Վիեննայում տեղի ունեցավ Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղի ունեցաւ 2-4 մայիս 2025-ին: Աշխարհի զանազան կողմերէն 20 երիտասարդ ուսանողներ հաւաքուեցան Վիեննայի մէջ եւ եռօրեայ աշխատանոցներու ու պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ ունեցան աշխատանոցներ: Անոնք նաեւ այցելեցին Վիեննայի հայ գաղութի զանազան կեդրոններն ու տեսարժան վայրերը:
Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 2 մայիս 2025-ին: Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ եռօրեայ ծրագիրի ու հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին: Ապա հաւաքի Վիեննայի կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու (ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի շրջանի վարչութեան անդամ) Յակոբ Սահակեան գործնական ցուցմունքներ տուաւ մասնակիցներուն:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի զանազան ծրագիրները` յատկապէս, երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:
Շաղիկ Շատոյեան ներկայացուց Վիեննայի հայկական գաղութի ստեղծման պատմութիւնը, որմէ ետք մասնակիցները այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին բակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը:
Մելանի Գլընճեան հեռակապով խօսեցաւ «փոտքասթ»-ի ծրագիրին պատրաստութեան մասին: Ապա 4 խումբերու բաժնուած մասնակիցները սկսան զանազան նիւթերու մասին «փոտքասթ»-ի պատրաստութեան աշխատանքներուն:
Թենի Մաթեան պարի աշխատանոցի ընթացքին բացատրեց հայկական պարի իւրայատկութիւններու, տեսակներու, զանազան շարժումներու եւ տարազներու մասին:
Եւրոպայի ուսանողական հաւաքի երկրորդ օրը Սէրուժ Յոփսէփեան ներկայացուց հայկական շարժապատկերի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եութլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան Եութլինքսի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիր մը յանձնեց Վարդան վրդ. Յովակիմեանին:
Դարձեալ հաւաքի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիրներ եւ յիշատակելի նուէրներ յանձնուեցան բոլոր դասախօսներուն եւ կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հաստատագիր մը` իր մասնակցութեան համար:
Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք:
Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին փակումը կատարուեցաւ կիրակի, 5 մայիս 2025-ին: Վիեննայի մէջ հաւաքուած 20 երիտասարդ ուսանողներ եռօրեայ աշխատանոցներով, մշակութային դասախօսութիւններով տրուած գիտելիքներով, պտոյտներով եւ ընկերային մթնոլոտով յագեցած բաժնուեցան իրարմէ: