Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն ու ամբողջ կառոյցը՝ խստիւ կը դատապարտեն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգիլումը:
Այս վարքագծով, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկին յայտնուած վարչախումբը, կամայականօրէն ու գձուձ կերպով՝ անգամ մը եւս կ՚ոտնահարէ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքներն ու չափանիշերը եւ կը հարուածէ Հայաստանի պետական շահերուն։
Իբրեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող Խորհուրդի (CCAF) համանախագահ, Մուրատ Փափազեան բազմիցս ընկերակցած կամ գլխաւորած է ֆրանսական պետական բարձրաստիճան պատուիրակութեանց այցելութիւնը Հայաստան: Ան այս պարտականութիւնը կամովին իր ուսերուն առած է տասնամեակներէ ի վեր՝ ի շահ Հայաստանի ու Արցախի։
Հայրենիք իր մուտքի խափանման առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի իշխանութիւնը պարտաւոր է անյապաղ բացատրութիւն տալ կատարուածին առնչութեամբ։
Ժողովրդավարութեան «դրօշակիր» իշխանութիւններու այս գործելաոճը յստակօրէն կը փաստէ, որ կատարուածը շարունակութիւնն է իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական արշաւին, որուն դրսեւորումներն են վերջին ժամանակշրջանին կուսակցութեան անդամներու կալանաւորումները եւ այլ տիպի հալածանքներն ու բռնաճնշումները։
Ակնյայտ է, որ կատարուածը ժողովրդավարութեան, ազատ խօսքի եւ ազատ շրջագայութեան իրաւունքի դէմ հարուած է։ Այս ու նմանօրինակ արարքներով՝ «Հայաստանի պրենտը՝ ժողովրդավարութիւնն է» բարբաջող ՔՊ-ական ռեժիմն ու անոր ղեկավարը՝ անգամ մը եւս կ’ապացուցեն
իրենց բարձրաձայնած կարգախօսներու սնանկութիւնն ու կեղծիքը: Աւելի’ն՝ ներազգային առումով, անոնք կը շարունակեն սեպեր խրել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, մինչ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բնականոնացման ջերմ քայլեր կը նախաձեռնեն: Առիթ մը եւս՝ ցոյց տալու իրենց ապազգայի՛ն դէմքն ու քաղաքական նանրամտութիւնը, առիթ մը եւս՝ ընդգծելու իրենց ստանձնած օտարամուտ պատուէրներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը:
ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը իր բուռն ընդվզումը կը յայտնէ ժողովրդավարութեան ամբողջովին հակոտնեայ այս նենգ արարքին հանդէպ եւ կը պահանջէ Մուրատ Փափազեանի նկատմամբ «անցանկալի անձի» արգելքի անմիջական վերացումը։
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ
14 Յուլիս, 2022 թ.