ՀՅԴ Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՅԴ Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին

ՀՅԴ Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութեան Խորհուրդի Ժողովին

Եւրոպական Ընկերվարվարական Կուսակցութեան (Party of European Socialists, PES) Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ 1-2 Դեկտեմբեր 2017-ին, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, հիւրնկալութեամբ Սպանիոյ Ընկերվար կուսակցութեան։ Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 500 մասնակիցներ՝ պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ եւ ակտիւիստներ։ ՀՅԴ-ի կողմէ Խորհուրդի ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեանը։

Ժողովի բնաբանն էր «Յառաջդիմական Եւրոպա՝ վերանորոգում»։ Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի ապագայի, պոպուլիզմի դէմ պայքարի եւ 2019-ին, եւրոպական ընտրութիւններուն համար միասնական թեկնածու ընտրելու միջոցով՝ եւրոպական ժողովրդավարութիւնը զօրացնելու վերաբերեալ հարցեր, առաւ որոշումներ։

Ժողովը նաեւ հաստատեց PES-ի բանաձեւը Թուրքիոյ մասին, ուր կոչ կը կատարուի իշխանութիւններուն ազատ արձակել PES-ի անդամ երկու կուսակցութիւններու (CHP եւ HDP) խորհրդարանի ձերբակալուած պատգամաւորները։

Փակման ելոյթները ունեցան PES-ի նախագահ Սերգէյ Ստանիշեւ (Պուլկարիա, եւրոերեսփոխան) եւ Փորթուկալի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար, երկրի վարչապետ Անտոնիօ Քոստան։ Անոնք անդրադարձան Փորթուկալի ընկերվարական կուսակցութեան սերտ յարաբերութիւններուն՝ Եւրոպայի առաջադիմական կուսակցութիւններրուն հետ եւ ընկերվարականներուն ու ընկերվար-ժողովրդավարներուն վճռակամութեան՝ Եւրոպայի ժողովուրդին համերաշխութիւն եւ ընկերային արդարութիւն տրամադրելու։

1992-ին հիմնուած Եւրոպական Ընկերվարական Կուսակցութիւնը (ԵԸԿ/PES) կը համախմբէ Եւրոպական 33 լիիրաւ անդամ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավար եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ։ Եւրոմիութեան անդամ կամ անդամութեան թեկնածու պետութիւններէ ունի 13 գործակից անդամ կուսակցութիւններ եւ այդ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներէ 12 դիտորդ կուսակցութիւններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ունի դիտորդ անդամի կարգավիճակ։ PES-ի լիիրաւ անդամ կուսակցութիւններէ ութ ներկայացուցիչներ մաս կը կազմեն Եւրոպական Յանձնաժողովին (Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմին), ներառեալ՝ Յանձնաժողովի փոխ-նախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան և անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա ‎Մոկերինին: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, PES-ը միակ կուսակցութիւնն է, որ ունի Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր՝ 28 պետութիւններէն ընտրուած պատգամաւորներ, ընդհանուր՝ 190 պատգամաւոր, կազմելով Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ մեծագոյն խմբակցութիւնը՝ Ընկերվարականներու եւ Ժողովրդավարներու Յառաջդիմական Դաշինքը, որու հետ ՀՀ Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը 2016-ի Յուլիսին համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է։

ՀՅԴ Երիտասարդականը լիիրաւ անդամ է PES-ի երիտասարդական կազմակերպութեան՝ Երիտասարդ Եվրոպական Ընկերվարականներուն (Young European Socialist, YES)։

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ

1