Ակնարկ. Տարածաշրջանի Բռնկումը. Տարբեր Հայեցակէտեր
Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը ամբողջ տարածաշրջանը ներքաշեց աննախընթաց տարողութեամբ բռնկումի: Այս նոր շրջափուլի սաստկացումի ընթացքը, տեւողութիւնը, տարողունակութեան չափն ու հաւանական ելքերը տակաւին յստակ չեն: Կը թուի սակայն, որ գործողութիւններու վճռական փուլ է, որ միջանկեալ ժամանակաւոր լուծումներու հաստատման տեսութենէ հեռու է:
Համընդհանուր դիտարկումներ այս վերջին բռնկումը կը տեղադրեն Վենեզուելայի, Կրինլանտի, ռազմական եւ քաղաքական ցնցիչ, հետեւաբար շրջադարձային բնոյթի շարքին: Առընթեր` Չինաստանի իբրեւ բեւեռ կայացման, առանցքները չէզոքացնելու ամերիկեան քաղաքականութեան կտրուկ սրացումը:
Իրան – Իսրայէլ անվտանգային փոխսպառնալիք ըլլալու հանգամանքները` իրենց հերթին: Այսօր սակայն Իրանի կողմէ ուժանիւթային աղբիւրներու եւ այդ առումով տարանցիկ ուղիներու վրայ նոր ազդեցութիւն գործելու ռազմարշաւ է, որ տեղի կ՛ունենայ, ի գին Ծոցի արաբական հատուածին մէջ առկայ եւ ամերիկեան շահարկումներու ենթակայ ուժանիւթային ամբողջ համակարգի մը թիրախաւորման եւ ոչնչացման հսկայական հաւանականութեան:
Նպատակակէտը, ուրեմն, Իրանի ամբողջական վերափոխումն է, տարածաշրջանին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան շրջադարձելով: Նաեւ չինական բեւեռի ձեւաւորման գլխաւոր առանցքակէտ մը չէզոքացնելով: Հետեւաբար, միայն իսրայէլեան օրակարգով չէ, որ կը բացատրուին նորագոյն այս պատերազմին հանգամանքները եւ անպայման Իսրայէլի գերակայութեան չեն յանգիր այս ռազմարշաւին հետեւանքները: Վաղաժամ է անշուշտ այս բոլորին արդիւնքներուն մասին հետեւութիւններ արձանագրելը:
Հաստատենք, որ ներիրանեան կացութեան քաոսացումը չի բխիր հայկական կողմի շահերէն: Իրանեան հասարակութեան ցեղային տարբաղադրումը նախ եւ առաջ պիտի շարժէ ծագումով ազերի Իրանի քաղաքացիները: Նախադրեալներ կան, որ անջատողական դրսեւորումներ ունեցած են այս շրջանակները, որոնք յատկապէս աշխուժացած էին արցախեան պատերազմի օրերուն: Չմոռնանք Իսրայէլի ներգրաւումը արցախեան պատերազմին եւ իսրայէլեան ռազմակէտերու յայտնուիլը իրանամերձ շրջաններու մէջ:
Անկէ ետք, Թեհրանի ակնարկ-սպառնալիքները ուղղուած Ազրպէյճանին, նման յենակէտեր իր դէմ օգտագործուելու պարագային: Գէթ առ այժմ այդ ճակատը լուռ է, եւ այդ լռութիւնը կը բացատրուի Անգարայի գործօնով:
Անգարան իր յայտարարութիւններով եւ դիւանագիտութեամբ դէմ էր, որ Ուաշինկթըն դիմէ ռազմական գործողութիւններու. կ՛առաջադրուէր իբրեւ միջնորդ-երաշխաւոր բանակցութիւններ վերաձեռնարկելու եւ կ՛առաջարկէր որդեգրել փուլային տարբերակը բանակցելու համար այս փուլին` միակ օրակարգ ունենալով հիւլէական թղթածրարը: Այս հարցին մէջ աչքաթող պէտք չէ ընել նաեւ Անգարա – Թել Աւիւ առկայ լարուածութիւնը, տարբեր ուղղութիւններու վրայ շահերու բախումով:
Գանք լիբանանեան կողմն աշխարհի: Պատերազմի բռնկումի նախօրեակին Իսրայէլ կը շարունակէր խաղաղ իր դասական խաղը: Եթէ Հըզպալլան շարժի, ապա ամբողջ Լիբանանը կը վճարէ գինը: Այս սպառնալիքը ներլիբանանեան ընդհարումներու ստեղծում կը հետապնդէ հասարակութեան մօտ ամրապնդելու համար այն միտքը, որ արհաւիրքին միակ պատասխանատուն Հըզպալլան է: Մինչեւ Իրանի դէմ յարձակումները, պաշտօնական Պէյրութը կը յայտարարէր զէնքի մենաշնորհման ուղղութեամբ առաջին փուլի կայացման եւ երկրորդ փուլի անցումին մասին:
Նոյնիսկ անոր իրականացման ժամկէտի մասին ճշդումներ կ՛ըլլային: Հիմա կը յայտարարուի զինադուլի համաձայնութեան իրողական չեղարկումին մասին, հետեւաբար նաեւ ըստ էութեան անվաւեր նկատուած կ՛ըլլան փուլային ձեւով դիրքերու յանձնման, յետքաշման եւ զէնքերու յանձնման վերաբերող համաձայնութիւնները: Յիշենք, որ նախքան այս վերջին բռնկումները, Իսրայէլ արդէն իսկ միակողմանիօրէն եւ հիմնովին կը խախտէր զինադուլը, առօրեայ հերթականութեամբ հարուածելով հարաւային շրջանները եւ թիրախաւորելով Հըզպալլայի պատասխանատու անձնաւորութիւններ: Չի բացառուիր, որ առաջադրուած անվտանգութեան գօտի, անմարդաբնակ շրջան թէ պաշտպանական արգելակիչ տարածք անուան տակ Իսրայէլ ներխուժման նոր գործողութիւն իրականացնէ:
Ուաշինկթըն կը յայտարարէր իր ձեռնարկած գործողութիւններուն քառօրեայ տեւողութեան մասին:
Թել Աւիւը Լիբանանի տարածքին իր յարձակումներուն ժամանակը կը սահմանէ առնուազն քանի մը օրով:
Այս ժամկէտները իրատեսական չեն, Թեհրան յարձակումներու ենթարկուելէ ետք կը մերժէ վերաբանակցելու ամերիկեան առաջարկը` ճշդելով, որ Թեհրան կը ճշդէ պատերազմը կասեցնելու եւ բանակցելու ընթացքը:
«Ա.»
«Ազդակ»
