Վտանգուած անկախութիւնը
Մայիս 28-ի անկախութեան առիթով պէտք է կրկին մտաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի մարգարէացումը, երբ Հայաստանը տակաւին կը մնար գերեվարուած բանտարկեալը պոլշեւիկեան բռնատիրութեան. «Անկախութեան գաղափարը հայ իտէալն է, երազը, անոր ձգտումը, եւ հայ ազգն է, որ իր ճիգերով եւ մեծ տառապանքներով ստեղծեց ազատ Հայաստանը, եւ դարձեալ ա՛ն է, որ պիտի ստեղծէ ու իրագործէ ազատ հայրենիքը»: («Յուսաբեր», 2 եւ 4 Յունիս, 1925)
Պոլշեւիզմը տապալեցաւ։ Հայ ազգը վերստին ստեղծեց եւ իրագործեց իր անկախութիւնը։ Բայց անկախութիւնը վտանգուած է այսօր։ Վտանգին արմատները ճիւղաւորում ստացան անկախութեան զարգացման ու պահպանման եւ պետութեան կերտման ու ձեւաւորման այն տեսական ճանապարհներէն, որոնք գիտական ընտրանքներն էին վերանկախացած Հայաստանի ղեկին տիրացած իշխանաւորներուն։ Ճանապարհային այս տեսական ընտրանքներուն հետեւեցան ու կը շարունակեն հետեւիլ հայրենիքը ղեկավարող յաջորդական իշխող դասակարգերը։ Իրենց այդ գործընթացով անոնք աւելի ու աւելի կը վտանգեն անկախութիւնը։
Վերանկախացած հայրենիքն ունէր տեսական երեք ճանապարհային ընտրութիւններ։
Առաջինը Մայիս 28ի ճանապարհն էր, որ արդէն դարձած էր ժողովուրդին հարազատ ընտրութիւնը այն օրէն, երբ ան դիմեց Արցախի ազատագրութեան պայքարին։ Դժուարին էր այս ճանապարհը։ Դիւր պիտի չգար տարածաշրջանով շահագրգռուած ուժերուն։ Բայց ան հայութեան պատմական առաքելութեան ուղին էր։ Հայրենիքի անկախութիւնը պահպանող եւ ընդարձակող կողմնացոյցն էր։ Ժողովուրդը հզօրացնող եւ պետութիւնը ամրակայող մայրուղին էր։
Երկրորդը արեւմտեան ազատականութեան ճանապարհն էր, որ լոկ ձեւականութիւն կը բերէր հայրենիքի անկախութեան` առանց զայն լիցքաւորելու ազգային առաջնահերթութիւններով ու արժէքներով։ Դիւրին էր այս ճանապարհը այն ղեկավարութեան համար, որ արդէն շատոնց խորթացած էր Մայիս 28ի տեսական ճանապարհէն։
Երրորդը պոլշեւիկեան տիպի լուսաւորեալ մենատիրութեան ճանապարհն էր։ Այս ճանապարհը եւս դիւրին էր, որովհետեւ անոր բրտացած ձեւը արդէն իսկ եօթանասուն տարի կը կիրարկուէր Հայաստանի տարածքին։
Մաքրագործելէ ետք «Ղարաբաղ» կոմիտէի` Մայիս 28ի ճանապարհին կառչած ղեկավարները` պոլշեւիզմով մկրտուած ու ձեւաւորուած անհատներ տիրացան վերանկախացման շարժումի առաջնորդութեան։ Անոնք ճշդեցին եւ ընտրեցին տեսական ճանապարհը հայրենիքի անկախութեան ուղղութեան եւ անկախացած պետութեան կառուցման։
