ՀՅԴ Միացյալ թագավորության, Հյուսիսային Եվրոպայի, Յունաստանի Կենտրոնական կոմիտեները հանդես են եկել հայտարարությամբ
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՅԴ Միացյալ թագավորության, Հյուսիսային Եվրոպայի, Յունաստանի Կենտրոնական կոմիտեները հանդես են եկել հայտարարությամբ

ՀՅԴ Միացյալ թագավորության, Հյուսիսային Եվրոպայի, Յունաստանի Կենտրոնական կոմիտեները հանդես են եկել հայտարարությամբ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէի

Փաշինյանի ազգադաւութիւնն ու նուաստացումը չափ ու սահման չունին։ Առանց բառերը ծամելու, վերջապէս բացէ ի բաց յայտարարեց, թէ ինք կը ճանչնայ Ազերպէյճանի հողային տարածքները ներառելով Արցախը։
Երբ գործակալ դաւաճան մը իր ամբողջ թիմով իշխէ ցանկացած երկիր՝ այս պիտի ըլլայ անխուսափելի աւարտը։ Արդարեւ, 5 տարիներ շարունակ, ժողովուրդը իր առաջնահերթութիւններէն շեղելով, կեղծ թեմաներով նրանց մոլորեցնելով՝ Հայաստանն ու Արցախը տարաւ արիւնալի պարտութեան եւ նուաստացուցիչ անձնատուութեան, հասցնելով հայութեան այս անբաղձալի եւ տխրահռչակ ճանաչումին։
Սա, ապազգային եւ ապաշնորհ վարչակարգին սերտուած ու ծրագրուած քաղաքականութիւնն էր՝ որդեգրելով դանդաղ եռացած կաթսայի մեթոդը։

Արցախը ազատագրուած է ազատամարտիկներու նուիրումով եւ ազատատենչ Հայ ազգի սխրանքներով։ Արցախը ոռոգուած է հազարաւոր հայորդիներու արեամբ։ Արցախը Հայկական է ու կը մնայ Հայկական, ի հեճուկս նիկոլներու ու անոր ետին կանգնած ուժերու դաւադրութեանց։

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէն, խստօրէն կը դատապարտէ այս դաւաճանական արարքն ու ապօրինի ճանաչումը, եւ կը յայտնէ, թէ դրածու «ղեկավար» մը իրաւունքն ու իրաւասութիւնը չունի, Արցախի եւ Հայ ազգի ճակատագիրը որոշելու։

ՀՅԴ Միացեալ Թագաւորութեան Կոմիտէ
24 մայիս 2023թ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Հիւսիսային Եւրոպայի Կոմիտէի

Հայ ժողովուրդի իշխանութեանը տիրացած` հայ ժողովուրդի թշնամին Նիկոլ Փաշինեան ամէն օր մեզ նոր անակնկալներ կը մատուցէ չնայած արդէն դժուար է զանոնք անակնկալներ սեպել, որովհետեւ արդէն կանխատեսելի են այդ դաւաճանի բոլոր գործողութիւնները։

Պարտք կը զգանք յիշեցնել համայն աշխարհին թէ` վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը` Նիկոլը իր այս աքթով կը խախտէ մեր պետութեան հիմնադիր փաստաթղթերը, անկախութեան հռչակագիրը, Հայաստանի սահմանադրութիւնը, պետական սահմանի մասին Հ.Հանրապետութեան օրէնքը, ոտնակոխ ընելով Հ.Հանրապետութեան հայ ժողովուրդի շահերը, վտանգելով Հայաստանի քաղաքացիներու և Արցախահայութեան ապրելու իրաւունքը, մեր հայրենիքը առանց մտածելու անմիտ ապօրէն բացատրութիւններով կը յանձնէ թշնամիին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շուէտիոյ կառոյցը իր բոլոր ուղեկից միութիւններով ոչ միայն խստօրէն կը դատապարտէ այլ անընդունելի կը համարէ 22 Մայիսին կատարուած Փաշինեանի խայտառակ, յանձաւոր որոշումն ու յայտարարութիւնը։

Առ այդ

Կոչ կ’ուղղենք համայն հայ ժողովուրդին հայրենիքէն ներս և սփիւռքի մէջ համախմբուիլ անգամ մը ևս, մեր հայ ժողովուրդը կանգնած է կորստեան ամէնամեծ վտանգի առջև, այս ինքնապաշտպանութեան վերջին հնարաւորութիւնն է փրկել մեր պետականութիւնը կեղտոտ դաւաճաններու արիւնոտ ճանկերէն։

ՀՅԴ Շուէտիոյ կառոյց
24 մայիս 2023թ.

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի

Վերջին շրջանին Հայաստան-Ատրպէյճան իրերայաջորդ քաղաքական հանդիպումներու լոյսին տակ կատարուող զարգացումները՝ միայն զայրոյթ եւ կտրուկ մերժում կը յառաջացնեն իւրաքանչիւր հայ անհատի մօտ, որ խորապէս մտահոգուած է Արցախի Հանրապետութեան շուրջ քննարկումներով։

Երկուշաբթի 22 Մայիսին Հ.Հ. վարչապետի արտայայտութիւնը՝ թէ Հայաստան կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը 86.600 քառակուսի քիլոմեթրի սահմանումով, կը բացայայտէ Արցախի ժողովուրդի կամքի եւ իրաւունքի լրիւ անտեսումի մտադրութիւնը։ Արցախի ժողովուրդը իր կամքը արտայայտած է 10 Դեկտեմբեր 1991-ի համաժողովրդային կեցուածքով եւ որեւէ իշխանութիւն իրաւասու չէ զայն վտանգի տակ առնելու կամ բեկանելու։ Որեւէ կոշտ ու անիրաւ ձեւակերպում, որ նկատի չ’առներ Արցախի հերոսական ժողովուրդի կամքն ու ինքնորոշման իրաւունքը, միաժամանակ խախտում է Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագրի եւ երկրի Սահմանադրութեան։

Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի մէջ ապրող սերունդներու հայկական ինքնութեան պահպանումն ու ապագան, ամբողջականօրէն կապուած են Հայ Ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան հոլովոյթով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի ազատութեան ու ապահովութեան իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ Այս պատճառներով է, որ Սփիւռքի հայութիւնը երբեք չի կրնար հանդուրժել հայութեան իրաւունքներու ոտնահարում ու շրջանցում որեւէ պարագայի։

Պարտք կը զգանք նշելու, թէ հաստատ կը մնանք Արցախի հերոսական ժողովուրդի կողքին՝ իր հայրենիքին մէջ ապրելու ու խաղաղ արարելու իրաւունքն ու կամքը պաշտպանելով։ Այս իրաւունքները անտեսելու կամ մերժելու միտուած որեւէ նկրտում՝ կտրուկ մերժելի է։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Աթէնք, 23-5-2023

1