Իմ ամենաուրախ օրը Շուշիի ազատագրման օրն էր
Գլխավոր » Լրահոս » Իմ ամենաուրախ օրը Շուշիի ազատագրման օրն էր

Իմ ամենաուրախ օրը Շուշիի ազատագրման օրն էր

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապետյանի հետ «Ապառաժ»-ը բազում հարցազրույցներ է ունեցել, զրուցել քաղաքական տարբեր թեմաների շուրջ: Այս հոդվածով կարճ պատասխաններ ենթադրող կարճ հարցերի միջոցով ցանկանում էի ներկայացնել Հայ Դատի ոլորտում տարիների փորձառություն ունեցող Գասպար Կարապետյան անհատին, հասկանալ նրա անձնական հետաքրքրությունները:

Բայց հենց առաջին հարցի պատասխանից հասկացա, որ իմ մտածած ձևաչափը չի աշխատելու, որովհետև այդպիսի մտահորիզոն ու գիտելիքներ ունեցող անհատականությունը չի կարող սովորական հարցերին սովորական պատասխաններ տալ: Ի սկզբանե նախատեսած հարցերից միայն մի քանիսը հասցրի ուղղել, որովհետև ավելին մեր ձևաչափի սահմաններում հնարավոր չէ:

Նաև որոշեցի պահել արևմտահայերենի ուղղագրությունը, որպեսզի հնարավորինս փոխանցեմ այն, ինչ ես եմ լսել:

Ի՞նչ էիք ցանկանում դառնալ փոքր ժամանակ:

-Փոքր ժամանակ միշտ ուզած էի քաղաքականութեամբ զբաղիլ, որովհետեւ հայրս քաղաքականացած անձ էր: Հայրս կեդրոն ձախ ուղղուածութիւն ունէր, աւելի ընկերվարական էր, չնայած այդ տարիներուն Յունաստան դժուար էր ոչ աջակողմեան ըլլալը: Ինքը ամէն օր լրագիր կը բերէր, կը կարդար, ես ալ կը կարդայի, կը տեսնէի, միշտ ունեցած էի այդ միտքը, որ օրին մեկը հաւանաբար ես ալ զբաղիմ քաղաքականութեամբ:

Շատ փոքր տարիքէս ՀՅԴ պատանեկան միութեան մէջ մտայ, վերջը Ճեմարան գացի, որ Դաշնակցութեան կեդրոնն էր: Որովհետեւ հոն ունէի ուսուցիչներ Վրացեանը, Կարօ Սասունին, Մուշեղ Իշխանը եւ այլն. անոնք ինծի այդ համոզումը տուած էին, որ ես պիտի զբաղիմ քաղաքականութեամբ:

Փոքր եղած ատենս դեռ չէի գիտեր ի՛նչ է Հայ Դատը, որովհետեւ Հայ Դատի գաղափարը զարգանալ սկսած է 1965-էն, բայց ուզած էի հայկական հարցերու համար աշխատիլ:

Երբ որ Ճեմարանը վերջացուցի, ես կ‏’‏‏ուզէի դառնալ քիմիագէտ, ոչ թէ դեղ հնարող քիմիագէտ, այլ ճարտարագիտութեան քիմիագէտ: Սակայն կարելի չեղաւ ստանալ այդ ուսումը, որովհետեւ քննութիւն տալու համար պէտք էր լաւ տիրապետած ըլլայի հին յունարէնին, նոր յունարէնին, յունական պատմութեան, յունարէն գրական լեզուի օրէնքներուն։ Բաներ, որոնք ես չէի գիտեր, որովհետեւ յունական դպրոց չէի յաճախած։ Այս պատճառով ալ, համալսարան չգացի:

