Հայաստան եւ Ադրբեջան. մաս 2
1-ին մասը կարող եք ընթերցել այստեղ:
Ազգային-ազատագրական պայքարի գործիչ, 1-ին Հանրապետության Ռազմական և Ներքին գործերի նախարար, ՀՅԴ Բյուրոյի երկարամյա անդամ Ռուբեն Տեր-Մինասյանի հոդվածը «Հայաստան եւ Ադրբեջան» վերնագրով, որը հրապարակվել է «Հայրենիք» ամսագրում 1927թվականին և այժմեական է նաև մեր օրերում.
Միջին դարուն յաջորդական կերպով արշաւանքներ տեղի ունեցան Միջին Ասիայէն դէպի արեւմուտք․ մոնղոլեան թուրք թաթար ցեղեր խուժեցին ամէն կողմ՝ աւեր ու կործանում սփռելով։ Պարսկաստանը ողողուեցաւ այդ հորդաներով, որոնց մէկ հոսանքը մտաւ Կուրի հովիտը։
Պարսկաստանի իշխանաւորները յաճախ կ’ուժեղացնէին այս հորդաները, որպէսզի մէկ կողմէ ազատեն բուն Պարսկաստանը՝ այս բարբարոսները դէպի ծայարագաւառները քշելով, եւ միւս կողմէ, հակակշռեն հայկական, վրացական ու կովկասեան լեռնականներու ուժերը, որոնցմէ ժամանակին կ’անհանգստանային պարսիկները։ Այս նպատակով՝ Ղազախի, Բորչալուի եւ շատ վայրերու թաթար ցեղերը, Ղարափափախները եւն․ փոխադրուեցան Հայոց եւ Աղուանից երկիրները։
Այս աւերածութեանց եւ գաղթերուն չդիմացան Աղուանք եւ Ուտիք․ հայերը վնասուեցան, բայց քաշուեցան իրենց լեռները եւ պահպանեցին իրենց ինքնութիւնը։ Աղուանից եւ Ուտեաց երկիրները վերացան, ստեղծուեցան Բագու եւ Շիրվան, Շաքի եւ Գեանջա պարսից խանութիւնները։ Այլեւս չկային Աղուանք եւ Ուտիք, ոչ միայն ոչնչացան իբր պետութիւն, այլ նաեւ իբր ինքնուրոյն ժողովուրդներ։
Աղուանք եւ Ուտիք կամ սպանուած էին, կամ մահմեդականութիւնը ընդունելով ձուլուած եկուորներու եւ մասամբ ալ տեղացիներու մէջ։
Այսօր Աղուանք եւ Ուտիք իբր ազգային անհատ գոյութիւն չունեն, բայց կը շարունակէ ապրիլ թաթար, թաթ, թալիշ եւ այլ ժողովուրդներու, գուցէ նաեւ ղարաբաղցի, գանձակեցի հայերու մէջ՝ իբր արիւն, իբր բնաւորութիւն։
Եթէ հնար ըլլար բնորոշել ազգերը իրենց արեան որակով, միս ու ոսկորով, չպիտի սխալուէի ըսելու, թէ այսօրուան Կուրի աջ ափը ինկած թաթարներու կէսը կամ աւելին աղուան է, քան թուրք կամ թաթար։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ ինչպէս Ղարաբաղի մէջ այսօր կան Մելիք-Ասլանովներ, Մելիք-Եկանովներ՝ հայ, եւ որ այսօրուան գիտակցութեամբ մին հայ է եւ միւսը թիւրք, այդպէս ալ ձուլուած աղուանները կը համարուին այսօր թաթար, թուրք կամ աւելի շուտ «իսլամ»։
Քանի պարսից տիրապետութիւն էր հաստատուած Աղուանքի եւ Ուտիքի վրայ, չկար դեռ եւս ազգային գիտակցութիւն։ Թէ՛ մահմեդականութիւն ընդունած բնիկները, թե՛ եկուոր մոնղոլական ցեղերը ինքզինքին կը համարէին իսլամ, շիա, Իրանի մէկ մասը՝ ենթարկուած պարսկական կուլտուրային եւ ազդեցութեանը։
