Բագրատունի. «Կառավարութեան Հրաժարականէն Առաջ Պէտք Է Երկխօսութեան Սկսիլ»
Գլխավոր » Լրահոս » Բագրատունի. «Կառավարութեան Հրաժարականէն Առաջ Պէտք Է Երկխօսութեան Սկսիլ»

Բագրատունի. «Կառավարութեան Հրաժարականէն Առաջ Պէտք Է Երկխօսութեան Սկսիլ»

«Այն ինչ որ Լիբանանի մէջ կը կատարուի ներկայիս համաժողովրդային արդարացի ցասում է, որովհետեւ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին երկրին մէջ փտածութեան, պետական պիւտճէի մսխումին եւ իւրացումին կարելի չեղաւ վերջ տալ, եւ ժողովուրդը պոռթկաց», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` «Արմենիա Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին` աւելցնելով, որ դանակը այլեւս հասաւ ոսկորին:

Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ թերեւս առաջին անգամն է, որ այսքան հսկայաթիւ եւ թիրախաւորուած, միացեալ նպատակներով ցոյցեր տեղի կ՛ունենան` դիտել տալով միաժամանակ, որ «մեր երիտասարդները, ուսանողները եւ զաւակները բոլորն ալ, իւրաքանչիւրը անպայմանօրէն կը մասնակցի այս ցոյցերուն»:

Ցուցարարներուն գլխաւոր պահանջը վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականն է, բայց մտավախութիւն կայ, որ երկրի մը մէջ, որ խորհրդարանն ու կառավարութիւնը կը կազմուին լարուածութեան մթնոլորտի մէջ, կառավարութեան հրաժարականը կրնայ քաղաքական նոր քաոս յառաջացնել, որովհետեւ կը ձգձգուի նոր կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս որ նախապէս կատարուած է: «Ճիշդ այս մտավախութեամբ մենք սկիզբը անհրաժեշտ նկատեցինք, որ վարչապետը իր հրաժարականը չներկայացնէ: Պէտք է աշխատիլ այնպէս, եւ այսօր այդ ճիգին մէջ ենք, որ նախքան կառավարութեան հրաժարականը սկսի երկխօսութիւն մը, որ առաջնորդէ համաձայնութեան մը, թէ ինչպիսի՛ կառավարութիւն պիտի կազմուի, եւ երբ կառավարութիւնը հրաժարի, անմիջապէս այդ նոր կառավարութիւնը կարենայ հանդէս գալ եւ երկրի բարեկարգումներու ծրագիրը իրականացնել», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

aztagdaily.com

1