Յոյները կ’ըսեն ամէն արգելք բարիք մը կը բերէ: Չեմ գիտեր, թէ ինչ կ’ըլլար, եթէ քիմիագէտ եղած ըլլայի, ասպարէզս տարբեր եղած ըլլար: Ատկէ յետոյ պետական հաշուապահական վկայական ստացայ, բայց այդ ալ երբեք չգործածեցի, որովհետեւ բան մըն էր, որ չեմ սիրեր: Փակ նստիլ ժամերով տեղ մը եւ այլն նկարագիրիս յարիր չէ, ես պէտք է բան մը, կենդանի բան մը ընեմ: Աւելի ուշ զինուորական ծառայութիւն կատարեցի, զինուորական ծառայեութենէ ետք այլեւս շատ աւելի ժամեր տրամադրելով եւ աւելի աշխուժ ըլլալով մասնակցեցայ երիտասարդական կեանքին:

Ո՞րն է Ձեր ընթերցած ամենատպավորիչ գիրքը:

-Այն գիրքերը, որոնք իմ վրաս շատ մեծ տպաւորութիւն գործած են, առաջին հերթին Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն»-ն է եւ ընդհանրապէս Վրացեանի գործերն են: Վրացեանը Ճեմարանի մէջ իմ տնօրէնս եղաւ եւ շատ մօտ էր ինծի, շատ կը սիրէր ինծի: Իր բնակարանը ճիշդ Ճեմարանի կողքին էր, շաբաթ-կիրակի օրերը, որ դպրոց չէինք ունենար, ինքը կուգար Ճեմարանի պարտէզը, մեր մէջ կը նստէր, կը խօսէր: Ինքը իր վերջին երկու հատորները «Կեանքի ուղիներով»-ը Յունաստան գրեց:

Ինքը ուղղակի չէր կրնար գրել, որովհետեւ տեսողութիւնը շատ տկար էր, Վրացեանը կը պատմէր և մեր դպրոցի տնօրէն, դաշնակցական յայտնի գործիչներէն Օննիկ Զաքարեանը գրի կ’առնէր:

Այնպէս որ ամառներն ալ Վրացեանի մօտ կ’ըլլայի և անշուշտ իր գործը ամէնէն հետաքրքրողը և տպաւորողն էր: Վրացեանի գիրքերը կարդալով սկսայ շատ հետաքրքրուիլ առաջին հանրապետութեան մասին եւ անկէ յետոյ ուրիշ բաւական գիրքեր կարդացի, ուսումնասիրութիւններ ըրի: Ուսումնասիրութիւններուս մէկ մասը նաեւ տպագրուած են հայկական եւ յունական թերթերուն մէջ:

Զիս տպաւորած գիրքերէն է նաեւ Մալխասի «Զարթօնք»-ը, որ կարդացի, երբ որ Ճեմարան էի: Այդքան հետաքրքրական էր ինծի համար, երբ որ դասերս կը վերջացնէի, անմիջապէս կը նստէի «Զարթօնք»-ը կարդալու: Ու քանի մը ամիս նամակ չէի գրած տունը, ընտանիքիս, և մտահոգուած էին: Սկսան Ճեմարանի տնօրէնութեան գանգատիլ, ո՞ւր է, ի՞նչ եղաւ ըսելով:

Ձեր ընթերցած վերջին գիրքը:

-Վերջին գիրքը չեմ յիշեր, որովհետեւ երկար ժամանակ է, որ ժամ չունիմ՝ նստիլ գիրք կարդալու: Սկսայ կարդալ Վահան Յովհաննիսեանի գիրքը, բայց ազատ ժամ չկայ։ Չեմ կրնար ըսել, որ սկսած եմ լուրջ կարդալ գիրքը:

Ո՞րն է Ձեր կյանքի նշանաբանը:

-Պէտք չէ ուրիշներուն ընես այն, ինչ որ չես ուզեր ուրիշը քեզի ընէ, այսինքն՝ վերաբերմունքդ ուրիշներու հանդէպ պէտք է ըլլայ այն ձեւով, որ դուն պիտի ուզէիր, որ ուրիշները նոյն ձեւով քեզի հետ վարուէին: Փորձած եմ պահել այդ մէկը, չեմ գիտէր, եթէ միշտ յաջողած եմ, որովհետեւ կրնան ըլլալ պարագաներ, որոնց ընթացքին մարդոց վատ վերաբերուած եմ, բայց ընդհանրապէս իբրև կեանքիս նշանաբան ունիմ այդ մէկը:

