Արցախը նահանջելու տեղ չունի

Շրջափակուած Արցախը կը նշէ իր իրագործած ազատամարտի սկզբնաւորութեան 35-ամեակը: Պարզ է բոլորին համար, որ շրջափակումը որեւէ ձեւով բնապահպանական շարժառիթներու հետ կապուած չէ: Ո՛չ ալ հանքերու շահարկման օրակարգին հետ կապ ունի: Պաքուն կը ճնշէ, որպէսզի իրականութիւն դառնայ թուրանական կամուրջը, իր նախընտրած քարտէսներուն հիման վրայ սահմանազատուի եւ սահմանագծուի Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանը: Այս բոլորին ուղղութեամբ գործնական աշխատանքներու փուլի անցնելու համաձայնութիւնն է, որ կրնայ ապաշրջափակել Արցախը: Ինչ որ կը նշանակէ պարզապէս տեղի տալ Ազրպէյճանի պահանջներուն:
Անկանոն, հակասական եւ քաղաքականօրէն չհիմնաւորուած կեցուածքներն են Երեւանի յայտարարածները: Ինչպէ՞ս կարելի է մէկ թղթածարի մէջ ներառել` «Արցախի ճակատագիրին շուրջ Հայաստանի իշխանութիւնները իրաւասութիւն չունին բանակցելու» մօտեցումը, ապա` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարութիւնը, յետոյ` «Արցախը իրաւունքի խնդիր է եւ ոչ թէ տարածքի» տարտամ եւ անբովանդակ հայեցակարգի որդեգրումը, կամ` «պարտաւոր ենք պաշտպանել Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու իրաւունքները»: Այս բոլորը խուսափում են ինքնորոշման իրաւունքի եզրէն, որ ըստ էութեան կազմած էր հայկական կողմին բանակցային ռազմավարութեան առանցքն ու ամբողջ դիւանագիտութեան փիլիսոփայութիւնը:
Պաքուի պահանջներուն առաստաղը բարձր է: Այդ բոլորէն ետք կամ անոնց առընթեր հիմա Ազրպէյճան ի՛նք կ՛որոշէ, թէ Ստեփանակերտի հետ ե՛րբ եւ ի՛նչ օրակարգով կը բանակցի: Այստեղ կանգ չ՛առներ Պաքուի պահանջներուն չափը: Կը պահանջուի պետական նախարարի հեռացումը Արցախէն:
Ծայր կ՛առնեն ներարցախեան խմորումներ: Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, նախագահին առընթեր խորհրդատուական մարմինի կազմութիւն, պաշտօնանկութիւններու մասին լրատուութիւններու շրջանառում: Այս բոլորը կապուած են Ստեփանակերտ-Պաքու նոր բանակցութիւններու հաւանական մեկնարկին հետ կամ ապաշրջափակման իբրեւ նախապայման կը պարտադրուին Պաքուին կողմէ:
Հարաւային Կովկասի անվտանգային ճարտարապետութեան երկու յենասիւները Մոսկուան ու Անգարան են: Հաւաքական Արեւմուտքը կը շարունակէ իր հակակշռելու քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր ճարտարապետներուն կողքին դեր վերցնելու առաջադրանքով: Իրանը չ՛ուզեր դուրս մնալ գործընթացներէն եւ կը կատարէ վճռական յայտարարութիւններ:
Աշխարհաքաղաքական այս հանգոյցներուն դիմաց չ՛առարկայանար համազգային միասնականութիւն: Երեւանը չի յաջողիր կամ չ՛ուզեր համակարգել եւ դերերու տեղաբաշխումով նուազագոյն վնասով դուրս բերել հայրենիքն ու հայութիւնը այս յորձանուտէն: Մոսկուան կլանուած է հիմնականին մէջ ոչ միայն Ուքրանիոյ, այլ նաեւ հաւաքական Արեւմուտքի դէմ պատերազմելով, իսկ Անգարան կը փորձէ յաղթահարել բնական աղէտի արհաւիրքը: Պաքուն կ՛աճապարէ, նախքան աշխարհաքաղաքական իրադրութեան որեւէ փոփոխութիւն իրականացնել իր ճշդած կանոններով խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Արցախը տարբեր առիթներու դրսեւորեց օրինակելի երեւոյթ թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներով համախմբուելու եւ իր իրաւունքներուն զանգուածային տարողութեամբ տէր կանգնելու: Ստեփանակերտի մէջ առարկայացաւ 88-ի ոգին: Ճիշդ 35 տարի առաջ յառաջացած երեւոյթը:
Տարբերութիւնը այն էր, որ 88-ին այդ ոգին Արցախէն արագօրէն անցաւ Երեւան եւ ապա ամբողջ հայկական աշխարհ, ոտքի հանելու համար ամբողջ ազգը: Ազատագրուեցաւ Արցախը եւ կերտուեցաւ մեր երկրորդ հանրապետութիւնը:
Հիմա այդ ոգիի տարածման համար կան արգելքներ ըստ երեւոյթին: Կան պատնէշներ: Այդ ալիքաւորումը չի հասնիր Երեւան եւ չի տարածուիր հայկական աշխարհին մէջ:
Արցախը ետքայլ չի կրնար արձանագրել սակայն: Նոյնիսկ եթէ իր ոգին չի թեւածեր հայկական աշխարհի միւս մոլորակներուն վրայ: Արցախի ապաշրջափակման համար գին կը պահանջուի:
Յայտարարուած օրակարգերէն անկախ անիրատեսական չէ, որ պիտի ձեւաւորուի Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցային հարթակի ձեւաչափ: Մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այն, թէ ինչի՛ շուրջ պիտի բանակցին կողմերը: Հիմա որեւէ պաշտօնանկութիւն կամ բանակցողի փոխարինում ենթարկուիլ է Պաքուի թելադրած կանոններուն:
Արցախի հայութիւնը միակ գրաւականն է մեր գոյերթի վերականգնման: Իսկ Արցախը նահանջելու տեղ չունի:
Ազդակ օրաթերթի խմբագրական