Ազգային-ազատագրական պայքարի տրամաբանությունն ու «Դիմադրություն» շարժումը
Գլխավոր » Լրահոս » Ազգային-ազատագրական պայքարի տրամաբանությունն ու «Դիմադրություն» շարժումը

Ազգային-ազատագրական պայքարի տրամաբանությունն ու «Դիմադրություն» շարժումը

Ամիսներէ ի վեր Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ծայր առած է «Դիմադրութիւն» Շարժումը, որուն նպատակն է ընդդիմանալ ՀՀ իշխանութիւններու վարած պարտուողական քաղաքականութեան, կասեցնել պարտութիւններու շղթան եւ շրջել հայութեան աղէտալի ընթացքը: «Դիմադրութիւն» Շարժումը ըստ էութեան բողոք է ու պայքար՝ ընդդէմ Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներու ոտնակոխման, Արցախի հայաթափման եւ Թուրքիոյ կողմէ հետապնդուած փանթուրանական ծրագիրներուն: Ի վերջոյ, «Դիմադրութիւն» Շարժումը թափ ստացաւ հակազգային երկու յայտարարութիւններէ վերջ, որոնցմէ առաջինը՝ Արցախի կարգավիճակի նշաձողը իջեցնելու մասին էր, իսկ երկրորդը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հայ Դատը բացառապէս սփիւռքեան օրակարգ նկատելն էր: Մէկ խօսքով, «Դիմադրութիւն» Շարժումը կ’առաջնորդուի ազգային ազատագրական պայքարի տրամաբանութեամբ եւ ուղղուած է Հայաստանի ու հայութեան ինքնիշխանութեան եւ ազատութեան սպառնացող արտաքին ու ներքին ուժերուն դէմ:

Սակայն, հակառակ այս իրողութեան, շատերուն մօտ թիւր համոզում կայ, որ «Դիմադրութիւն» Շարժումը սովորական իշխանափոխութեան համար մղուած պայքար է: Այս տպաւորութիւնը տարածելու եւ արմատաւորելու գծով մեծ դեր ունեցած են իշխանութիւններն ու իրենց քարոզչամեքենան, որոնք ամէն ճիգ կատարած են, շարժումը մատուցելու իբրեւ նախկիններու վերադարձի փորձ եւ ընդդիմութեան մը մղած պայքար՝ յանուն իշխանութեան: Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական ստեղծուած մշակոյթին մէջ, ե’ւ ժողովրդային ե’ւ քաղաքական ուժերու առումներով՝ հայրենիքին ու ազգին առնչուղ բոլոր արժէքներն ու սկզբունքները մանրացուած են եւ ամէն ինչ կ’ընկալուի ոչ միայն իշխանութեան՝ այլ նոյնիսկ անհատ իշխանաւորի նեղ ծիրին մէջ:

Շարժման այս տպաւորութիւնը ստեղծուելու այլ ազդակներ ալ կան, որոնք կը ստուերեն Շարժման գաղափարական եւ սկզբունքային բովանդակութիւնը: Առաջին ազդակը այն է, որ հայրենիքի ու հայութեան ինքնիշխանութեան ու ազատութեան սպառնացող արտաքին ուժերուն կողքին՝ մեծ սպառնալիք կը հանդիսանան Հայաստանի սեփական իշխանութիւնները եւ իրենց ածանցեալ արցախեան ղեկավարութիւնը, ինչ որ անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ իշխանութեանց հեռացումը: Հետեւաբար, «Դիմադրութիւն» Շարժումը արդարօրէն յառաջ կը քաշէ պարտուողական քաղաքականութեան կրող իշխանութեան հեռացումը, բայց ո’չ որպէս ներքաղաքական սովորական իշխանափոխութիւն, այլ՝ իբրեւ ազգային անվտանգութեան սպառնացող չարիքի անյետաձգելի վերացում: Այստեղ, մեծ ընելիք կ’ակնկալուի «Դիմադրութիւն» Շարժումէն, որ իր խօսքը համոզիչ դարձնէ եւ պահանջուած իշխանափոխութիւնը յստակ ու շեշտուած ձեւով, խօսքով ու գործով տեղադրէ ազգային ազատագրական պայքարի տրամաբանութեան մէջ, խորտակէ իշխանութիւններու քարոզչամեքենայի ստեղծած աղաւաղուած պատկերը եւ ընդարձակէ պայքարի համահայկական ծիրը՝ մէկտեղելով ազգի կարող ու առողջ բոլոր ուժերը, որոնք եւս տագնապած են ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով: Միւս կողմէ, ազգի ու հայրենիքի ճակատագրով մտահոգուած կարող ու առողջ ուժերը իրենց կարգին՝ պէտք է հայ իրականութեան մէջ ընթացող իրադարձութիւնները դիտեն ներքաղաքական պայքարի սովորական տրամաբանութենէն դուրս եւ զանոնք ընկալեն իբրեւ ազգի ու հայրենիքի համար մղուած օրհասական կռիւ:

