ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի մասնակցութիւնը նախարար Ատրիէն Տիքսի եւ Նոր Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Տoն Տէյվիսի տօնական ընդունելութեան
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ՝ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Մեղրիկ Չափանեան եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանգուվըրի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ Այա Չափանեան ներկայ գտնուեցան Պրիթիշ Գոլոմպիոյ նախարար Ատրիէն Տիքսի եւ Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահ Տօն Տէյվիսի կազմակերպած տօնական ընդունելութեան, նահանգային եւ դաշնակցային խորհրդարաններու անդամներու մասնակցութեամբ:
Ընդունելութեան ընթացքին Հայ Դատի ներկայացուցիչները փոխանցեցին Գանատայի հայ համայնքին բարեմաղթանքները եւ հանդիպումներ ունեցան նահանգային ու դաշնակցային պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Գանատայի Նոր Դեմոկրատական կուսակցութեան միջանկեալ նախագահ Տօն Տէյվիսի հետ։
Անոնք համապարփակ կերպով ներկայացուցին տեղւոյն հայ համայնքի իրավիճակն ու ներդրումը ընկերային մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին զարգացումները, յատկապէս շեշտելով Արցախէն բռնագաղթած հայերու վերադարձի իրաւունքը իրենց հայրենիք եւ Պաքուի մէջ անարդար կերպով բանտարկուած հայ քաղաքական ղեկավարներու հարցը։
Իր կարգին Գանատայի խորհդարանի պատգամաւոր Տօն Տէյվիս հրաւիրեց Հայ Դատի ներկայացուցիչները նոր տարուան սկիզբը նախատեսուած հետեւողական հանդիպման մը՝ այս յոյժ կարեւոր հարցերուն շուրջ խորհրդակցելու համար:
