Հայաստան եւ Ադրբեջան. մաս 1
Ազգային-ազատագրական պայքարի գործիչ, 1-ին Հանրապետության Ռազմական և Ներքին գործերի նախարար, ՀՅԴ Բյուրոյի երկարամյա անդամ Ռուբեն Տեր-Մինասյանի հոդվածը «Հայաստան եւ Ադրբեջան» վերնագրով, որը հրապարակվել է «Հայրենիք» ԱՄՍԱԳՐՈՒՄ 1927թվականին և այժմեական է նաև մեր օրերում.
Ներկայացնելով Ղարաբաղյան շարժմանը նախորդող հայկական քաղաքական հոսանքների պատմությունը՝ հրապարակում ենք Ռուբեն Տեր-Մինասյանի (1882-1951) «Հայաստանը եւ Ադրբեջանը» վերլուծության առաջին մասը: Հատկապես հետաքրքրական է հեղինակի ուշադրությունը ոչ միայն այնպիսի փոփոխական գործոններին, ինչպիսիք են այս կամ այն երկրի քաղաքական սահմանները, ազգագրական կազմը եւ այլն, այլեւ անփոփոխ ու հիմնարար իրողություններին, ինչպիսիք են հատկապես աշխարհագրական տվյալները, ընդ որում՝ ոչ միայն իրենք իրենցով, այլեւ՝ պատմության, անվտանգության եւ տնտեսության հետ իրենց սերտ կապի մեջ: Հենց սա է, որ հատկապես կարեւոր արժեք է տալիս նաեւ «Հայաստան եւ Ադրբեջան» հոդվածին, եւ թույլ է տալիս Ռուբենին հարցը քննելով կայուն եւ հարատեւ գործոնների լույսի ներքո՝ բացահայտել խնդրի խորքը՝ անկախ իրավիճակի փոփոխություններից: Ղարաբաղյան շարժման համատեքստում դիտարկելիս հոդվածն ինչ-որ տեղ մարգարեական կանխատեսումն էր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ առճակատման անխուսափելիության, նաև՝ հեղինակի կողմից տրված մեթոդով հնարավոր է վերհանել խնդրի լուծման այն բանալին, որը հիմնված կլինի իրական, հիմնարար գործոնների, այլ ոչ թե մակերեսային «խաղաղասիրության» վրա:
Ադրբեջանը նոր երկիր մըն է, հազիւ տասնեակ տարին բոլորած։ Նման երկիր եւ ժողովուրդ՝ «ադրբեջանցի» անունով, բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած պատմութեան ընթացքին։ Եղած է եւ կայ պարսից Ատրպատական, որուն անունը սեփականացուցած են Ուտիք եւ Աղուանից երկիրներու այժմեան բնակիչները։
Պատահականութիւն պէտք չէ նկատել, որ հին Ուտեաց եւ Աղուանից երկիրները, որ կ’ընդգրկէին ներկայ Պաքուի նահանգը եւ Գանձակի դաշտային մասերը այսօր կը կոչուին Ադրբեջան։ Այս թիւրիմացութեան, տգիտութեան հետեւանք չէ, այլ մտածուած ձեւուած քաղաքական որոշ ձգտումներու։ Ադրբեջան խօսքը ըստ էութեան անուն չէ միայն, այլ բնորոշումը քաղաքական ծրագրի մը։
Ադրբեջան ըսելով պէտք է հասկնալ, որ պիտի ըլլան երկու Ադրբեջաններ՝ պարսկական եւ ռուսական, եւ որ եթէ այսօր պատահաբար կեդրոնը Պաքուն է, վաղը պիտի ըլլայ բուն հայրենիքի մէջ՝ Թաւրիզը։ Ադրբեջանցի ըսելով պէտք է հասկնալ, որ մենք այլեւս միայն իսլամ, չիտ չենք եւ ոչ ալ պարսիկ, տարբեր ենք բոլորէն եւ միայն նման ենք թուրքին, որ մենք թուրք ենք եւ կը ստեղծենք նոր Թուրքիա մը՝ Թուրքիոյ կողքին։
