Կանտին, Ցեղասպանութեան անտեսումը եւ Սեւրի Դաշնագրի դրժումը
Գլխավոր » Լրահոս » Կանտին, Ցեղասպանութեան անտեսումը եւ Սեւրի Դաշնագրի դրժումը

Կանտին, Ցեղասպանութեան անտեսումը եւ Սեւրի Դաշնագրի դրժումը

(Երեւանի Քաղաքապետութեան Սխալ Որոշումը)

Մահաթմա (Մոհանտաս Քարամչանտ) Կանտի համամարդկային արժէքներու, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու մեծագոյն դաստիարակներէն է։ Ան պայքարեցաւ Բրիտանական հզօր կայսրութեան դէմ իր հայրենիքի՝ Հնդկաստանի ազատագրութեան համար։ Իր պայքարը եղաւ առանց զէնքի։ Ան քարոզեց ու ապաւինեցաւ քաղաքացիական անհնազանդութեան (սաթիեագրահա) ռազմավարութեան։ Ան յաղթեց բրիտանական գաղութատիրութեան դէմ եւ ապահովեց իր հայրենիքին անկախութիւնը։

Այսօր, Մահաթմա Կանտի բոլոր իրաւազրկուածներուն համար խաղաղ անհնազանդութեան ուսուցիչն է։

Երեւանի քաղաքապետութիւնը որոշած է Մահաթմա Կանտիի արձանը կանգնեցնել մեր քաղաքամայրին մէջ։ Սակայն հակառակ Մահաթմա Կանտիի ներկայացուցած համամարդկային արժէքին, մեր հայրենիքին ու համայն հայութեան համար այս որոշումը սխալ է։ Սխալ է ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան։ Սխալ է բառին բովանդակ առումներով։ Քիչ մըն ալ աւելին՝ քաղաքականօրէն վիրաւորական է մեր ազգային պատմութեան եւ վնասաբեր մեր պահանջատիրական դատին։

Անգլիոյ դէմ իր պայքարին մէջ, մեկնելով իր երկրի ներքին քաղաքական հաշիւներէն, Կանտի նիւթապէս ու բարոյապէս զօրաւիգ կանգնեցաւ Թուրքիոյ Խալիֆայական շարժումին, որ կը միտէր իսլամ խալիֆայական կրօնապետութեան հաստատումը Օսմանեան Թուրքիոյ ճամբով։ Ուստի, ան գոցեց իր աչքերը Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութեան դիմաց։ Խաղաղ ու ոչ-բռնի քաղաքական գործին մեծ դաստիարակը գիտակցաբար անտեսեց Օսմանեան Թուրքիոյ ցեղասպանական արարքը։ Մարդկային իրաւունքներու այս մեծ պաշտպանը շարունակեց զօրակցիլ՝ ամրապնդելու համար պետութիւն մը, որ քսաներորդ դարու մարդկային պատմութեան համամարդկային առաջին ցեղասպանական ոճիրը գործադրած էր իր սեփական մարդկային իրաւունքները փնտռող հալածուած ժողովուրդի մը դէմ։

Խալիֆայական շարժումին զուգահեռ, Կանտի իր նեցուկն ու գործակցութիւնը երկարեց Քեմալ Աթաթիւրքին ու անոր Թուրքիոյ անկախութեան պատերազմի ջանքերուն։ Ընդիմանալով Բրիտանական գաղութատիրութեան, ան նաեւ թիրախ դարձուց Սեւրի Դաշնագիրը։

Կանտիականութեան մասնագէտ, Կանտիի Միջազգային Գիտութեան եւ Հետազօտութեան Հիմնարկի փրոֆեսոր Եոկենտրա Եատաւ դիպուկ կերպով կ՚արձանագրէ, թէ «Սեւրի Դաշնագրի հրապարակումը ցնցում մըն էր Կանտիին համար։» Եատաւի համաձայն, Բրիտանական իշխանութեան դէմ Կանտիի անհնազանդութեան արշաւը ուղղակի կապ ունէր 1920-ի Սեւրի Դաշնագրին, որ կը նպատակադրէր անդամահատել Թուրքիոյ հողատարածքը։ Իր երկրի իսլամ հնդիկները սիրաշահելու համար, Կանտի կարեւոր կը նկատէր Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը։

