Մեր ճշմարիտ յաղթանակը

Չմոռնանք, որ Դաշնակցութիւնը մուտք գործեց կառավարական դաշինքէն (կոալիցիա) ներս ԻՐ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՊԼԱՏՖՈՐՄՈՎ, որ կը ցոլացնէր ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր Ժողովի և ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովներու որոշումները։ Դժբախտաբար այս շատ կարևոր հանգամանքը ցարդ լիարժէք և տեսանելի կիրառում չէ ստացած իրական կեանքի մէջ։ Պատճառը մասամբ այն է, որ կառավարական դաշինքը գործի երկար փորձ չէ ունեցած տակաւին և շատ բան կը մնայ քննարկելի։ Այնուամենայնիւ պէտք է ընդունիլ, որ կարելի չէ ասով միայն բացատրել դաշինքի գործունէութեան մէջ գոյութիւն ունեցող այս շատ կարևոր բացը։ Իրականութիւնը այն է, որ մեծամասնական կողմը Նախ. Սերժ Սարգսեանի և Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ էապէս անտեսած է մեր պլատֆորմը և սահմանադրական ներկայ գործընթացին մէջ բացէ ի բաց խուսափած՝ համակարգային արմատական փոփոխութիւններու ձեռնարկելէ։ Իմ կարծիքով, մեծամասնական կողմի այս խոցելի վերաբերմունքը էական պատճառն իսկ է, որ այսօր կը գտնուինք ներկայ քաղաքական տագնապի ճիրաններուն մէջ։
Այս առումով, նորընտիր Վարչապետը բանակցելու խնդիր ունի նախ և առաջ Դաշնակցութեա՛ն հետ։ Այն ինչ, որ այսօր ըմբոստները կը դնեն որպէս համակարգային փոփոխութեան պահանջ, Դաշնակցութիւնը արդէն վաղուց դրած է իր պլատֆորմին մէջ։ Հետևաբար վերադարձ նախկինին, այսինքն՝ վերադարձ status quo-ի, բացարձակապէս անընդունելի է, առաջին հերթին, Դաշնակցութեան համար։ Եթէ միայն նախկինը վերըստեղծելու տեսլականով կը շարժի գործադիր իշխանութեան պետը, ան կը սխալի չարաչար։ Այս ազգը իրաւունք չունի այդ «յաղթանակ»ը Պր. Վարչապետին և Հանրապետական Կուսակցութեան «պարգևելու»։ Երկիրը կը գտնուի անդունդի եզրին և վաղուց խոստացուած և տևաբար չիրագործուած համակարգային յեղաշրջումը կարելի չէ այլևս նոր ու անբովանդակ խոստումներով ձգձգել։ Այսօր մեծ պարտուող մը կայ յանձին հայ ազգին և այդ պարտուողն է, որ պիտի ըլլայ սևեռակէտը մեր քննարկման։ Մեր պարտաւորութիւնն է ընել այնպէս, որ ան յետ այսու փայլի իր աննախընթաց յաղթանակներով։
Հետևաբար Մեծարգոյ Վարչապետն ու իր կառավարութիւնը վաղն իսկ պէտք է իջնեն հրապարակ հանրութեան հաղորդելու տնտեսական և ընկերային (սոցիալական) համակարգային փոփոխութիւններու իրենց նոր հայեցակարգն ու միջոցառումներու փաթեթը յստակ ժամկէտներով։ Մենաշնորհային համակարգը պէտք է բերուի մրցակցային դաշտ և վերաներդրումային գործընթացը գործօն խրախուսանքի արժանանայ պետութեան կողմէ որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծման պահանջկոտ չափանիշներով։ Աղքատութեան ծաւալներու նուազեցման խնդիրը պէտք է ըլլայ ազգային առաջնահերթութիւն իր ինքնուրոյն հայեցակարգով և կիրարկման ծրագիրներով և արտագաղթի թափը զգալիօրէն հակակշռող նախաձեռնութիւններով։ Եւ անշուշտ ազգային եկամուտի վերաբաշխման ընթացքը քաջալերող ազդու քաղաքականութեա՛մբ։