Դեռ եւս ադրբեջանեան մտքի մէջ բիւրեղացած չէ այն գաղափարը, թէ իրօք իրենք ինչացո՞ւ են, «ադրբեջանցի» թէ «ադրբեջանցի թո՞ւրք»։ Արդեօ՞ք իրենց հեռանկարն է ստեղծել «միացեալ Ադրբեջան» միայն, թէ «Արեւելյան Թուրքիա», իբր մաս Թուրքիոյ։ Ահա այս երկընտրանքի, տատանման մէջ է ներկայ ադրբեջանեան միտքը։ Եթէ մուսավաթ, իթիսթ ուղղութիւնները կը տանին ադրբեջանեան միտքը դէպի միացեալ Թուրքիոյ գաղափարը, բայց եւ կան մասնակի հոսանքներ, որ իրենք զիրենք կը զգան ադրբեջանցի միայն, կովկասցի միայն, եւ իբր այդպիսին կը ձգտին իրենց ազգային վերազարթնման։
Մտքերու այս շփոթը եւ երբեմն հակամարտութիւնները ունին իրենց պատճառները, որ եթէ մէկ կողմէ կը թելադրուի տակտիկական տուեալներէ, միւս կողմէ ալ կը բղխի ադրբեջանցի ժողովրդի էթնօգրաֆիէն, հէտէրօժեն կազմուածքէն եւ անոր կուլտուրական, հոգեկան տարբեր տուեալներէն։
Այս խնդրին պիտի անդրադառնանք․ բայց այստեղ այսքանը ասենք, որ այսպէս թէ այնպէս Հայաստանէն հիւսիս արեւելք կը կազմակերպուի ժողովուրդ մը, որ նպատակ ունի միացեալ Ադրբեջան ստեղծելու եւ ինքզինքը կը համարէ մեծ մասով «ադրբեջանցի թուրք», իսկ փոքր մասն ալ ադրբեջանցի։
* * *
««Ադրբեջան» կոչման մասին այս ծանօթութիւնը տալէ յետոյ տեսնենք, թէ ո՞ւր կը գտնուի այս երկիրը։
Մեծ եւ փոքր Կովկասի արեւելեան երկու ծայրերուն միջեւ, այսինքն՝ Դաղստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ կը տարածուի ընդարձակ հարթավայր մը, մոտ 60.000 քառ․ քիլօմէթր։ Այս հարթավայրի մէջէն կը հոսի Կուր գետը եւ Արաքսի հետ միանալով կ’երթայ կը թափի Կասպից ծովը։ Կուրի երկու ափունքը սահման ունենալով հարաւէն Արաքսը, հիւսիսէն կովկասեան շղթան եւ արեւելքէն Կասպից ծովը՝ կը կոչուի այսօր Ադրբեջան։
Այս տարածութեան վրայ երբեմն կ’ապրէին երկու ժողովուրդներ, Կուրի ձախ ափին Ուտիք, իսկ աջ ափին գլխաւորապէս Աղուանք․ այս երկու ազգերու անունով ալ կը ճանաչուէր այս երկիրը հին աշխարհին մէջ իբր երկու պետութիւն, իբր երկու ժողովուրդ։ Այդպէս էր մինչեւ 10-11-րդ դարերը։ Այս երկու երկիրներն ալ իրենց ժողովուրդներով առաջները մեծապէս ազդուեր են հայ քաղաքակրթութենէն, դպրութենէն․ անոնք եղեր են կամ հայոց իշխանութեան ներքեւ, կամ անոր վասալը, կամ անոր դաշնակիցը։ Գոնէ այս կ’ապացուցանեն մեր հին պայմանագիրները։
Կասկածելու տեղիք չկայ պատմական այդ տուեալներու վրայ, որովհետեւ դեռ երէկ էր, որ գոյութիւն ունէր Աղուանից հայոց Լուսաւորչական եպիսկոպոսութիւնը՝ կեդրոն ունենալով Ղարաբաղը, թէեւ աղուան ժողովուրդ չկար այլեւս։ Իսկ այսօր մազապուրծ-ազատած Ուտիացիք, որ ծուարած են Կովկասի փէշերուն տակ Նիժի մէջ, Վարդաշէնի մէջ եւ այլուր, կը զգան թէ որքան Ուտիք են, նոյնքան ալ հայ են, Հայաստանցի, եւ ոչ ոք այնքան լաւ հայ չէ, որքան Կուկունեան մը, զօր․ Սիլիկեան մը, որոնք ծագումով Ուտիք, բայց ազգութեամբ հայ եւ Հայաստանցի են։