Յստակ է, որ Կանտին դիտաւորեալ անտեսումի ենթարկեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի սատարէ Թուրքիոյ մէջ խալիֆայական կրօնապետութեան հաստատման։ Ապա, Աթաթիւրքի անկախութեան պատերազմին, Կանտի ծրագրաբար դրժեց Սեւրի Դաշնագիրը՝ ի խնդիր ամբողջական Թուրքիոյ մը առաջացման։

Կանտին մեծութիւն է, անտարակոյս։ Կանտին քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքներու պայքարի մեծ ուսուցիչ է, վստահաբար։ Սակայն Կանտիին մեծութիւնը համամարդկային ըլլալով հանդերձ, այդ մեծութիւնը կը պարունակէ նաեւ բիծեր, ահաւոր բիծեր, որոնք ուղղակի կը հակադրուին մեր նահատակներու կտակին։

Հայրենի պետութիւնը չի կրնար արտօնել բիծերու, որոնք մեր պատմութեան ու ազգային շահերուն հակոտնեայ ընթացած են։ Երեւանի քաղաքապետութիւնը իրաւունքը չունի մեր մայրաքաղաքին մէջ բարձրացնելու արձանը անոր, որ անտարբեր մնացած է Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ եւ, աւելին, սատարած է այդ ոճրային արարքը գործադրող պետութեան գոյատեւման։ Իսկ մենք բոլորս, Սփիւռքով ու հայրենիքով, չենք կրնար լուռ մնալ ի տես Երեւանի մէջ կանգնող արձանի մը, որուն տէրը մաս կազմած է Միացեալ Հայաստանի իրականացումը խափանող ուժերուն։

Հայաստանի արտգործ նախարարութիւնը կը բացատրէ, թէ Կանտիի արձանին կանգնումը կը սատարէ Հայաստան-Հնդկաստան բարեկամութեան։ Երկիրները արձաններով բարեկամութիւն չեն ամրապնդեր։ Հայաստան եւ Հնդկաստան պատմութենէն եկող կապեր ունին, մշակութային թելեր գոյութիւն ունին, որոնք պիտի ամրապնդեն երկու երկիրներու բարեկամութիւնը տնտեսական, մշակութային ու քաղաքական մակարդակներու վրայ։

Երեւանի քաղաքապետութիւնը կը բացատրէ, թէ Կանտիի արձանի կանգնման ծախսերը Հնդկաստանի կառավարութիւնը պիտի հոգայ։ Այսպիսի մանկական բացատրութիւններ վայել չեն քաղաքամայրի քաղաքապետութեան։ Մեր հայրենիքին մէջ մենք արձանները կը կանգնենք մեր արժէքներու համաձայն եւ մեր դրամներով։ Եթէ հետեւինք քաղաքապետութեան տրամաբանութեան, ցանկացած այլ երկիր, թերեւս նոյնիսկ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, իրենց սիրելի ղեկավարներուն արձանները պիտի կարենան կանգնել Երեւանի մէջ, պայմանով որ ծախսերը իրենք հոգան։

Արձանները եւ յուշակոթողները սրբավայրեր են, ուր մեր ժողովուրդը կու գայ հաղորդուելու մեր ազգային արժէքներու, պատմութեան եւ մշակոյթին հետ։ Մենք պէտքը ունինք այս սրբավայրերուն, որպէսզի հայ նորահաս սերունդները դաստիարակուին այդ սրբավայրերու խորհուրդով ու պատգամով։

Այսօր մենք պէտք ունին Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին կեդրոնը։ Մենք պէտք ունինք ոչ թէ Կանտիի արձանին, այլ Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին։ Ա՛յն Արամին, որ Երեւանը չդատարկեց եւ կռուեցաւ մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը, մինչեւ վերջին գնդակը, որպէսզի Երեւանը ապրի իբրեւ Երեւան եւ Հայաստանը վերածուի անկախ պետութեան։

Այսօր մենք պէտք ունինք Սեւրի Դաշնագիրը յաւերժացնող յուշակոթողի՝ դարձեալ Երեւանի Ազատութեան հրապարակի վրայ։ Այս տարի հարիւրամեակն է Սեւրի Դաշնագրին, նաեւ հարիւրամեակն է այդ դաշնագրին տրամադրութիւններու իրաւական ուժ տուող Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռին։ Մենք պէտք ունինք ոչ թէ Կանտիի արձանին, այլ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի յուշակոթողին, որ պիտի աւետէ մեր հայրենիքի գոյատեւելիութիւնը երաշխաւորող Միացեալ Հայաստանի գալուստը։

Սեդօ Պոյաճեան

1