Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած երիտասարդական հսկում

26 յուլիս 2023-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ` Լիզպոնի վերանորոգուած պանթէոնին շուրջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած երիտասարդական հսկում:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Վարանդ Կիրակոսեան, որ անդրադարձաւ 40 տարի առաջ 5 հերոսներուն` Սեդրակին, Սիմոնին, Սագոյին, Արային եւ Վաչէին դիմած քայլին եւ դիտել տուաւ, որ անոնց համար դանակը հասած էր ոսկորին, անոնք չկրցան հանդուրժել Հայկական հարցին նկատմամբ ամբողջ աշխարհին անտեսումն ու անտարբերութիւնը: «Մեր Դատին շուրջ բարձրացուած լռութեան պատը անխորտակելի ըլլալու չափ հաստ էր: Եկած էր ժամանակը խորտակելու այդ պատը: Եւ այսպիսով` զրկուած հայրենիքէն եւ անոր գուրգուրանքէն, տղաքը նուիրուեցան ազատագրութեան ու Դատի ի խնդիր մղուող արդար եւ սուրբ պայքարին», ըսաւ ան:
Վ. Կիրակոսեան յայտնեց, որ Լիզպոնի տղաքը դիմեցին այս քայլին` մերժելով որեւէ ռազմավարական նահանջ հակաթուրք պայքարին մէջ, մերժելով սկզբունքներէ շեղում եւ մերժելով յեղափոխական ու մարտական համոզումներուն մէջ թուլութիւն, դասալքութիւն, անոնք իրենց եսը ոտնակոխեցին` մենքին համար:
Իր խօսքը Լիզպոնի հինգ հերոսներուն ուղղելով` Վարանդ Կիրակոսեան նշեց. «Սիրելի՛ ընկերներ, այսօր կու գանք ըսելու, թէ ձեր ընտրած ուղին մեզի համար եղած է եւ պիտի ըլլայ պայքարի ներշնչման եւ ոգեւորման ազդու մեծ աղբիւր մը: Այսօր, ձեր հինգին նայելով, կը շարունակենք ձեր գործը: Ձեր պատկերը մեզի համար պատգամ է, արիւն ու քրտինք: Ձեր նայուածքը մեզի համար ուժ է, պայքար է, կամք է եւ դիմադրութիւն»:
Յատկանշական էր, որ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովին համար արտերկրի ՀՅԴ երիտասարդական ու ուսանողական միութիւններէն Լիբանան եկած ներկայացուցիչներ:
Յատկանշական էր, որ հոգեհանգստեան արարողութենէն առաջ ԼԵՄ-ականներ իրենց մասնաճիւղերէն ու շրջաններէն քալեցին դէպի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հին կեդրոն, ուր Լիզպոնի հինգ հերոսները իրենց ԼԵՄ-ի կեանքէն բաժին մը անցուցած էին: Հոն բոլորը միացան եւ պատանիներուն ընկերակցութեամբ, քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն:
ԼԵՄ-ականները իրենց ինքնակամ այս քայլով յարգեցին Լիզպոնի հինգին յիշատակը եւ համայն հայութեան ու գաղութին ցոյց տուին, որ ԼԵՄ-ը իր անցեալը չի մոռնար:


arfd.am