Ուրուկուայի եւ Արժանթինի քաղաքական ղեկավարներ կը զօրակցին Հայաստանին
Գլխավոր » Լրահոս » Ուրուկուայի եւ Արժանթինի քաղաքական ղեկավարներ կը զօրակցին Հայաստանին

Ուրուկուայի եւ Արժանթինի քաղաքական ղեկավարներ կը զօրակցին Հայաստանին

Ուրուկուայի Լայն Ճակատ (Ձախ-յառաջդիմական ուժերու համախմբում, ընդդիմութիւն) կուսակցութիւնը հրապարակային հաղորդագրութեամբ դատապարտեց Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական յարձակումը և արտայայտեց իր «մերժումը թրքական կառավարութեան այն յայտարարութիւններուն որոնք Ազրպէյճանի յարձակումին կը զօրակցին»: Լայն Ճակատը, Յուլիս 17ին հրապարակած իր այս հաղորդագրութեամբ, դիրք ճշդեց ի նպաստ Հայաստանին:

Լայն Ճակատի ղեկավարներէն ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեան հարցը բարձրացուց երկրի օրէնսդիր ժողովին մէջ: «Ծերակոյտի նիստին ես խոր մտահոգութիւն արտայայտեցի Յուլիս 12էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ իրագործուոծ զինուորական գործողութիւններուն համար: Այս յարձակումները Վիէննայի և Սան Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կը բռնաբարեն և անկայունութիւն կ’առաջացնեն տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ Քէշիշեան:

Արժանթինցի ծերակուտական, նախքին Արտաքին Գործոց նախարար Խորխէ Թաիանա իր կարգին Պուէնոս Այրէսի ԱՐՄԵՆԻԱ թերթին ըսաւ. «խոր մտահոգութեամբ կը հետևինք Հայաստանի և Ազրպէյճանի սահմանագծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն, որոնք մարդկային կորուստներու պատճառ դարձած են: Արժանթին զօրավիգ է Մինսքի Խումբի միջնորդական գործընթացին հարցին խաղաղ լուծում մը տալու համար Եւրոպայի Անվտանգութեան և Համագործակցութեան Կազմակերպութեան սկզբունքներուն համաձայն: Այս գործընթացը, որուն համաձայն գտնուեցան երկու կողմերը խաթարուած է վերջին ամիսներու ազրպէյճանական յարձակողականութեան արդիւնքով:»

Ուրուկուայի մէջ Լեռնային Ղարաբաի Ֆորումը ևս հրապարակեց յայտարարութիւն մը «մերժելով և խստօրէն դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի իրականացուցած զինեալ յարձակումը, կը պահանջէ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած բռնութեան անմիջական դադրեցումը և կոչ կ’ուղղէ ամբողջական յարգանք ցուցաբերելու միջազգային իրաւունքի նկատմամբ»: «Խոր մտահոգութեամբ կը զգուշացնենք որ Հայաստանի և Արցախի Հանրապետութիւններու դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւնները կրնան մագլցում արձանագրել և վերածուիլ տարածաշրջանային պայթումի: Կասկածէ դուրս է որ ազրպէյճանական յարձակումը սպառնալիք է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան նպատակադրող միջազգային հանրութեան ջանքերուն:»

Արժանթինի, Ուրուկուայի, Չիլէի, Փարակուայի և Փերույի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Եսթեր Մկրտումեան խօսելով տագնապին մասին ուշադրութիւն հրաւիրեց Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուած զօրակցութեան և Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն: «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան փոխ նախարարը յայտարարեց թէ պիտի ռմբակոծէին հայկական աթոմակայանը, ինչ որ իր անդրադարձը կ’ունենայ ոչ միայն Հայաստանի այլ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ, քանի որ աթոմակայանը Նախիջևանի սահմանէն 70 քիլոմեթր հեռու է և մօտ նոյնինքն Թուրքիոյ»:

prensaarmenia.com

1