Հայրենիքի այս նոր ղեկավարներ ընտրեցին Խորհրդային Միութեան փլուզումով մոդա դարձած արեւմտեան ազատականութեան տեսական ճանապարհը։ Անոնք գիտէին այս ճանապարհով տրամադրուող անհատական հակակշիռի պարտադրութեան, նիւթական յղփացման եւ դրամական ու ազգային հարստութեանց թալանի դիւրութիւններն ու առաւելութիւնները։ Գիտէին, որովհետեւ կեղեքման ու հակակշիռի նոյն տեսութեան արդէն անոնք վարժ էին խորհրդային օրերէն։ Փակագիծ բանալով` հոս պէտք է նշել, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումին հիմնական պատճառներէն մէկը ոչ թէ մարքսեան գաղափարախօսութեան սնանկութիւնն էր, այլ համայնավար փոքր թէ մեծ իշխանաւորներու գաղափարական խորթացումը՝ ի շահ իրենց սեփական հարստացման ու հանգստաւէտութեան։
Այս խորթացումը համատարած էր ամբողջ Միութեան տարածքին։ Հայաստան անմասն չէր այս կացութենէն։
Հետեւաբար Հայաստանի նոր իշխանաւորներուն համար այդ կացութիւնը շարունակելու յարմարագոյն միջոցը նկատուեցաւ ազատականութեան տեսութիւնը։ Իշխանութեան ընձեռած առաւելութիւնները շահագործող մարդը մարքսիզմի գաղափարախօսութեան անհաւատարիմ ըլլալու հարց չունէր։ Նոյն մարդը վերանկախացած Հայաստանի մէջ պիտի շարունակէր իր շահագործումը` առանց դոյզն իսկ խայթ զգալու ազատականութեան գաղափարախօսութեան հանդէպ իր անհաւատարմութեան համար։
Այսպիսի նպատակադրութեամբ բնական էր, որ ազատականութեան ճանապարհը ընտրած նոր իշխանաւորները հեշտութեամբ անոր միախառնեցին երրորդ ուղին՝ պոլշեւիկեան տիպի լուսաւորեալ մենատիրութեան ճանապարհը։
Այս զուգորդումը բնական անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ ազատականութեան դրութեան մէջ շահագործումի աշխատանքը կարիքը ունի նոյնքան մենատիրութեան, որքան որ անոր կարիքը կար համայնավարական դրութեան տակ։
Իսկ ժողովո՜ւրդը։ Ժողովրդավարութեան հիմնական յատկութիւնը այն է, որ ժողովուրդը կը փոխէ իր ղեկավարութիւնը` ըստ իր կամքին ու հայեցողութեան։ Մենատիրական ղեկավարման հիմնական յատկութիւնը այն է, որ մենատէր իշխանաւորը ինք կը փոխէ ժողովուրդն իսկ՝ ըստ իր կամքին ու քմահաճոյքին։
Մեր ժողովուրդը բառին ամբողջական իմաստով ժողովո՛ւրդ էր։ Մեր մտաւորականութիւնը ստեղծագործ էր։ Մեր գիտնականները գիւտարարներ էին։ Ասիկա այն ժողովուրդն էր, որ տասնամեակներ շարունակ դիմադրեց պոլշեւիկեան ապազգայնացման ջանքերուն։ Ասիկա այն ժողովուրդն էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակին փողոց իջաւ Միացեալ Հայաստանի անունով՝ պահանջելով «մեր հողերը, մեր հողերը»։ Ասիկա այն ժողովուրդն էր, որ մեր հանրապետութեան յիսնամեակին պարտադրեց յիշել մեր անկախ պետութեան ստեղծումը՝ կառուցելով Սարդարապատի ճակատամարտի յաղթանակը յաւերժացնող յուշահամալիրը։ Ասիկա այն ժողովուրդն էր, որ ապաւէնը հանդիսացաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին։ Վերջապէս, ասիկա այն ժողովուրդն էր, որ մեր հայրենիքի վերանկախացումն ու պետութեան վերակերտումը կը լուսագծէր Մայիս 28ի ճանապարհով։