1827-էն եկան ռուսները։ Այս անկերպարան ժողովուրդը, որ մինչ այդ իբր զէնք կը ծառայէր պարսից ձեռքը, դարձաւ զէնք Ռուսաստանի ձեռքը, հակակշռելու ազգային գիտակցութիւն ունեցող բնիկ ժողովուրդներուն՝ հայերուն, վրացիներուն եւ լեռնականներուն։
Այս նոր խմորուող ժողովուրդը ոչ հին Աղուանն էր, ոչ Ուտիք, ոչ Իրանի պարսիկը, ոչ ալ թուրք կամ թաթար։ Անգոյն տարր մըն էր․ նոյնիսկ իր «իսլամ» անունը խոր իմաստ մը չունէր, անոնց մէջ տակաւին չկար Շամիլներու կրոնական ուժը, որով բազմալեզու Տաղստանը ամենէն նպաստաւոր տարրը կը համարուէր ռուս աշխարահակալութեան աչքին Անդրկովկասի մէջ։
Ռուս աշխարհակալութիւնը օգտագործեց այս տարրը ազատատենչ ազգերու երակները հանգցնելու համար եւ իբր վճար այդ ծառայութեան՝ Ադրբեջանի այս զանգուածը դրաւ հողային ու տնտեսական ամենանպաստաւոր կացութեան մէջ։ Ցիցիանովներու, Գալիցիններու, Վորոնցովներու եւ ներկայ կոմունիստներու վարքագծին մէջ մեծ բաժին ունի այս պարագան։
Եւ կացութիւնը փոխուած էր Հայաստանի հիւսիսային կողմը, նոր դրութիւն էր ստեղծուած մեր թիկունքին։
Աղուաններուն եւ Ուտեաց յաջորդող զանգուածները այլեւս չունէին իրենց ազգային ձգտումը՝ հասնելու իրենց ազատութեան․ այդ զանգուածը կը ձգտէր յենուիլ կամ պարսից կամ ռուսաց ուժին վրայ՝ ոչ թէ իր անկախութիւն ձեռք բերելու, այլ հայոց, վրաց եւ լեռնականներու ազատագրութեանց հակազդելու, եւ ունէր մէկ բնազդ՝ ընչաքաղցութիւն, ուրիշի հաշուին ապրելու ձգտում։
Եւ այս զանգուածը դարձաւ ոչ միայն հին Աղուանից, Ուտեաց, այլ ամբողջ արեւելեան Հայաստանի կալուածատէրը, բէկը, աղան, խանը․ ան նստաւ դաշտի վրայ՝ առանց կարենալ օգտագործելու, եւ ձեռքը դրաւ հայկական լեռներու վրայ՝ իբր սեփականութիւն։ Աղուանք եւ Ուտիք, հրաժարելով իրենց ազգութիւններէն եկուորներու առջեւ, ապրեցան իբր իսլամ․ հայերն ալ հարկադրուեցան հրաժարիլ իրենց լեռներէն, գիւղերէն, դաշտերէն, արտերէն եւ արօտներէն՝ չմեռնելու համար։ Հայը մնաց հայ, բայց անհող, եւ դարձաւ մշակ եկուոր տարրերուն։
Այս դրութիւնները ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ տնտեսական տեսակէտներէ չէին նոյնանար եւ հետեւաբար հայերու ու նոր հարեւաններու ճամփաները տարբեր պիտի ըլլային, իրարու թշնամի կամ «բարեկամ», եթէ երբեք բարեկամութիւն հնարաւոր է ստրուկի եւ տիրոջ միջեւ։
Ահա գլխաւոր գծերով այն հիմնական պատճառը, որ Աղուանից եւ Ուտեաց տներու անկումէն ետք մենք յենարան ու բարեկամ չենք ունեցած մեր հիւսիսի կողմէն։
