Ակնարկ. Յայտարարուած եւ չյայտարարուած օրակարգերը
Գլխավոր » Լրահոս » Ակնարկ. Յայտարարուած եւ չյայտարարուած օրակարգերը

Ակնարկ. Յայտարարուած եւ չյայտարարուած օրակարգերը

Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ եղած խորհրդակցական նիստի երեւոյթը բնականաբար որոշ դիտարկումներ կը հրաւիրէ իր վրայ:

Նախ անշուշտ հրապարակումը: Նման խորհրդակցութիւն հրապարակայնացնելու որոշումը նախագահի մակարդակով կ՛ըլլայ միայն: Փաստօրէն յատուկ յայտարարութիւն կատարած է այս մասին նախագահական աշխատակազմի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավարը: Հրապարակայնացնելով իրադարձութիւնը, Անգարան քանի մը ուղղութեամբ ուզած է ուղերձ յղել:

Նախ ներքին` այն առումով, որ կառավարութիւնը կը նախապատրաստուի դէմ դնելու Ցեղասպանութեան ճանաչման հետագայ արշաւին: Անշուշտ հայկական կողմին, յատկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին լծուած Հայ դատի յանձնախումբերուն, գրասենեակներուն եւ լոպիիստական խմբաւորումներուն: Բայց նաեւ միջազգային ընտանիքին զգուշացման կարգով տարբեր պետութիւններուն` չճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, պարզ դարձնելով, որ անիկա կարմիր գիծ է Թուրքիոյ պետութեան համար: Այս առումով հաւանաբար յատուկ թիրախ է նաեւ Ուաշինկթընը, որուն թէ՛ Ներկայացուցիչներու տան եւ թէ՛ Ծերակոյտին որոշումները ճանաչման գործընթացին մէջ կարելի է նկատել շրջադարձ. այս առումով նաեւ աւելի առջեւ չերթալու եւ վարչակարգին կողմէ նման յայտարարութիւն չկատարելու:

Խորհրդակցութեան մասնակիցները նախկին պաշտօնեաներ են, որոնք փորձառութիւն ունին ժխտողական քաղաքականութեան կիրարկման: Հրաւիրուած են ըստ երեւոյթին իրենց փորձառութիւնը կիսելու հայկական կողմի տարած աշխատանքները չէզոքացնելու ուղղութեամբ:

Այսքանը տեսանելի բաժինն է: Երբ մտածենք սակայն Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ Անգարայի այս օրերուն ցուցաբերած ռազմական աշխուժութեան մասին, խնդրոյ առարկայ կը դառնայ խորհրդակցութեան յայտարարուած օրակարգին իրողութիւնը:

Օրակարգը յայտնաբար ունի չյայտարարուած բաժին: Հայկական խմբաւորումներ են պաշտօնական թիրախները, սակայն Անգարան կը գիտակցի, որ իր յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը բազմակողմանիօրէն նոր հակառակորդներ յառաջացուցած է, որոնք պատեհ առիթին կ՛օգտագործեն Թուրքիան հարուածող խաղաթուղթերը: Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ նոյնիսկ Սէուտական Արաբիա Ցեղասպանութեան ճանաչումով կը հարուածեն Թուրքիան:

Ճանաչումն ու դատապարտումը սակայն հայկական գործօնին հետ առնչուած վերջին զէնքերը չեն: Կայ աւելին. Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող իրաւական փաստաթուղթերու այժմէականացման մօտեցումը: Թուրքիոյ համար բնութագրուած` «Սեւրի սինտրոմը»:

Այս մասին չի բարձրաձայնուիր սակայն, մանաւանդ չի հրապարակայնացուիր: Հայկական լոպիի մարտավարութեան հետ գործ ունեցած նախկին պաշտօնատարներ հրաւիրուած են նախագահին կողմէ խորհրդակցելու նաեւ այս չյայտարարուած բաժինը կանխարգիլելու համար:

Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ կնքուած պատմական դաշնագիրի 100-ամեակին, պաշտօնական Փարիզը իբրեւ հիւրընկալ պետութիւն կրնայ միջազգայնացնել եւ արժանի հնչեղութիւն տալ Սեւրի պայմանագիրի 100-ամեակի նշումներուն իր երկրին մէջ: Որքան խորհրդանշական, նոյնքան իրաւաքաղաքական իմաստ կ՛ունենայ նման մօտեցում մը: Իսկ քաղաքական տրամաբանութիւնը լուսարձակները կը հրաւիրէ լիպիական տարածքներ, ուր տրամագծօրէն հակոտնեայ խրամատներու մէջ կը գտնուին Փարիզն ու Անգարան:

Իրենց նախկին նախագահին կատարած իրաւարարութիւնը կրնան յիշել նաեւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական շրջանակները, մանաւանդ եթէ Անգարան եւ Թեհրանը Իրաքի մէջ շարունակեն համաձայնաբար հարուածել իրաքեան զինեալ խմբաւորումները, որոնք կը ստանան ամերիկեան օժանդակութիւն:

Թուրքիոյ նախագահին գլխաւորութեամբ 5 ժամ տեւած խորհրդակցութիւնը հրապարակուած օրակարգով ծխածածկոյթի տակ պահած է բուն օրակարգը: Առայժմ` վարկածային հանգամանքով:

«Ա.»

aztagdaily.com

1