Հաւաքական Յիշողութեան Եւ Պահանջատիրութեան Երթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս
Գլխավոր » Լրահոս » Հաւաքական Յիշողութեան Եւ Պահանջատիրութեան Երթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս

Հաւաքական Յիշողութեան Եւ Պահանջատիրութեան Երթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս

23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, Պուրճ Համուտէն ընթացք առաւ հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթը` դէպի Անթիլիասի մայրավանք` ի յարգանս 103 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն եւ ի վերանորոգութիւն անոնց կտակին` մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման համար:

Խորհրդաւոր ջահերթը ժամը շուրջ 8:30-ին հասաւ մայրավանք, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի շրջափակին մէջ հսկում-ոգեկոչումով մեծաթիւ լիբանանահայեր եկան հաստատելու, որ 103 տարուան աւանդը կը մնայ կենդանի եւ վառ, որովհետեւ անոր ետին կայ պահանջատէր ժողովուրդ մը, որ հաշիւ կը պահանջէ ոճրագործ թուրքէն, նաեւ` իր իրաւունքներու վերադարձը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հրակ Տէտէեան: Ան ըսաւ, թէ մենք` 4-րդ սերունդը պահանջատէր հայ ժողովուրդին, կու գանք վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը արդարութեան եւ մեր իրաւունքներու վերատիրացման համար: Հայ ժողովուրդը արար աշխարհին դիմաց կը կանգնի ըսելու, որ հայը մեռած չէ, հայը պահանջատէր է եւ այսօր իրաւական իր պահանջներով ու միջոցներով նոր փուլի մը դիմաց կը դնէ իր պահանջատիրութիւնը:

00 տարի առաջ ճգնաժամային այդ օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը կ՛ենթարկուէր Ցեղասպանութեան, նոյն այդ ժողովուրդին մնացորդացը Արեւելեան Հայաստանի մէջ հերոսաբար դիմադրեց թշնամիին եւ ձախողութեան մատնեց համաթուրանական անոր երազները: Հայ ժողովուրդը կերտեց իր անկախութիւնն ու պետականութեան հիմերը դրաւ եւ վերականգնումի իր կամքը արտայայտեց, հայ ժողովուրդը 600 տարուան ստրկութենէն ետք ունեցաւ ազատ եւ անկախ Հայաստան:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ մենք անգամ մը եւս մեր յարգանքի խոր տուրքը պիտի մատուցենք հայոց Մեծ եղեռնի նահատակներուն անմոռաց յիշատակին, սակայն մէկ դարէն աւելի տեւած եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի մատուցումը որեւէ կերպ չէ նուազած մեր յիշողութեան մէջ, եւ ամէնէն կարեւորը` տարուէ-տարի այդ յիշողութիւնը աւելի կ՛ամրապնդուի. կ՛ամրապնդուի նաեւ մեր հաւատքը եւ համոզմունքը, որ հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած այդ եղեռնագործութեան արժանի հատուցումը պիտի գայ անխուսափելիօրէն: Մեր այդ համոզումը հիմնուած է նախ եւ առաջ արդարութեան սկզբունքին վրայ, որովհետեւ այդ յանցագործութիւնը, որ կատարուած է մեր ժողովուրդին նկատմամբ, մեր հաւաքական ինքնագիտակցութեան նկատմամբ մեր ինքնութեան նկատմամբ, անանցանելի յանցագործութիւն է, ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի հատուցուի, եւ իրականութիւն պիտի դառնան մեր պահանջատիրութիւնը, հայ ժողովուրդի հաւաքական պահանջատիրութիւնը եւ մեր ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգնումն ու փոխհատուցումը: Ան ըսաւ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ վերջին շրջանին յանձնառու է Հայ դատին եւ իր արտաքին քաղաքականութեան շրջանակներուն մէջ մշտապէս կը հետապնդէ ու պիտի հետապնդէ Հայ դատի արդարացի լուծումը եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը:

Դեսպան Մկրտչեան նշեց, որ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը եւ անոր հետեւանքներուն վերացումը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներու շրջանակին մէջ են, այլ նաեւ ունին համամարդկային նշանակութիւն, որովհետեւ ինչպէս մենք միշտ նշած ենք եւ պիտի շարունակենք նշել, եթէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ժամանակին դատապարտուէր եւ անոր կազմակերպիչներն ու իրականացնողները կանգնէին արդարութեան առջեւ, ապա վստահաբար տեղի չէին ունենար միւս ժողովուրդներուն նկատմամբ իրականացուած նոյն ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները:

Իր խօսքի աւարտին դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, որ այս տարի եւս նշելով Ցեղա

սպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով անոնց անմար յիշողութեան, մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը` հասնելու ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման եւ արդարութեան հատուցման:

Այնուհետեւ Գարմէն Պալեան երգեց «Նրանք ինկան» երգը, իսկ Ալիս Իբրաճեան` «Տուն իմ հայրենի» երգը:

Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Նազօ Ճերեճեան: Ան ըսաւ, թէ 103 տարիներ անցած են արհաւիրքի օրերէն, 103 տարիներէ ի վեր մենք պանդուխտ ենք հայրենի հողին կարօտը մեր սրտին: 103 տարիներէ ի վեր տարբեր միջոցներով կը փորձեն արմատախիլ ընել հայ ազգը, սակայն կը շարունակենք ծիլ տալ ամէնուրեք, ծաղկիլ եւ օրին մէկը մեր պապենական տունը վերադառնալու յոյսով ապրիլ:

Ան նշեց, թէ անտեղի չէ ենթադրել, որ մեր ժողովուրդի թշնամիները ամէնօրեայ դաւեր կը հիւսեն հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի դէմ: Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ աւելի կը ճանչնայ ուժը. ուստի մեր ուժը պիտի պահպանէ մեր իրաւունքը, մեր զինուորը պիտի տայ վերջնական վճիռը եւ պարտադրէ խաղաղութիւնը: Յարգանք հայ զինուորին, որ կը պահպանէ մեր հայրենի հողն ու ջուրը, մեր ազգին պատմական հայրենիքը:

Ն.

1