* * *
Քիչ մը տարբեր է ներկայ վիճակը․ Ռուսաստանի փլուզումէն, յեղափոխութենէն յետոյ նոր դրութիւն է ստեղծուած մեր հիւսիսի կողմը։ Յարութիւն չեն առած Աղուանք եւ Ուտիք, բայց ստեղծուած է նոր ազգութիւն մը՝ Ադրբեջան անունով։ Արդէն ըսի, որ նման ազգ եւ ժողովուրդ չկայ, եւ եթէ այսօր կայ՝ շնորհիւ բուռ մը թուրք մտաւորականներու է ստեղծուած։
Ներկայ Ադրբեջանի մէջ կան իսլամներ շիա եւ սիւննի աղանդներով, եւ անոնց ազգային գիտակցութիւնը կը սահմանափակուի կրոնական այդ շրջանագծին մէջ։
Այս իսլամ զանգուածը կազմուած է հետեւեալ կերպով — Լէնքօրան շրջանի մէջ թալիշներ, Բագուի շուրջը մինչեւ Ղուբայի մօտերը՝ թաթեր․, Ղուբայի եւ Շէմախի մէկ մասը կիւրինցիք, գարտնեցիք, խինալուկներ, ջէկեր, կռիզներ, գաբիդուլներ եւ Նուխիի եւ Զաքաթալայի շրջանները՝ աւառներ, ուտեցիք, ինգիլօյցիք. Գանձակի դաշտային մասերուն մէջ Աղուան իսլամներ, իսկ լեռնային Գանձակի, Ղարաբաղի, Բազար Գէչարի, քիւրդ կռայի իսլամներն կամ քրդեր են, կամ մահմեդական հայեր․ կան նաեւ մոնղոլներ, թուրքեր, թաթարներ, որոնք եղած են իսկական ուժը՝ միւսները հպատակեցնող եւ իսլամացնող։ Իսկ շաղախը, որ միացած էր իսլամ անուան տակ, կրթութեան եւ ազգային շարժումներու ազդեցութեանց տակ սկսեր էր անգոյն վիճակէ դուրս գալ եւ կարիքը զգալ իր ազգային բնութագիծը ունենալու։
Պարսիկները քնացած մնացին, զբաղուած իրենց «շախսէ-վախսէ»ով, զարկ չտուին ազգային ինքնագիտակցութեան․ անոնք հեռու մղեցին թալիշն ու թաթը, որ իրենց հարազատ ցեղակիցներն են։ Լեռնականները դեռեւս ազգային գիտակցութիւն չունին, ինգէլօյցին, աւառը, կռիզը, կիւրինցին, գարտնէցին եւ մյուսները ունին իրենց սեփական լեզուները, բայց թիւրիմացաբար ինքզինքնին մօտ կը զգան իսլամ եղբայրներուն։
Հայերը չափազանց շատ սահմանափակուեցան Առաքելական եկեղեցւոյ պատերուն մէջ․ նոյնիսկ Դաշնակցութիւնը չազատագրուեցաւ դաւանական կաշկանդումներէ, հարկ եղած չափով չաշխատեցաւ քանդելու դաւանական կաշկանդումները, ինչպէս քանդեցինք կաթոլիկ, լուսաւորչական եւ բողոքական անջրպետները։ Եթէ այս վերջին տասնեակ տարիներուն ճանչնայինք մահմետական հայ բազմութիւնները, գուցէ ունենայինք այնքան յենարան Ադրբեջանի մէջ, որքան վրացիք ունին Աջարիստանի եւ Լազիստանի մէջ։
Այս անտէրութեան մէջ, ի պատիւ թուրքերու պէտք է ըսել, որ անոնք ժրաջան աշխատանք կատարեցին, նախ Ադրբեջանի իսլամին ներշնչեցին, թէ ինք թաթար է, յետոյ ըսին թէ ադրբեջանցի է, այժմ ալ կը հասունցնեն թէ ադրբեջանցի թուրք է, վաղն ալ պիտի կրճատեն ադրբեջանցին եւ պիտի թողուն թուրքն ու Թուրքիան։
