19 Մարտին – Զօրակցինք Արցախին

Հովանաւորութեամբ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւններու, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան եւ Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան, Երկուշաբթի 19 Մարտ 2018-ին տեղի պիտի ունենայ «Զօրակցինք Արցախին» խորագրով թելեթոն մը:
Թելեթոնը, որ պիտի սփռուի Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան դիմատէտրի էջի եւ Արմենիա ռատիօժամի միջոցաւ, պիտի սկսի Երկուշաբթի 19 Մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին եւ աւարտի ժամը 10:30-ին:
Այս տարուայ տեղի ունենալիք թելեթոնին, որուն հասոյթի պիտի յատկացուի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտ-ին, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար (նախկին վարչապետ) Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանը:
«Թշնամին մինչեւ օրս կը շարունակէ իր մերժողական քաղաքականութիւնը թէ’ դիւանագիտական դաշտին մէջ եւ թէ’ պատերազմի դաշտին մէջ: Բանակցութիւններու եւ խաղաղ լուծումներ գտնելու կոչերու կողքին հրացանաձգումները չեն դադրած եւ մեր սահմանապահ զինուորները թիրախ կը դառնան թշնամիի ահեղ գնդակներուն» յայտարարեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Գէորգ Վարդանեանը: «Այս քաղաքականութիւնը մեծ մարտահրաւէրի դիմաց կը դնէ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ամբողջ Հայ ժողովուրդը: Առ այդ, մեր հայրենիքի սահմանները ապահովելը այս ժամանակաշրջանի հրամայականն է որուն համար է որ մենք կը կազմակերպենք նման նախաձեռնութիւններ» աւելցուց Վարդանեան:
Յիշենք որ «Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ֆոնտ»-ին հիմը դրուեցաւ 2016-ին Մայիսին Արցախի մէջ տեղի ունեցած Հայ Դատի յանձնախումբերուն խորհրդաժողովէն ետք: Թելեթոնին կապակցութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւնները շուտով պիտի փոխանցուի Արմենիա Մետիայի կայքէջի միջոցաւ:
armenia.com.au