Կարեւոր է, որ երբեք չխեղաթիւրուեն մշակութային ժառանգութեան եւ պաշտամունքի վայրերի ինքնութիւնը
Asbarez.am կայքը տեղեկացնում է, որ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Բորիս Սահակեան հանդիպում ունեցաւ «L’Osservatore Romano» Վատիկանի լրատուամիջոցի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Անտրէա Մոնտայի հետ: Նոյն լրատուամիջոցն էր, որ յօդուածով մը Արցախի հայկական եկեղեցիները աղուանական նկատած էր։
Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանատունէն «Նիուզ»ին յայտնեցին, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քրիստոնէական ընդհանուր ժառանգութեան մաս կազմող հայկական պատմամշակութային, քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան հանրահռչակման, անոր սպառնացող վտանգներուն վերաբերեալ իրազեկուածութեան ուղղութեամբ հետագայ համագործակցութիւնը:
«Այս առումով ընդգծուել է, թէ որքան կարեւոր է, որ երբեք չխեղաթիւրուեն մշակութային ժառանգութեան եւ պաշտամունքի վայրերի ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ պատմական փաստերը, որոնք անհերքելի են եւ ճանաչուած միջազգային հանրութեան, այդ թւում` գիտական հանրութեան կողմից», կ՛ըսուի դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ Վատիկանի «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթը վերջերս հրատարակեց «A Khudavang, Ganjasar e Khatiravang Monasteri tra le nuvole» խորագիրով յօդուածը («Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը Ամպերու Մէջ»), որուն մէջ հայկական ժառանգութեան ամէնէն կարեւոր յուշարձանները` Դադիվանքը, Գանձասարը եւ Խաթրավանքը կը ներկայացուին իբրեւ աղուանական ժառանգութիւն: Յօդուածին հեղինակը՝ Ռոսելլա Ֆապիանի, կը գրէ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութիւններուն մասին եւ կը նշէ, որ այցելած է «Garabagh» (ընդգծումը` յօդուածին կողմէ), եւ ծանօթացած է աղուանական ժառանգութեան նշանաւոր վանքերուն: