու։ Սեւրը ուրիշ իմաստ չունի մեզի համար։ Այդ իրաւունքն է, որ անժամանցելի է, այնքան ատեն որ անոր տէր կանգնող կայ։

Սեւրը մեր տենչերը արտայայտող փաստաթուղթ մըն է, սակայն ո՞ր տենչերը։ Ոչ-կատարեալ փաստաթուղթ մըն է ան, մեր բոլոր տենչերը չէ՛, որ կ՚ընդգրկէ։ Ի վերջոյ եթէ աչք մը նետենք պատմութեան վրայ, եթէ նայինք, թէ հողային ի՛նչ տարածքներու վրայ կ՚ապրէր մեր ժողովուրդը Մեծ եղեռնէն առաջ՝ երկա՜ր դարեր, կ՚անդրադառնանք, թէ պատմական Հայաստանի ու հայաբնակ տարածքներու կէսէն ալ պակասն է ներառուած Սեւրի դաշնագրով ու նախագահ Ուիլսընի նախագիծով որոշուած Հայաստանի սահմաններուն մէջ, ներառեալ այդ թուականին արդէն իսկ գոյառած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն նոյնիսկ միայն մէկ մասն է ներկայ ՀՀն։

Կ՚արժէ այստեղ վկայակոչել մեծ հայորդիի մը խօսքը։ 1989-ի Օգոստոսին բախտը ունեցեր էի հանդիպելու այդ օրերուն Իթագա (Նիւ Եորք նահանգ) հրաւիրուած հայրենի անուանի աստղագէտ ու գրող Գրիգոր Գուրզադեանի հետ։ Ան նախապէս այցելած էր Լոս Անճելըս եւ ելոյթ մը ունեցած հայ համայնքին առջեւ։ Իր հետ ունեցած իմ հարցազրոյցին ընթացքին (տես «Հորիզոն»-ի Գրական յաւելուածը, 1989-11-20) ան ըսած է հետեւեալը.

– Իմ ելոյթը Լոս Անճելըսում, կարող էր դիտուել, սառը տրամաբանութեան տեսակէտից, որպէս զառանցանք եթէ չասեմ, յամենայն դէպս ոչ-բաւարար խելամիտ, բայց երբ տեսայ՝ դա ինչ արձագանգ ստեղծեց սրահում, հասարակութեան մէջ, ես մտածեցի, որ դա կարող է մեծացնել եւ ասել, որ հայ ժողովուրդի ուզածը սա՛ է. եթէ այս չափանիշով մօտենանք, որ ժողովուրդի ուզածը եւ մտածածը սա՛ է, ապա եկէք ապաւինենք [ժողովուրդի իմաստութեանը], որ ժողովուրդը աւելի ճիշտ է զգում եւ ճիշտ է հասկանում, եւ յարմարուենք ժողովուրդի զգացածին եւ ըստ այնմ փնտռենք՝ ո՛րն է աւելի ճիշտ ճանապարհը մեր նպատակին հասնելու համար։ Չգիտեմ ինչպէս, խորը համոզուած եմ, որ այս հարցը «այսինքն՝ Հայ դատը» ի վերջոյ պիտի լուծուի։

Քարտէսը «այսինքն՝ Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանի քարտէսը» ամբողջ ժամանակ ցուցադրւում էր, լուսարձակուած էր պաստառի վրայ։ Վերջին իմ խօսքերը մօտաւորապէս այսպէս էին՝ տայ Աստուած, որ մենք ապրենք այն օրը, որ քարտէսը իրա բնական չափով իջնէ հողի՛ վրայ։ Եւ եթէ, ասում եմ, այս քարտէսում կայ միայն մի տխուր բան, դա այն է, որ նրա սահմանից դուրս է ընկնում իմ տառապեալ ծնողների հայրենիքը՝ Սեբաստիան։ Բայց ես ուզում եմ ինքզինքս մխիթարել նրանով, որ այս քարտէսը դրուի հողի վրայ իր բնական չափով, ես ոտքով հասնեմ այս քարտէսի արեւմտեան սահմանին, բարձրանամ մի բարձր լեռ, այնտեղից գոնէ տեսնեմ իմ հօր եւ իմ մօր սարերը. դա պիտի լինի իմ ամենաերջանիկ պահը…»

Այո՛, ամենաերջանիկ պահը։ Այո՛, ժողովուրդին ուզածը։
Բայց Սեւրը մեզի համար միայն հողատարածք չէ, միայն քարտէս չէ՝ թէկուզ բնական չափերով։ Շատ աւելին է, պէ՛տք է ըլլայ՝ կատարեալ ըլլալու համար։

Մեր տունդարձի իրաւունքն է, հատուցում է, տնտեսական ու արհեստագիտական օժանդակութիւն է, երկիր կերտելու, վերակերտելու հնարաւորութիւն տալ է։ Եւ աւելի՛ն։

Տարածաշրջանի խաղաղութիւն է, հաշտութիւն է, դրացիներու գոյակցութիւն է, բնական համագործակցութիւն է, սահմաններու բացում է, արգելքներու վերացո՛ւմ է…

Անկատար տենչեր… այո դեռ կան շատ։
Բայց կայ նաեւ իրականութիւն մը։

Տենչերուն՝ երազին ու իրականութեան միջեւ կա՛յ նաեւ զգաստ ու արթուն մնալու պարտադրանքը, իւրաքանչիւրս՝ հայ բանակին զինուոր զգալու աներեր կամքը եւ սահմանները պաշտպանելու պարտաւորութիւնը՝ քաջ գիտակցելով, թէ «Բայց երանի՛ որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»…

Տաւո՛ւշը վկայ։

«Դրօշակ», թիվ 8 (1642), օգոստոս, 2020 թ.

1