Քեպէգի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ
Փետրուար 8-ին կայացած Գանատայի Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովի նիստի ընթացքին, Ազատական կուսակցութեան անդամ Սոնա Լախոյեան ընթերցեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը դատապարտող բանաձեւ մը, որ ընդունուեցաւ Ազգային Ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ։ Coalition Avenir Québec (CAQ), Quebec Liberal Party (QLP), Québec solidaire (QS) եւ Parti Québécois (PQ) կուսացկութիւններու պատգամաւորները միաձայնութեամբ թեր քուէարկեցին բանաձեւին։ Այս մասին կը հաղորդէ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Բանաձեւը նիստին ներկայացուցած էին Միշէլ Սէթլաքուի (QLP), Սէլին Հայթայեան (CAQ), Ժոէլ Արսէնօ (PQ) եւ Հարուն Պուազի (QS) եւ այս ձեւով Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւնները համահեղինակ էին բանաձեւին։ Ազգային Ժողովի որոշումով բանաձեւը պիտի փոխանցուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Գանատայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան։
Նշենք, որ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներ Վարանդ Եափուճեան եւ Վրէժ հատիտեան ներկայ գտնուեցան Ազգային Ժողովի նիստին։
Նիստի տեսանիւթը դիտել այս յղումով։
arfd.am