Մեր հարեւաններու այս կերպարանաւորումը հետաքրքրական է, որովհետեւ ատկէ է կախուած եւ ատով զուգահեռ կ’ընթանայ մեր հիւսիսի դրացիին քաղաքական օրիենտացիան։
* * *
Ո՞րն է ուղին մեր ներկայ հարեւան Ադրբեջանի եւ ինչո՞ւ կը ձգտի ան։
Ասիկա որոշելու համար նախ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ հիմնական երեւոյթ մը։ Բոլոր դեռ չկազմակերպուած, անպատմութիւն ազգերը, որոնց անհատականութիւն լաւ չէ շեշտուած, կ’որոնեն ու կը գտնեն ուժեղ յենարան մը եւ կը դառնան անոր հաւատարիմ գործիքը։ Անոնք միշտ ալ կ’ըլլան ուժեղի կողմը, յաճախ իրենց սեփական շահերն իսկ զոհելով։
Այսպէս է եղեր Ադրբեջանի ժողովուրդը պարսից տիրապետութեան ժամանակ, այսպէս էր նաեւ ռուսաց ցարերու ժամանակ։ Երբ ռուսական ուժը սկսաւ նուազիլ եւ Տաճկաստանի աստղը սկսաւ փայլիլ, ան հակուեցաւ թուրքին կողմը եւ 1917-էն ասդին դարձաւ անոր առաջապահն ու գործակիցը։ Ապացուցանելու համար իր հաւատարմութիւնը եւ նոյնիսկ նոյնութիւնը թուրքին հետ՝ ան չվարանեցաւ հարուածելու հայերն ու ջարդելու ռուսները, Շամխոր, Գանձակ, Ջիբրայիլ եւ ամենուրեք, ուր իր ձեռքը կը հասնէր։
Շատեր այդ ոճրապարտ քայլերը կը բացատրեն ազգային գիտակցութեան զարթօնքով, կամ ատելութեամբ ռուս տիրապետութեան դէմ, կամ իբր ադրբեջանցի անկախութեան ձգտումի հետեւանք։
Այս բացատրութիւնները մասամբ ճիշտ են մասնակի խմբակցութեանց եւ անձերու վերաբերմամբ․ բայց զանգուածօրէն այդ արիւնահեղութիւնները հետեւանք էին ուժեղ Թուրքիային ծառայելու դիտումին։
Ադրբեջանցին այժմ ալ բնազդօրէն կը փորձէր ըլլալ թուրքին հետ, փչել անոր զուռնան, առանց հետաքրքրուելու, թէ այդ քայլէն ինք անձնապէս ի՛նչ պիտի շահէր։ Այս ի՛նչը հասկանալի էր լոկ մտաւորականներուն՝ Սուլթանովներուն, որոնք Ադրբեջանը կ’ուզէին վերածել թրքական վիլայէթի, իսկ զանգուածը ըստ էութեան կը շարունակէր մնալ նախկին հողի վրայ, այսինքն՝ օգնել ուժեղին, խփել ինկածին։
Ադրբեջանի զանգուածին վերագրել, թէ ան կ’ուզէ իր սեփական անկախութիւնը ունենալ, սխալ պիտի ըլլար։ Ան դեռ եւս չունի ոչ ազգային հօմօժէնութիւն, ոչ գիտակցութիւն, ոչ ալ աւանդութիւն։ Ան դեռ եւս կրօնական համայնք մըն է՝ բնազդով հակուած դէպի ուժեղը։ Եւ այս պարագան պարարտ հող կը ներկայացնէ, որ թուրք ու թաթար մտաւորականները իրենց ետեւէն քարշ տան զանգուածները դէպի պանթուրանիզմ, դէպի իսլամ Թուրքիա, դէպի ուժեղ Թուրքիա։
