Ձերբակալության սպառնալիք Էլենի Թեոխարուսի նկատմամբ

(Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի յայտարարութիւն —
Նիկոսիա 23 Յունուար 2020)
Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը, հաւատարիմ մնալով իր բիրտ ու դաժան գործելաոճին՝ քաղաքական գործիչ, Կիպրոսի ‘ Ալիլլենկիի’ կուսակցութեան նախագահ եւ Հայ Դատի բարեկամ, Տոկտ․ Էլէնի Թէոխարուսին ձեռբակալելու եւ արտայանձնելու դիմում ներկայացուցած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն։
2015-ին, նոյն անհիմն սադրանքով, Պաքուն դիմած էր Interpol-ին, ձեռբակալելու եւ Պաքու արտայանձնելու Տոքտ․ Էլէնի Թէոխարուսը, այն ամբաստանութեամբ, որ ան, հակաօրինական միջոցներով այցելած է Արցախ։ Այսօր, նոյն մեղադրանքը, նորոգուած ամբաստանագիրի մը միջոցաւ, յանձնուած է Կիպրոսի ոստիկանութեան։
Կիպրսի Հայ Դատի Յանձնախումբը, կը դատապարտէ Պաքուի սպառնալիքները, իր զօրակցութիւնը յայտնելով Տոկտ․ Էլէնի Թէոխարուսին, որու անխոնջ աշխատանքը, մեծապէս նպաստած է Հայ ժողովուրդի դատին։ Տոքտ․ Էլէնի Թէոխարուս, բազմաթիւ անգամներ այցելած է Արցախ ու իր արտակարգ ու անգնահատելի օժանդակութիւնը բերած Արցախի դատին։ Տոքտ․ Թէոխարուս, Ստեփանակերտի պատւոյ քաղաքացի է։ Ան, կը վայելէ համայն հայութեան հիացումն ու յարգանքը։