Ի՞նչ ֆիլմ պետք է դիտի յուրաքանչյուր հայ:

-Ես կը կարծեմ, որ պէտք է նախ տեսնել Առաջին Աշխարհամարտի տարիները, որպէսզի հասկանալի ըլլայ այդ ենթահողը, որուն մէջ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այդ համաձայնութիւնները, որոնք եղան թէ՛ սեղանի վրայ, թէ՛ սեղանի տակ:

Երկրորդ կարեւորը կարծեմ Եալթայի շուրջ ֆիլմն է, ուր երեք հոգի՝ Չիրչիլը, Ռուզվելտը եւ Ստալինը իրար միջեւ գիծեր քաշեցին եւ աշխարհը բաժնեցին իրարու միջեւ: Այդ մէկը շատ կարեւոր է, մանաւանդ երիտասարդութեան համար: Ինծի համար հետաքրքրական են պատմական բնոյթ ունեցող ֆիլմերը, որոնք հիմնուած են իսկական պատմութեան վրայ: Միշտ որոշ չափազանցութիւններ կան, երբ որ ֆիլմ է, հասկնալի է, որ չոր պատմութիւնը պիտի չտաս, որովհետեւ հետաքրքրական չ’ըլլար: Ընդհանրապէս կը կարծեմ, որ լաւ է միշտ գիտնալ, թէ ինչ եղած է, ճիշդ հասկնալ՝ տեսնելու համար ապագան: Եթէ չես տեսած ի՛նչ եղած է, ո՛ւր հասած ես, աւելի դժուար կ’որոշես քայլերդ:

Ի՞նչն եք համարում Ձեր ամենամեծ հաջողությունը:

-Ես ամենամեծ յաջողութիւնս պիտի նկատեմ գրասենեակիս գործակցութեամբ, «Վահան Յովհաննիսեան» երիտասարդական ծրագիրը, մանաւանդ Արցախի երիտասարդներու մասնակցութիւնը: Օրին մէկը, եթէ ինծի հարցնեն, թէ արդեօք վերջացա՞ծ է ասպարէզս, եւ թէ այսքան տարուն գործունէութենէս ի՞նչ կը նկատեմ, որ ձգած եմ, իմ համոզումս է հետեւեալը.

«Ամէնէն կարեւոր իրագործումս կրնայ եղած ըլլալ այս երիտասարդները պատրաստելու ծրագիրը, որովհետեւ անոնք պիտի դառնան ապագայ ղեկավարները»: Դաշնակցական կառույցները ճամբայ պիտի բանան երիտասարդներու համար, որոնք մեր քովը կու գան և բավական բան կը սորվին թէ Եւրոպայի եւ թէ քաղաքականութեան մասին:

Ի՞նչն եք համարում Ձեր ամենամեծ ձախողումը:

-(Հոգոց է հանում): Ամենամեծ ձախողութիւնը միայն անձնական իմ ձախողութիւնս չէ, բայց նկատի ունենալով, որ ես ալ տարիներով պատասխանատուներէն մէկը եղած եմ, այդ մէկը նաեւ կը նկատեմ իմ ձախողութիւնս: Անիկա Արցախի հարցի մեր մօտեցումները եւ կատարած աշխատանքն էր պատերազմէն ետք։ Այդ ձախողութիւնը արձանագրուեցաւ, երբ որ մենք կարծեցինք, թէ շահեցանք պատերազմը եւ հարցը վերջացաւ: Մինչդեռ այդպէս չէր եւ բոլորս ալ պէտք եղած ձեւով չվերլուծեցինք կացութիւնը, որ ինչ ձեւով պէտք է աշխատինք, ինչ ձեւով պէտք է դիմագրաւենք Ազրպէյճանը: Չնախատեսեցինք անոր ունենալիք նիւթական, տնտեսական հսկայական կարողականութիւնը եւ մենք չկրցնաք ատոր համար ճիշդ պատրաստուիլ և երկար տարիներ Ազրպէյճանի ետեւէն վազեցինք, որպէսզի անոր բոլոր քայլերուն հակազդենք:

Կը կարծեմ, որ ես ալ պատասխանատուութեան բաժին ունիմ անոր մէջ, որովհետեւ ես ալ այդ գործիչներէն մէկն էի, որ զբաղեցայ Հայ Դատով: Անշուշտ այն ատեն Յունաստան էի ես, այսօրուան պաշտօնս չունէի, բայց յամենայն դէպս նորէն Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու էի: Հարցը թեեւ աւելի ընդհանրական է, բայց նաեւ իմ ալ անձնական ձախողութիւնն է, որ այդ մէկը ես ալ չկրցայ նախատեսել եւ պէտք եղածը առաջարկել, որպէսզի կատարենք:

Անձնական կեանքիս մէջ ունեցած եմ շատ ձախողութիւններ, բայց անիկա կապ չունի ազգային կեանքին հետ: Ազգային կեանքին մէջ ես ընդհանրապէս բախտաւոր եղած եմ, որովհետեւ երիտասարդ տարիքէս ներկայ կամ մասնակից եղած եմ բոլոր իրադարձութիւններուն, որ արձանագրուած են թէ՛ կուսակցական, թէ՛ ընդհանրապէս մեր ազգային հարցերուն շուրջ:

Ձեր ամենախենթ, ամենաանտրամաբանական արարքը, որ կատարել եք:

-Երբ երիտասարդ ես կամ պատանի, երբեմն կ’ընես բաներ, որ վերջը կը զղջաս: Անգամ մը Ճեմարան էինք, մէկ խումբ մը գիշերօթիկի սաներով առանց հիմնական պատճառի կռուի բռնուեցանք մեզմէ աւելի փոքր մահմետականներու հետ, որոնք Ճեմարանի մօտ կը գտնուէին, եւ զանոնք ծեծեցինք: Անտրամաբանական էր մեր ըրածը: Մենք 15-16 տարեկան էինք, անոնք մեզմէ 2 տարի փոքր էին: Բան մըն էր, որուն համար անմիջապէս զղջացինք։ Կրնայինք անոնց հետ լեզու գտած ըլլալ, բայց մենք անմիջապէս բուռն կերպով պատասխանեցինք:

Ինչ կը վերաբերի գործունէութեանս, ընդհանրապէս կը փորձեմ նախեւառաջ տրամաբանել, փորձել հասկնալ հարցը եւ ապա գործի անցնիլ, այսինքն՝ նախընտրած եմ միշտ քայլ առ քայլ երթալ, արագօրէն եւ յանկարծ բան մը ընելու փոխարէն: Անշուշտ կան պարագաներ, երբ անմիջապէս պիտի հակազդես կամ անմիջապէս որոշում պիտի տաս, որպէսզի գործադրես: Բայց ընդհանրապէս իմ սկզբունքս եղած է քայլ առ քայլ երթալ, տրամաբանել կացութիւնը եւ անկէ ետք որոշել: Հիմա հոս ալ գրասենեակը այդպէս է, գործակիցներուս հետ այդ ձևով կաշխատինք` վերլուծելով, տրամաբանելով հարցը, որպէսզի յանկարծ որոշում չկայացնենք թէժ վիճակի մէջ:

Ձեր ամենասիրելի ուտելիքը, որ սիրում եք պատրաստել:

-Նախասիրած ուտելիքս յունական բաղադրատոմսով ձուկ պատրաստելն է, որուն մէջ անշուշտ իմ մտահղացումներս ալ իրենց դերակատարութիւնը ունին: Ըստ իմ պատրաստածներս համտեսողներուն, այդքան համեղ ձուկ իրենց կեանքին մէջ պէտք չէ կերած ըլլան: Ատոր համար կը նկատեմ, որ այդ ձուկի պատրաստութեան մէջ հաւանաբար անգերազանցելի եմ (կատակում է):

Ձեր ամենաուրախ օրը:

-Ամենաուրախ օրը Շուշիի ազատագրումն էր: Մենք այդ օրը Յունաստան ՀՅԴ Շրջանային ժողովը ունէինք եւ ծանր ժողով էր, բաւական հարցեր ունէինք, որոնք խնդրայարոյց էին եւ կ’երեւակայէինք, որ դժուար օրեր կ’ըլլան մեզի համար: Յանկարծ լուր ստացանք, որ Շուշին ազատագրուած է: Եւ անիկա իմ ամենաուրախ օրս էր, որովհետեւ այդ պահուն հասկցանք, որ Արցախի պատկերը կը փոխուի եւ Արցախը աւելի փայլուն ապագայ պիտի ունենայ: Անձնական առումով՝ քրոջս աղջկան համալսարանէն վկայուելու օրն էր ամենաուրախ օրս:

Ի՞նչ եք անում ազատ ժամանակ, եթե, իհարկե, ունենում եք:

-Պիտի ուզէի ունենալ բավական ազատ ժամանակ, որպէսզի գիրք մը կարդամ կամ լուրջ ֆիլմ մը դիտեմ: Բայց, դժբախտաբար, այդքան ծանրաբեռնուած եմ եւ ուղեղս այնքան կը յոգնի ամբողջ օրը, որ ծանր գիրք կարդալու կամ ծանր ֆիլմ դիտելու կարելիութիւնը չունիմ: Հիմա եթէ ազատ ժամ ունենամ, երբեմն շարժապատկեր մը կ’երթամ կամ ընկերներուս հետ տեղ մը կը նստինք, բայց այդ ալ շատ յազուագիւտ է: Հոս գրասենեակը հեռատեսիլ ունիմ, սակայն զայն գնելէս ի վեր անգամուան մը համար չեմ դիտած: Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար ժամերս շատ լեցուն են: Ատիկա անպայամանօրէն վատ չէ, որովհետեւ եթէ կատարածդ քեզի հոգեկան գոհացում կու տայ, կամ կը զգաս, որ ուրիշներուն քու տուածդ օգտակար է, կամ ընդհանրական շահին օգտակար բան մը կ’ընես, ֆիզիքական յոգնութիւնը երկրորդական է:

Շաբաթավերջին եւս ազատ ժամանակ չունիմ: Ճամբորդութիւները, որ ունիմ պաշտօնիս բերումով, կը պարտադրեն, որ ամսուան կէս օրերը օդակայաններու եւ օդանաւերու մէջ ըլլամ: Բայց ես կեանքէս գոհ եմ, որովհետեւ կը կարծեմ որ գրասենեակը, գործակիցներս ու ես կը փորձենք կարելիութեան սահմանին մէջ մեր արդար ներդրումը ունենալ մեր ժողովուրդի ապագային համար: Հիմա անոնք մեծ են կամ փոքր են, յաջող կամ անյաջող են, պատմութիւնը պիտի ըսէ:

Ո՞վ է ամենամեծ հայը:

-Ամենամեծ հայը անձի անունով պիտի չտամ: Ամենամեծ հայը պիտի նկատեմ ան, որ ունի իր կեանքը ապրելու, լաւ ապրելու կարելիութիւնը, բայց իր ունեցածէն շատ բան կը զոհէ եւ շատ բան կը թողէ՝ հայ հասարակութեան եւ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար: Չեմ ուզեր անուն տալ, որովհետեւ տասնեակներով կամ հարիւրաւոր մարդիկ ու գործիչներ են, որոնք այդ ուղղութեամբ գործած են, թողած են ամէն ինչ՝ 1890-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը: Լիզպոնի տղաքը գիտակցական մահու գացին, բոլորն ալ իրենց կեանքը ունէին, ստիպուած չէին այդ մէկը ընելու, սակայն իրենց կեանքը զոհաբերեցին գաղափարի մը համար: Այն անձերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, ըստ իր կարելիութեան, մէկը՝ աւելի բան զոհած է, միւսը աւելի նուազ, կարեւորը սակայն իր կեանքը եւ ժամանակը տրամադրած է հայ ժողովուրդի ապագային համար՝ զայն կը նկատեմ ամենամեծ հայը:

Հարցազրույցը վարեց Տաթևիկ Աղաջանյանը

Արևմտահայերենը վերանայեց  Արշո Պալյանը

1