Եւ Թուրքիա ուժեղ կ’երեւայ ադրբեջանեան զանգուածին աչքին այն բարբարոսութիւններով, զորս գործադրած է հայոց եւ այլ ժողովուրդներու վրայ եւ այն երեւութական արհամարհանքով, զոր թուրքերը ցոյց կուտան ամբողջ աշխարհի հանդէպ։
Այս անձեւ զանգուածին աչքին Թուրքիան դարձած է մարմնացումը ուժի, բռնութեան, եւ ըլլալով անոր կրօնակիցը, անոր լեզուակիցը՝ ադրբեջանցին դարձած է թուրքին կողմնակիցը, անոր գործիքը։ Այս հանգամանքով ալ կ’որոշուի այժմ այս զանգուածին ուղղութիւնը կամ նպատակը։
Մէկ խօսքով՝ ադրբեջանցիին այսօրուան նշանաբանն է՝ ըլլալ թուրքին հետ, նոյնանալ թուրքին հետ, ծառայել անոր՝ ստեղծելու մեծ Թուրքիա առաջաւոր եւ միջին Ասիոյ շրջաններուն մէջ։
Այսօր «ադրբեջանցի ազգ» ասութիւնը դատարկ խօսք է՝ քօղարկելու թրքական ձգտումները։ «Ադրբեջան երկիր» անունը պատրուակ է՝ ծածկելու արեւելեան Թուրքիա կազմելու ձգտումը։ Այս երկրի նպատակը չէ Ռուսիան հեռացնել՝ իր եւ Անդրկովկասի անկախութիւնը ձեռք բերելու համար, այլ Ռուսիան հեռացնել՝ իր եւ անդրկովկասեան ժողովուրդներու ազատութեան տենչերը թաղելու եւ Թուրքիան հաստատելու մինչեւ մեծ Կովկաս։ Անոր նպատակը չէ իր բնագաւառի տնտեսութիւնը, քաղաքակրթութիւնը բարձրացնել, այլ եղածն ալ ոչնչացնել եւ ետ երթալ։ Անոր նպատակը չէ տեղական ժողովուրդներու հետ համակենակցութիւն, ներդաշնակութիւն ստեղծել, որովհետեւ այդ պարագային չպիտի կրնար ծառայել պանթուրանիզմին, որու առաջին եւ վերջին նպատակն է բնաջնջումը իր առջեւ գտնուող ինքնագիտակից ժողովուրդներու։
Այսօր դժբախտաբար մեր հիւսիսի կողմը, մեր մէջքին վրայ այս ցաւը, այս պալարն է գոյացած մեր միս ու արիւնէն։ Մենք պարտաւոր ենք մեր աչքերը փակ չպահել եւ հաշուի առնել ստեղծուած նոր դրութիւնը, պարտաւոր ենք գիտակցել իմաստին դեռ 1904-1905 թուականներուն Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ իտէօլօգ Աղայեւի հետեւեալ խօսքերուն․ «Հայերդ շատ առաջ մի՛ վազէք, դուք պիտի զուգահեռ կամ ետեւէն գնաք Ադրբեջանի զանգուածներուն, հակառակ պարագային մենք պիտի դառնանք ջաղացի քար մը ձեր վզին կախուած, պիտի խորասուզուիք եթէ չենթարկուիք»։
Աղայեւի այս միտքերը անիմաստ խրատներ չեն, անտեղի սպառնալիքներ չեն․ Ադրբեջանի գորշ զանգուածը այսօր խոչընդոտ է Հայաստանի առաջադիմութեան, պատճառ է մեր անկախութեան, ազատութեան անկման, ան պատճառ եղաւ եւ է մեր երկրի թուլացման եւ մեր ժողովրդի քայքայման։ Իրօք որ ան ջաղացքի քար է Հայաստանի եւ Անդրկովկասի վզէն կախուած։ Ադրբեջանի այս բացասական արժէքը հասկցած են թուրքերն ու ռուսները, եւ ըստ այնմ կը գործածեն զայն Անդրկովկասի ու Պարսկաստանի դէմ։
Շարունակելի