Աւանդութիւններու, հոգեբանութեան, զբաղմունքներու նոյնութիւնը կ’ապացուցանէ մեր նախորդներու ազդեցութեան եւ ուժի չափը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուղղութիւնը, որուն փշրանքներէն մենք պէտք է օգտուինք։
Անցեալ պատմութեան վերյիշումը արժէքաւոր չէ, եթէ ան նպատակ ունի միայն վերյիշել հետաքրքրութեան բաւարարելու համար․ այդ պէտք է թողուլ պատմագիրներուն, հնագէտներուն։ Պատմութիւնը արժէքաւոր է գիտնալը կառուցանելու համար ներկայ եւ ապագայ կեանքը։
Եթէ պատմութիւնը մեզմով չի սկսիր եւ ոչ ալ մեզմով պիտի վերջանայ, եւ եթէ մեր կեանքը տրամաբանական շարունակութիւնն է անցեալին, ապա մեր եւ հին Ադրբեջանի (Աղուանից եւ Ուտեաց) պատմութենէն անխուսափելիօրէն պիտի եզրակացնենք․
ա) Որ թէեւ հայերը աւելի հզօր են եղած, քան փոքրիկ Ուտեաց եւ Աղուանից ժողովուրդները, եւ իրենք զիրենք կը կոչէին «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն», բայց թէ այդ հզօր ժողովուրդը բնաւ չէ ձգտած իր գաւառները դարձնելու Աղուանքը եւ Ուտիքը․
բ) Որ Աղուանք եւ Ուտիք նկատուեր են մեր նախորդներու կողմէ իբր անհրաժեշտ պայման իրենց երկրի ապահովութեան ու կենսունակութեան համար, եւ չեն զլացած իրենց այրուձիով հասնիլ մինչեւ Ճորա պահակ՝ պաշտպանելու համար ինչպէս Աղուանքն ու Ուտիքը, նոյնպէս Հայաստանը՝ քուշանաց, հոներու, սկիֆներու եւ այլոց արշաւանքներէն․
գ) Որ հայերը, Ուտիք եւ Աղուանները, գիտակցաբար թէ հարկադրուած, գտեր են համակեցութեան այնպիսի անհրաժեշտ պայմաններ, որ բնաւ իրարու դէմ չեն եղած եւ, ընդհակառակը, դժուարին պարագաներու մէջ եղեր են միշտ իրարու կողքին։
Այս երեք ժողովուրդներու համակեցութիւնը այնքան է սերտեղած, որ դժուար էր տարբերել հայը աղուանէն, ինչպէս այսօր դժուար է ջոկել ուտիքը հայէն։
Եթէ հին պատմութիւնը քրքրելու ըլլանք, ուզենք չուզենք այս երեք հիմնական գծերը պիտի նշմարենք մեր եւ մեր հիւսիսի ժողովուրդներու փոխյարաբերութեանց մէջ։
* * *
Թէ որ հին պատմութիւնը մեզ այդ դասը կուտայ, հարց առաջ կուգայ՝ ինչո՞ւ այդպէս էր երէկ եւ ինչո՞ւ այդպէս չէ այսօր։ Նոր Աղուանից եւ նոր Ուտեաց աշխարհներու հետ, որ միասին կը կազմեն Ադրբեջանը, բարեացակամ յարաբերութիւն իսկ գոյութիւն չունի այսօր։
Գուցէ նոր հայերս անարժան ժառանգներն ենք մեր նախնիներու, կարճատես ու խռովարար ենք․ գուցէ ընդհակառակը Աղուանից եւ Ոտեւաց նոր բնակիչները՝ ադրբեջանցիք, ագահ են, կարճատես ու խռովարար։ Գուցէ երկու կողմերն ալ ունին իրենց թերութիւնները, բայց անցեալի ներդաշնակութիւնը եւ ներկայի արիւնալի պայքարը հետեւանք են նոր տուեալներու, հակամարտ շահերու եւ ձգտումներու։
