Ամերիկայի Հայ դատի հանձնախումբը Թրամփի վարչակազմին կոչ է ուղղել` ապահովելու բոլոր հայ գերիների վերադարձը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով:
Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց տարրական իրաւունքներէն` ենթարկուելով կեղծ դատավարութիւններու:
«Ազրպէյճանին պէտք չէ շնորհուի քողարկում կամ անպատժելիութիւն` հայ բանտարկեալներու դէմ բռնութիւններուն գծով», կ՛աւելցնէ յանձնախումբը` կոչ ուղղելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին` բոլոր հայ բանտարկեալները անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակելու ջանքերը բազմապատկելու:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Քոնկրեսին, որ ընդունի «Հայաստանի ապահովութեան գործընկերութեան մասին» բանաձեւը (H.R.6840) եւ «Ազրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման մասին» բանաձեւը (H.R.5369)` Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով` իր պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն համար:
