Մայիս 28-ի պաշտօնական հանդիսութիւն մոնթրէալին մէջ

Կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» եւ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեանց եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա․ Անկախութեան 104-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը, Շաբաթ 28 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00ին Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի Ա․ Ահարոնեան բարեզարդուած սրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Քէպէքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւոյ հիւպատոս՝ Տիար Լեւոն Աֆէեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ ընկ․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ․ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․ Մհեր Գարագաշեան,Ս․Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Տ․ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեան, Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ Գոյունեան, ուղեկից միութիւններու եւ վարժարաններու պատկան մարմնի ներկայացուցիչներ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Տիկ․ Սեդա Թօփուզեան-Գուշեան Լաւալի քաղաքապետարանի Րէնօ շրջանի անդամ եւ բազմաթիւ համակիրներ։
Օրուան հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գանատայի քայլերգներով կատարողութեամբ՝ ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի փողերախումբին, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Լաւալ մասնաճիւղէն 4 սկաուտներ Գանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Լաւալի դրօշակները բռնած սրահ մտան ու զետեղեցին սրահին ձախ կողմը։



Օրուան հանդիսավարներ՝ ընկհ․ Թալիա Ճապրայեան եւ ընկ․ Յովիկ Կէտիկեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին եւ անդրադարձան Մայիս 28-ը կերտողներուն քաջագործութեան եւ աննկարագրելի յանդգնութեան մասին։
Զոյգ կոմիտէութեան սրտի խօսքը փոխանցեց ընկհ․Նորա Արուշեան։ Ան ըսաւ թէ հայասպան Եղեռնէն հազիւ երեք տարիներ ետք կոտորակուած եւ ջարդերէն մազապուրծ եղած բուռ մը հայութիւնը հրաշքի նման առասպելական ուժ մը գտաւ իր մէջ, մահէն դէպի յաղթանակ տանող վճռակամութեամբ ազգովին ընդառաջեց Արամ Մանուկեանի վճռորոշ կոչին, թէ․ «Երեւանը որեւէ գնով չենք յանձնելու»։ Այսպիսով Սարդարապատի հերոսամարտէն ետք՝ վեց դարերու գերութեան խաւար շրջանէն ետք իր անունը ամրագրեց ազգերու ընտանիքին մէջ իբրեւ անկախ պետութիւն։
Ու Սարդարապատի յաղթանակած ոգին էր որ կը տիրէր նաեւ Արցախեան պատերազմի օրերուն, որուն շնորհիւ 1992-ին ազատագրուեցաւ հայաշէն Շուշին։
Ընկհ․ Արուշեան հաստատեց, թէ հայուն դիւցազնական կարողութիւնն է, որ դժուարագոյն պահերուն իսկ միանգամայն կը համախմբէ ժողովուրդը եւ կը չէզոքացնէ թշնամին։ Այս կէտէն ելլելով գօտեպնդող խօսքերով զգաստացուց ներկաները, բռունցքները վեր բարձրացնել ու դէմ դնել դաւադիր ծրագիրներուն, որոնք հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը կը խախտեն եւ «Զարթի՛ր Լաօ» կարգախօսով ուղղուիլ, որովհետեւ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»։
Ընկհ․ Արուշեան շնորհաւորեց ներկաները եւ յոյս յայտնեց, թէ մեր աննկուն կամքով պիտի կարենանք կրկին անգամ ազատագրել շքեղ ու գեղեցիկ Շուշին։ Ան իր սրտի խօսքը փակեց հետեւեալ նախադասութեամբ «․․․ եթէ ելք ու ճար չէ մնացած ․․․ մենք գիտենք ․․․ որ խենթերը կը գտնեն հնար ․․․ Ազատ անկախ եւ Միացեալ Հայաստան ամէ՛ն բանէ վեր»։
Ներկաները ակնդրեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ երեւցան այդ օրերու փառահեղ յաղթանակը կերտող կամաւորական խումբերու հրամանատարներուն պատկերները ու անոնց խրախուսիչ խօսքերը , ինչպէս նաեւ այդ խառնաշփոթ օրերուն հայ ժողովուրդը ի մի բերող ղեկավար ու առաջնորդ Արամ Մանուկեանի պատկերը։ Տեսերիզի ցուցադրութեան ընթացքին կը լսուէր նաեւ Սարգիս Զէյթեանի խորիմաստ պատուէրն ու պատգամը՝ արտասանուած Մայիս 28-ի առթիւ։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ս․ Յակոբ վարժարանի 2-րդ կարգի աշակերտ Տարօն Զաքարեան, որ իր սրտին խօսքը տայ։ Ան ըսաւ․«Անկասկած շատ բան չեմ գիտեր Մայիս 28-ի մասին, սակայն ըսեմ թէ ամէն անգամ երբ այս բառը լսեմ, տարօրինակ ու անբացատրելի ուրախութիւն մը կը զգամ իմ մէջս։ Նախ արտասանողին բերնէն Մայիս 28 բառը այնքան անուշ դուրս կու գայ, կարծես այս բառը մեղրէն ալ քացղր ըլլայ , շաքարէն ալ։ Յետոյ Մայիս 28 բառը այնքան խորհրդաւոր ձեւով կ՚արտասանուի որ արտասանողին պէս ե՛ս ալ կը սկսիմ սիրել զայն ու հպարտանալ անով։ Անշուշտ կրկին առանց հասկնալու անոր իմաստը»։
Տարօնը իր խօսքի աւարտին խոստացաւ, թէ երբ մեծնայ,հայրենասէր ու ազգասէր պիտի ըլլայ։
«Անմահներուն» եւ «Իմ Հայ Ժողովուրդ» երգերը իր գեղեցիկ ձայնով մեկնաբանեց Տիկ․ Լաուրա Պէրպէրեան, որ մերթ ընդ մերթ կը փշաքաղէր ունկդիրը։
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Ս․ Յակոբ Ազգ․ վարժարանի 6-րդ կարգի աշակերտուհի Սիլվի Միքայէլեան եւ իր տիրող ներկայութեամբ ասմունքեց Ժագ Ս․ Յակոբեանի «Մէ՛կ ենք մենք ․․․» բանաստեղծութիւնը։
«Ղարաբաղ», «Պիտի գնանք» եւ «Հպարտ գնացէք» երգերը իր գեղեցիկ եւ բամբ ձայնով մեկնաբանեց Տիար Նժդեհ Պոտրումեան։