Որպէսզի լաւ ըմբռնենք ներկայի եւ անցեալի հակասութիւնը, պէտք է պարզել բուն պատճառները այդ ներդաշնակ կենակցութեան հին հայերու, աղուաններու եւ ուտեաց միջեւ։
Պատմագիրները որոշակի չեն յայտներ մեզ այդ պատճառները, բայց անոնց ըսածներէն դժուար չէ եզրակացնել, որ այդ բնական դաշնակցութիւնը կը թելադրուէր երկու հիմնական դրդապատճառներէ, առաջին՝ քաղաքական եւ երկրորդ՝ տնտեսական։
Աղուանք եւ Ուտիք, փոքրիկ ժողովուրդներ ըլլալով, չէին ձգտեր հարուածելու Հայաստանը հիւսիսէն, չէին բաղձար տիրապետելու հայոց երկիրներուն։ Անոնց երկիրները հարուստ էին եւ ընդարձակ այդ փոքր ժողովուրդներուն համար։ Անոնք պաշտպանուած էին հիւսիսէն կովկասեան լեռներով, եւ եթէ հարաւէն, Փոքր Կովկասի հայոց Արցախ եւ Սիւնեաց երկիրներէն վտանգ չսպառնար անոնց անոնք կ’ապրէին ինքնաբաւ եւ երջանիկ՝ Կուրի հովտին մէջ։ Աղուանք եւ Ուտիք, ուզէին թէ չուզէին, հաշուի առնելով իրենց ուժն ու շահերը, պիտի ջանային ապահովել Հայաստանի դաշնակցութիւնը, պայմանով որ Հայաստան ազատ թողուր զիրենք եւ պաշտպան կանգնէր այդ ազատութեան։
Հայաստան ալ, միւս կողմէն, օգուտ ունէր ատոնց ազատութենէն, անոնց գոյութիւնը կը վերացնէր մեծ չափով այն վտանգները, որ կրնային գալ կովկասեան շղթայի հիւսիսի ժողովուրդներէն։ Աղուանք եւ Ուտիք մեր առաջապահները, բուֆէռներն էին հիւսիսի դեմ:
Անխելք պիտի ըլլային մեր նախնիքը, եթէ չյարգէին Աղուանից եւ Ուտեաց ազատութիւնը, այս պատճառով ալ մեր զինուորականները, գիտնականները կամ կրօնաւորներն իրենց արիւնն ու եռանդը չեն զլացած հին Ադրբեջանի ազատութեան պաշտպանութեան համար։
Կար նաեւ տնտեսականը։ Մեր պատմագիրները կը յիշատակեն, թէ հին Ադրբեջանը ձմեռանոց էր Արշակունեաց համար, եւ Հայաստանն ալ ամառանոց էր եւ է մինչեւ այժմ Աղուանից համար։
Երբ երկու տարբեր երկիրներ, որոնց տնտեսականի հիմքը կը կազմեն խաշնարածութիւնն ու երկրագործութիւնը, իրարու կը ծառայեն իբր ձմեռանոց ու ամառանոց, բնականօրէն այդ երկիրներէն մին կամ պիտի ձուլուի միւսին մէջ եւ կամ երկուքը միասին դաշնակցելով պիտի ապրին ու կենակցին՝ ինչպէս լիքէն ու սունկը մամուռի մէջ։ Հայերն ու Աղուանք, դաշնակցելով, կ’ապրէին իրարու հետ, մին լեռներու մէջ, միւսը դաշտերու մէջ։
Ահա այս պատճառներով էր, որ Հայաստան եւ այս երկու ժողովուրդները երկար դարեր ներդաշնակ կ’ապրէին։ Հայաստան, առանց հասնելու մեծ Կովկասի շղթային, Աղուանից եւ Ուտեաց ժողովուրդներու միջոցով փաստօրէն յենուած էր կովկասեան շղթային։ Եւ մասամբ այս պատճառով է, որ մեր փոքր ժողովուրդը, ինքզինքը ապահով զգալով հիւսիսէն, կը կարողանար դիմադրել պարսից, հռոմէացւոց, արաբաց եւ բիւզանդացւոց։ Հայաստանը ողնաշար ունէր փոքրիկ Կովկասը (Ղարաբաղը) եւ կռնակ ունէր Աղուանքը եւ Ուտիքը։
Ասոնք Հայաստանի հզորութեան ազդակներն էին»։
Շարունակելի