ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Նախագահ Աունի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հարցը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող խորհրդակցութիւնները:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն զօրակցութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան նպատակով նախագահ Աունի նախաձեռնած խորհրդակցութիւններուն` մաղթելով, որ անոնք յաջողութեամբ պսակուին:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն վերահաստատեց իր կեցուածքը` կառավարութեան կազմին մէջ հայութեան արդար ներկայացուցչութեան իմաստով:

aztagdaily.com

1