Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատը մեծարեց Հայ դատի ջատագովներին
Գլխավոր » Լրահոս » Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատը մեծարեց Հայ դատի ջատագովներին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատը մեծարեց Հայ դատի ջատագովներին

Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, առաւել քան 700 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղան «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները եւ հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։ Նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու կենսական կարեւորութիւնը։

«Այս երեկոն միասնականութեան, դիմադրողականութեան եւ հայութեան արդար իրաւունքները պաշտպանելու՝ մեր բոլորին ջանքերուն նուիրուած է», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։

Ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին էին՝ Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մա, քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմըն, Տինա Թայթըս եւ Աննա Էշու, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Պենճըմըն Էլըն եւ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ խորհուրդի անդամ Ճան Լի։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։

Ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Դատին՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հայազգի քոնկրեսական Աննա Էշուին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Հայկական Հարցին անոր մատուցած երկար տարիներու սպասարկութիւններուն։ Էշու վերջերս յայտարարեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ ծառայելէ ետք՝ որոշած է հանգստեան կոչուիլ։ Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2022ին, Էշու մաս կազմած էր քոնկրեսական այն բարձրաստիճան պատուիրակութեան, որ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումներուն ենթարկուած Արցախին եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու նպատակով Երեւան այցելած էր։

Քոնկրեսական Էշու շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ անդրադարձաւ վերջին 32 տարիներուն Հայ Դատին հետ համագործակցաբար Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքին։

Նաեւ, «Տարուան Օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնուեցաւ քոնկրեսական Տինա Թայթըսին, Հայկական Հարցին նեցուկ կանգնելու իր երկար տարիներու աննկուն կեցուածքին համար։ Առաւել քան 13 տարիներու ընթացքին, Նեւատան ներկայացնող քոնկրեսականը տարբեր առիթներով զօրակցած է հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ նպաստած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն։

Ան եւս երախտագիտութիւն յայտնեց այս մրցանակին համար եւ խոստացաւ Հայ Դատին հետ գործակցելով նպաստել հայութեան եւ պատասխանատուութեան կանչել Պաքուն։

Այնուհետեւ, «Համաշխարհային Կրթական Գերազանցութեան» մրցանակը շնորհուեցաւ ճարտարագէտ, նորարար, ձեռնարկատէր եւ բարերար Սեմ Սիմոնեանին, որ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին համահիմնադիրն է եւ ՀԲԸՄի նախագահը։ ԹՈՒՄՕի Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին գործող կեդրոններուն մէջ, տասնեակ հազարաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ձրի դասընթացքներու կը հետեւին արդի արհեստագիտութեան զանազան մարզերու մէջ։

Սիմոնեան իր եւ ԹՈՒՄՕի յաջողութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ շեշտեց կրթութեան կարեւորութիւնը։

Վերջապէս, Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով Գործիչ» մրցանակները յանձնուեցան համացանցային ընկերային ցանցերու միջոցաւ հայանպաստ լրատուութիւն կատարող եւ հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն կատարող երեք լրատուամիջոցներու՝ 301ին, The Armenian Report-ին Եւ Zartonk Media-ին։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ֆաքս 11» կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրին հռչակաւոր հաղորդավար եւ «Էմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Արաքսիա Կարապետեան յանձնեց մրցանակները։

Երեկոյին ամէնազգայնացուց պահն էր «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» մրցանակին ներկայացումը ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանին, որուն հետ ապօրինի կերպով բանտարկուած կը մնան Արցախի շարք մը այլ ղեկավարներ։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու համար տարած իր գործունէութեան համար մեծարուող Վարդանեանին զաւակը՝ Դաւիթը, պատգամ մը յղած էր ձեռնարկին մասնակիցներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին եւ զօրակիցներուն, իր գործունէութեան նեցուկ կանգնելնուն համար։

1