Եւ սակայն այս բոլորին որպէս նախապայման՝ Պր. Վարչապետը պէտք է ձեռնարկէ մեր ժողովուրդին հետ անկեղծ, համբերատար և ծաւալուն խօսակցութեան մը փոխանակ ապաւինելու ոստիկանական հետապնդումներու։ Քաղաքացիական կարգապահութիւնն ու օրէնքի տիրապետութիւնը վիճելի չեն, բայց նաև բաւարար չեն երկիրը հանդարտեցնելու համար։ Այսօր և արդէն երկար ժամանակէ ի վեր, երկիրը կը տառապի անիրաւուած ըլլալու սուր զգացողութենէն։ Ամբողջ սերունդ մը իջած է փողոց իր տեղը պահանջելով հասարակութեան կեանքին մէջ։ Այն պարզ իրողութիւնը, որ բուռ մը շահատէրեր օլիգարխիայի մեղաւոր դիրքերէն ամբողջ քառորդ դար և աւելի առևանգած են երկրին արտադրական կարողականութիւնները և նստած են աներևակայելի հարստութեան մը վրայ երկիրը մատնելով անծայր աղքատութեան, պէտք է բաւարար պատճառ հանդիսանայ, որ դուք, պարոնա՛յք, գետին նայիք, երբ կը խօսիք այս ժողովուրդին հետ…Ոչ միայն արդարութիւնը, այլև զգաստութիւնը պէտք է թելադրէ, որ մեծ նախաձեռնութիւններու պահն է ասիկա։ Մեծ որոշումներ պէտք է առնուին ձեր կողմէ և վաղն իսկ։ Մեծ զիջումներ ունիք ընելիք։ Ոչ թէ երկրին, այլ, առաջին հերթին, ձե՛ր կեանքն է, որ պէտք է փոխուի, որպէսզի մնացեալը ճամբայ ելլէ։
Եւ անշուշտ այս բոլորին եզրայանգման բանալին մեր ազգային միասնականութեան խնդիրն է։ Ցարդ գործող քաղաքականութեամբ, ցարդ գործող յարացոյցով (paradigm, պարատիգմա) մեր ազգային միասնականութեան եզրերը ողբալիօրէն փուլ եկած են։ Այս մէկը պիտի ընդունինք իրատեսութեամբ։ Պիտի ընդունի մասնաւորապէս իշխանութիւնը։ Մեր ազգային ճգնաժամը նախ և առաջ հոսկէ է, որ կը խթանուի։ Այսօր իսկ պէտք է առնուի վճռական քայլը այս ծուռ դարձած անիւը ետ շրջելու և մեր ազգային միասնականութիւնը սկսիլ վերականգնելու և մեր պետութիւնն ու ազգը ընկերային նոր և յառաջադէմ պայմանագրի մը մէջ համաձուլելու։ ՀՀ Ազգային Ժողովը պէտք է ընդփոյթ նախաձեռնէ հասարակական (և համազգային) զգաստ մէկ գործընթացի Ազգային Ուխտագրի մը (national pact) ձևաւորման ի խնդիր և Հայաստանի Հանրապետութեան այս հարիւրամեակի տարին պէտք է նշանաւորուի ազգակերտման այդ մեծ հանգրուանը իրագործելու հրամայականով։
Երիտասարդութիւնը, որ իջած է փողոց, տուն պիտի չերթայ ոստիկանական բռնամիջոցներով։ Աւելի՛ն։ Եթէ բռնամիջոցներով տուն քշուի ան, երկրի հասարակական բողոքը պիտի միայն աճի և արմատանայ և դառնայ լայնօրէն անհակակշռելի կամ վերածուի արտագաղթի նորանոր ալիքներու, որ կրկնակի պարտութիւն մըն է մեր երկրին համար։ Այս երիտասարդութիւնը մեր ազգային միակ վստահելի հարստութիւնն է։ Ան գուրգուրանքով պէտք է ընդգրկուի մեր պետականութեան աւազանին մէջ։ Ան իր ամբողջ ներուժը պէտք է բերէ հայրենիքի կառուցման գործին և հիմը հանդիսանայ վաղուան մեր մեծ վերելքին։ Քանի որ անով միայն կրնայ կերտուիլ մեր ճշմարիտ յաղթանակը և անով միայն կրնայ ապահովուիլ յաւերժութիւնը մեր երկրին։
Կարօ Արմենեան
Ապրիլ 22, 2018
Ուաշինկթըն