Կարօ Փայլան եւ Էպրիւ Կիւնէյ տեսնուեցան ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարութեան հետ
Գլխավոր » Լրահոս » Կարօ Փայլան եւ Էպրիւ Կիւնէյ տեսնուեցան ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարութեան հետ

Կարօ Փայլան եւ Էպրիւ Կիւնէյ տեսնուեցան ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի ղեկավարութեան հետ

(Agencia Prensa Armenia).- Ուրբաթ 16 Օգոստոսին, երեկոյեան, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի մէջ Ժողովրդային Տեմոքրաթ Կուսակցութեան պատգամաւորներ Կարօ Փայլան և Էպրիւ Կիւնէյ, որոնք շրջապտոյտի ելած են Հարաւային Ամերիկա, այցելեցին Պուէնոս Այրէսի մէջ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կեդրոնատեղի:

Նրանց ընդունեցին ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, գաղափարակից կազմակերպութիւններու՝ ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, Համազգային, շրջանային թէ տեղական ղեկավարներ, երիտասարդական կազմակերպութեան և սկաուտներու ներրկայացուցիչներ:

Հանդիպման իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:

Հիւրերուն բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ Ջանիկ Քէչեան, որ կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցի և գաղափարակից կազմակերպութիւններու անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց իրենց առաքելութեան:

Ելոյթ ունեցան Կիւնայ և Փայլան, որոնք հակիրճ ձևով ներկայացուցին Թուրքիոյ մէջ այսօր տիրող շատ մտահոգիչ իրավիճակը, իրենց պայքարն ու, մասնաւորաբար, կնոջ դերակատարութիւնը:

Նրանք անդրադարձան նաև տարածաշրջան իրենց այցելութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր, գոհունակութիւն յայտնելով իրենց ունեցած քաղաքական հանդիպումներուն ինչպէս նաև մամլոյ անդրադարձին մասին: Մեր նպատակը, ըսաւ մասնաւորաբար Փայլան, Հարաւային Ամերիկայի հանրային կարծիքին ներկայացնելն է Էրտողանի հալածական քաղաքականութեան սպառնալիքը որ կրնայ նոր ցեղասպանութեան յանգիլ: Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար մեր պայքարը ձեր ալ պայքարն է, ըսաւ ան դիմելով ներկաներուն, որոնց կոչ ուղղեց նոր սերունդին սորվեցնել որ Արևմտեան Հայաստանը նոյնքան իրենց հայրենիքն է որքան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, և համոզում յայտնեց որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացմամբ և ազգայնականութեան վերացումով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում պիտի ըլլայ:

Տեղի ունեցաւ հարցուպատասխան, որու ընթացքին ներկաները հետաքրքրուեցան Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքի իրավիճակով, ինչպէս նաև՝ Հարաւային Ամերիկայի իրենց այս շրջապտոյտէն իրենց ունեցած սպասումներուն մասին:

Հանդիպման վերջաւորութեան ՀՄԸՄի Արարատ սկաուտական խումբի ղեկավարները Կիւնայի և Փայլանի նուիրեցին փողկապներ, որով և, ինչպէս ԿԿի անդամներէն մէկը փակման խօսքին մէջ ըսաւ, կը վերանորոգուի միասնական պայքարի ուխտը:

arfd.am

1