Մենատէր իշխանաւորներուն կիզակէտին էր այս ժողովուրդին գաղափարական ու ազգային հաւատամքներուն քանդումը։ Անոնք` իշխանաւորները, գործընկեր դարձան անցեալէն եկող մենաշնորհային նոր իշխաններուն։
Գործընկերէն անդին` նոր իշխաններ դարձան իշխանաւոր եւ իշխանաւորներ՝ նոր մենաշնորհեալներ։ Միասնաբար անոնք բթացուցին ժողովուրդը։ Վհատեցուցին ժողովուրդը իր ապագային հանդէպ։ Տարածեցին թալանի եւ կաշառքի մշակոյթը։ Ժողովուրդէն շատեր սկսան ե՛ւ մտածել, ե՛ւ գործել այն տրամադրութեամբ, որ «եթէ իշխանաւորը կ’ընէ, ես ինչո՞ւ պիտի չընեմ»:
Այսօր այս անկախութիւնը վերածուած է ձեւականութեան, որովհետեւ իրենց ընտրած տեսական ճանապարհով մեր անկախութեան գաղափարականացումը չկայացաւ ու պիտի չկայանայ։
Բռնատիրութենէն կամ գաղութատիրութենէն ազատագրուած ու անկախութիւն նուաճած ժողովուրդին առաջին եւ առաջնահերթ պարտականութիւնն է ազգային զարգացումը բոլոր մակարդակներու վրայ։ Այս անկախութիւնը ազգային ու հաւաքական ազատութեան մասին է։ Մեր ժողովուրդի` իբրեւ ազգութիւն ինքնահաստատման ազատութեան մասին է՝ որոշելու իր սեփական ուղղութիւնը ազգային զարգացումի համար։
Իշխանաւորներու ընտրած ճանապարհով այսպիսի անկախութեան որակաւորում տեղի չունեցաւ։ Ընդհակառակը, պատահեցաւ անկախութեան ֆեթիշացումը՝ հարուածելով մեր պետական համակարգը, ազգային արժէքներն ու հաստատութիւնները, տնտեսութիւնը, ընկերային կեանքը, մշակութային, կրթական եւ գիտական բնագաւառները…
Աւելին` գիտակցաբար ու ծրագրեալ կերպով իշխանաւորները փորձեցին ջլատել մեր հայրենիքի գոյատեւելիութեան հիմնական կռուանները՝ ազատագրուած եւ ազատագրելի հայրենի հողատարածքները։ Մեր ներկայ հայրենիքը փշրանքն է իրաւազրկումի եւ անարդարութեան։ Մեր անկախութեան կենսատուութեան աղբիւրն է վերացումը այս իրաւազրկումին ու անարդարութեան, որպէսզի փշրանքը վերածուի ամբողջական հայրենիքի, եւ անկախութիւնը կանգուն մնայ տոկուն հիմերու վրայ։
Մայիս 28ի անկախութեան գաղափարական ճանապարհը մերժեցին այս իշխանաւորները։ Անոր դէմ պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ ոգի ի բռին։ Անոնք կը շարունակեն մերժել ու պիտի մերժեն Մայիս 28ի ճանապարհով իրագործելի մեր ազգային զարգացումն ու հաւաքական իրաւազրկումի անէացումը։
Այս անկախութիւնը վտանգուած է։ Անոնք է, որ կը վտանգեն։ Այնքան ատեն, որ այս իշխանաւորներու տեսակը կը յամենայ հայրենի ղեկին վրայ, վտանգուած պիտի մնայ մեր անկախութիւնը։
Ժողովուրդին պարտականութիւնն է մեր անկախութեան պահպանումը ապահովելու համար երկիրը վերադարձնել իր հարազատ հունին՝ Մայիս 28ի գծած ուղիին։ Այլապէս այս անկախութիւնը վտանգուած է` իր հետ վտանգելով հայրենիքն ու ժողովուրդը։
Սեդօ Պոյաճեան
«Դրօշակ», թիվ 5 (1639), մայիս, 2020 թ.