Ներքաղաքական սովորական պայքարները բոլոր պետութիւններուն համար, բնականաբար պէտք է հաշուի նստին պետութեան օրինական ու սահմանադրական կարգին հետ: Սակայն, երբ խնդիրը կը վերաբերի պետութեան լինելիութեան, ազգային անվտանգութեան սպառնացող լրջագոյն վտանգին, սահմանադրութեան ու հիմնական օրէնքի ոտնակոխման՝ այնտեղ աւելի դժուար ու յաճախ անարդիւնաւէտ կը դառնայ բացառապէս օրինական միջոցներով իշխանութեան մը հեռացման պայքարը, մանաւանդ՝ երբ իշխանութիւնը հակաօրինական բոլոր միջոցներով իր իշխանութիւնը պահելու յանցաւոր ընթացքի մը մէջ է: Սնանկ է այն փաստարկը, որ այսօրուան իշխանութիւնները ժողովրդին կողմէ լիազօրուած են ընելու այն ինչ, որ այսօր կ’ընեն: Ժողովուրդները իրենց իշխանութիւնները կ’ընտրեն երկրի ամբողջականութիւնը պահպանելու, անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, իր բնակավայրին մէջ անհոգ ապրելու, արտաքին սպառնալիքներուն դէմ կանգնելու, տնտեսական ու ներդրումային կայունութիւն հաստատելու եւ երկրէն ներս ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու համար: Իսկ, ժողովրդավարութիւն դաւանող երկիրներու մէջ անընդունելի է որեւէ իշխանութիւն ինքզինք բոլոր օրէնքներէն վեր դասէ, հակաօրինական բոլոր միջոցներով ամէն տեսակի ընդդիմախօսութիւն ճնշէ, միջպետական համաձայնութիւններ կնքէ, ազգային անվտանգութեան սպառնացող որոշումներ կայացնէ միանձնեայ ձեւով ու անտեսելով բոլոր տեսակի օրէնքներ ու Սահմանադրութիւն:

Ազգային անվտանգութեան սպառնացող ներազգային վտանգին դէմ պայքարին զուգահեռ եւ կրկին տեղաւորուելով ազգային ազատագրական պայքարի տրամաբանութեան մէջ, կայ նաեւ արտաքին սպառնալիքներուն դիմադրելու անհրաժեշտութիւնը: Ի վերջոյ փաստ է, որ մեր ազգին ու ազգայինին հանդէպ կոյր ու դարաւոր թշնամութիւն տածող ուժեր այսպէս կոչուած իշխանութիւններուն հետ ձեռք ձեռքի տուած՝ մեր ազգի ու հայրենիքի ճակատագիրը տնօրինելու լկտի ընթացքի մէջ են: Հետեւաբար, այս անընդունելի ընթացքը կասեցնելու միակ միջոցը այնպիսի լծակներու ստեղծումն է, որ թշնամիներուն եւ իրենց յանցակիցներուն կ’ապացուցէ, թէ իշխանութեան տիրացած ու ապօրինութիւններով զայն պահած ինչ որ խմբակ՝ չեն կրնար տնօրինել ազգին ու հայրենիքին ճակատագիրը: Այդ լծակներու ստեղծումը «Դիմադրութիւն» Շարժման առաքելութեան կիզակէտն է եւ համազգային ներդրումով իրականանալիք նպատակ: Ճիշտ այստեղ է, որ ներազգային մակարդակով որեւէ մէկը դիտորդի կարգավիճակի մէջ մնալու, ներքաղաքական ճղճիմ հաշիւներով առաջնորդուելու կամ անհասկնալի չէզօքութիւն խաղալու իրաւունք չունի: Որեվհետեւ, պահի լրջութիւնը եւ կորուստներու օրհասական ընթացքը երբեք տեղ չի տար դիտորդի կարգավիճակի մէջ մնալու անիմաստ հիմնաւորումներուն: Կամ ազգովին, կը մղենք մեր ազգային ազատագրական պայքարը ընդդէմ ներքին ու արտաքին բոլոր սպառնալիքներուն, կամ՝դիտելով, խոհեմութեան կոչ ուղղելով, մտահոգութիւն արտայայտելով, երբեմն ալ դատապարտելով՝ կը վերադառնանք աղէտէն ճողոպրած մեր ազգի բեկորները անգամ մը եւս հաւաքելու նախկին հանգրուանին:

Չէզօքութիւն կարելի է խաղալ ներքաղաքական պայքարի երկու հակադիրներու միջեւ, բայց ո’չ հայրենազրկումի ու հայրենատիրութեան միջեւ, հայրենադաւութեան ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջեւ: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի փանթուրանական ծրագիրները ոչ միայն չեն վերացած, այլ նոր ախորժակներով ու հայութեան նոր կորուստներ պատճառելով դեռ կը շարունակուին, ուստի, անոր ու անոր սայլին լծուած հայ պարտուողականութեան դէմ պայքարիլն է դամադրութիւնը, համազգային բոլոր միջոցներով ու լծակներով:

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

hairenikweekly.com

1