Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական նիստին ընթացքին յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը
Գլխավոր » Լրահոս » Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական նիստին ընթացքին յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը

Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական նիստին ընթացքին յիշատակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը

22 Ապրիլ 2025-ին, յետմիջօրէի ժամը 2-ին, Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական նիստին ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը յիշատակուեցաւ, որուն ընթացքին խօսք առին խորհրդարանական հայազգի պատգամաւորներ՝ Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Միշէլ Սեթլաքուի եւ Սելին Հայթայեան, ինչպէս նաեւ պատգամաւորներ՝ Կիոմ Գլիշ-Ռիվար եւ Փասքալ Փարատի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Քեպէգի, Մոնթրէալի եւ Լաւալի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհն. Ամիրխանեան, Արժ. Տէր Գաբրիէլ Քհն. Վարդանեան, Վերապատուելի Ճորճ Տապօ, Գանատայի մօտ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Լեւոն Աֆէեան, Լաւալի Քաղաքապետարանի անդամներ՝ Սեդա Թօփուզեան եւ Վասիլիոս Քարիճիանիս, ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» եւ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէներու, պատկան մարմիններու եւ հայ համայնքին մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Պատգամաւորները իրենց խօսքերուն մէջ դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին մէկուկէս միլիոն հայերու սպաննութիւնն ու Արցախի մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները, որպէս երկրորդ ցեղասպանութիւն՝ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած, ինչպէս նաեւ շեշտեցին Քեպէգի կառավարութեան անսակարկ զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդի դատին, արցախահայութեան եւ Գանատայի հայ համայնքին: Անկէ ետք նիստի նախագահին հրաւէրով մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Նշենք, որ 1980-ին Քեպէգը Գանատայի առաջին նահանգն էր, որ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին հայ համայնքի պատուիրակութիւնը, նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, ուղղուեցաւ դէպի Կոմիտաս Վարդապետի կիսանդրին, ուր միացան Քեպէգ քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները, եւ տեղի ունեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի յիշատակի ոգեկոչում եւ հոգեհանգստեան աղօթք՝ հոգեւոր հայրերուն կողմէ: Անկէ ետք տիկ. Սեդա Թելեան ասմունքեց «Ահաւոր բան մը այնտեղ» բանաստեղծութիւնը, ինչպէս նաեւ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնին կողմէ ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ կիսանդրիին դիմաց՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:

Ապա երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Քեպէգի Խորհրդարանի Գրադարանին մէջ, կազմակերպութեամբ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմնին, տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, ի պատիւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ դատին զօրակցող Քեպէգի կառավարութեան պաշտօնատարներուն:
Հոգեւորականաց դասուն եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն կողքին ներկայ էին Քեպէգ նահանգի վարչապետ Ֆրանսուա Լըկօ, Քեպէգ նահանգի խորհրդարանական պատգամաւորներ՝ Մարք Թանկէ, Փօլ Սենթ-Փիեռ Փլամոնտոն, Մարթին Պիրոն, Քրիսթոֆըր Սքիիթ, Պերնար Տրէնվիլ, Փասքալ Փարատի, Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ, Միշէլ Սէթլաքուի, Սելին Հայթայեան, Վիրժինի Տուֆուր, Մոնսէֆ Տերրաճի, Ֆիլոմէնա Ռօթիրօթի, Տէզիրէ ՄըգԿրա:

Ընդունելութեան ընթացքին միացեալ մարմնին խօսքը փոխանցեց Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխ ատենապետուհի Արեւիկ Աֆարեան, որ ըսաւ. «Այսօր կ’ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը, ինչպէս նաեւ Քեպէգի խորհրդարանի Ցեղասպանութեան ճանաչման 45-ամեակը: Այդ օրերուն, երբ թեման խիստ հակասական էր, Քեպէգի կառավարութիւնը առաջիններէն հանդիսացաւ, որ 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը յստակ կերպով անուանեց ցեղասպանութիւն», ապա աւելցուց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է 110 տարի առաջ, բայց այն կը շարունակուի մինչեւ օրս: Ժխտուած եւ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան հետեւանքները կը մնան անփոփոխ՝ զոհեր տալով առ այսօր»:

Ապա անդրադառնալով Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթին Աֆարեան յայտնեց. «Թող Արցախը որպէս ցաւալի յիշեցում ծառայէ ողջ աշխարհին, թէ ժխտումն ու ուրացումը ունին աղէտալի հետեւանքներ»: Աւարտին ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն եւ Արցախի նահատակներուն:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

1