Հայաստան տէ՞րն է սփիւռքահայու իրաւունքին
Գլխավոր » Լրահոս » Հայաստան տէ՞րն է սփիւռքահայու իրաւունքին

Հայաստան տէ՞րն է սփիւռքահայու իրաւունքին

Հայրենիքի գոյութեան եւ գոյատեւման պաշտպանը իր ժողովուրդն է։ Ժողովուրդին բարօրութեան եւ ապահովութեան պաշտպանը հայրենիքն է։ Այս հիմնական ու փոխադարձ սկզբունքէն շեղող հայրենիքն ու իր ժողովուրդը դատապարտուած են պարտութեան, մինչեւ իսկ անէացման։

Հայաստանի ժողովուրդը հայութիւնն է։ Հայութեան հայրենիքը Հայաստանն է։ Անոնք՝ իբրեւ հայրենիք եւ ժողովուրդ, փոխադարձաբար պաշտպաններ են մէկը միւսին։ Անոնք փոխադարձաբար երաշխաւորներն ու գրաւականներն են իրենց սեփական գոյութեան եւ գոյատեւելիութեան։

Հայութիւնը, սակայն, ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ պարփակուող ժողովուրդը չէ միայն։ Հայութեան, իբրեւ ժողովուրդ, անբաժանելի մասն են բոլոր հայերը որոնք պարտադրաբար թէ ճակատագրի բերումով ներկայի հայրենի սահմաններէն դուրս կը բնակին։ Անոնք բոլորն ալ կը սատարեն ու կը ծառայեն Հայաստան հայրենիքի գոյութեան, նոյնիսկ ի գին իրենց սեփական հանգստութեան։

Ի մասնաւորի, հոս հարցը կը վերաբերի Սփիւռքի հայութեան։ Այս հայութիւնը հաւասարապէս անբաժան մասն է Հայաստանի ժողովուրդին։ Սփիւռքի մինչեւ ամենէն հեռաւոր գաղթօճախներու հայերը իրենց միջոցներով եւ կազմակերպութիւններով հայրենիքի կողքին են, հայրենական հողերու պաշտպան են, հայրենի պետութեան նեցուկ են, հայրենիքի վերելքին եւ հզօրացման զինուորագրեալներն են։

Փոխադարձօրէն, ո՞վ է Սփիւռքահայութեան ապահովութեան պաշտպանը վտանգի պահուն։ Ո՞վ է Սփիւռքահայ մարդուն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը սպառնալիքներու ժամանակ։ Պատասխանը, պարզ եւ մեկին, յստակ է կամ պէ՛տք է ըլլայ։ Հայաստա՛նն է՝ իր ժողովուրդով եւ պետութեամբ։

Ո՞ւր է Հայաստանը, սակայն, երբ այսօր վտանգուած է Սուրիոյ հայութիւնը։

Երբ թրքական զէնքերն ու հրասայլերը, թնդանօթներն ու օդանաւերը կը սպառնան Սուրիահայութեան զաւակներու գոյութեան, Հայաստանի իշխանամէտ լրատուամիջոցները կը զբաղին Քիմ Քարտաշեանի եւ հպարտ քաղաքացիներու խաղերով։ Հայրենի իշխանութիւնը թրքական սպառնալիքի եւ Սուրիահայութեան վտանգին դիմաց կը մնայ լուռ՝ լռութիւնը որակելով պետական խոհեմութիւն։

Եւ կայ տակաւին աւելի ցաւալին։ «Առաջին Լրատվական»ի նման յանձնարարուած լրատուամիջոցներ արշաւ կը բանան ընդդէմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ վահանը եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ Սուրիոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Փոխանակ մտահոգուելու եւ հայրենի կառավարութիւնն ու ժողովուրդը մղելու Սուրիահայութեան օգնութեան, իրենց ստաբանութիւններով եւ յերիւրածին յօդուածներով անոնք կը կատարեն անհիմն վերագրումներ Դաշնակցութեան եւ անոր առաջնորդներուն հասցէին։ Անշուշտ անոնց յանկերգը նոյնքան հնամաշ է որքան իրենց պոլշեւիկ նախահայրերուն հակադաշնակցական երգերը։ Կարեւորագոյնը, անոնք կը մոռնան վտանգուած այն ժողովուրդը, որ անբաժան մասն է հայութեան։

Սահմռկեցուցիչ է հայրենի իշխանութեան լռութիւնը՝ ի տես այս սպառնացող վտանգին։ Ակնկալուածը, Թուրքիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութիւն չէ, դիւանագիտական տագնապ առաջացնել չէ։

Հայրենի իշխանութենէն ակնկալուածը պարզապէս Սուրիոյ հայութեան մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան պաշտօնական կոչն է։ Ո՞վ տէր պիտի կանգնի այդ ժողովուրդի իրաւունքներուն, եթէ ոչ Հայաստանը։ Ուստի, ակնկալուածը այն տարրական պարտաւորութիւնն է, որ որեւէ հայրենիք կը պարտի իր ժողովուրդին։

Անցնող աւելի քան մէկուկէս տարիներու ընթացքին, այլատեսակ ու զարմանազան իրաւունքներու պահանջներ բարձրացան Հայաստանի մէջ։ Իշխանութիւնը սատարեց այդ արշաւին։ Այդ իրաւունքներէն ոմանք յարգելի ըլլալով հանդերձ առաջնահերթութիւններ չէին մեր հայրենիքն ու ժողովուրդին համար, որոնք կը դիմակալէին ու կը շարունակեն դիմակալել պաշտպանական եւ տնտեսական շատ աւելի մեծ ու առաջնային մարտահրաւէրներ։

Դիւրին է փոքր ու տկար երկրի մը մէջ զարմանազան իրաւունքներու դրօշը բարձրացնել առանց սակայն զանոնք իրագործելու, այլ՝ պարզապէս քաղաքական ու ընկերային ջուրերը ալեկոծելու։

Այսօր, Հալէպի,Գամիշլիի եւ Քեսապի հայութիւնը իր սեփական մարդկային իրաւունքը պաշտպանելու ճգնաժամի մէջ է։ Այդ իրաւունքի պայքարի գլխաւորագոյն պաշտպանը պէտք է Հայաստանը ըլլայ։ Եթէ Թուրքիա ինքն իրեն իրաւունք կու տայ պաշտպան հանդիսանալու հզօր Չինաստանի մէջ բնակող իր Ույղուր արենակիցներու իրաւունքին, ի՞նչն է որ կը վախցնէ Հայաստանին։

Վախէն աւելի, սակայն, մտահոգեցնողը Հայաստանի մէջ պետական, լրատուական, մտաւորական եւ ժողովրդային մակարդակներու վրայ ցուցաբերուող անտարբերութիւնն է՝ ի տես Սուրիահայութեան ճգնաժամին։

Գամիշլիի, Հալէպի եւ Քեսապի մեր ժողովուրդը մէկ ժողովուրդի գաւակներն են՝ հայութեան զաւակներն են։

Հարցը կը մնայ։ Հայաստանի պետութիւնը ամենայն հայոց պետութի՞ւն է…։ Անոր կառավարութիւնը ամենայն հայոց կառավարութի՞ւն է… ։ Անոնք տէ՞ր են Սփիւռքահայու իրաւունքին։

Լոս Անճելըս
Սեդօ Պոյաճեան

arfd.am

1