Օրուան պատգամաբեր՝ ՀՅԴ Գանատայի Կեդր․ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․ Մհեր Գարագաշեան իր խօսքը սկսաւ Արամ Մանուկեանի խօսքը մէջբերելով ․«Ամէն ոք իր մասին է մտածում։ Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի։ Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք է լինում, դա խօսք է՝ զուրկ իրական հիմքից ու անկեղծութիւնից։Հայերով ո՛չ ոք չի հետաքրքրւում, շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով։ Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկիրի ներսը կարգ հաստատելու»։ Ան շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդին ունեցած ազատութեան եւ անկախութեան ու գոյատեւելու տենչին, որուն պատճառով կրցաւ յաղթանակել Սարդարապատի մէջ ու պարտութեան մատնել գերադաս ուժերով օժտուած թշնամին։ Ընկ․ Գարագաշեան անդրադարձաւ ներկայ Հայաստանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան մասին եւ ըսաւ թէ կառավարութեան ղեկին նստած է վարչախումբ մը, որ Թուրքիոյ հետ բարեկամական կապեր կ՚ուզէ հաստատել եւ այդպիսով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը կը նսեմացնէ։ Ինչ կը վերաբերի Արցախեան 44 օրուայ պատերազմին՝ ապա Ընկ․ Գարագաշեանը հաստատեց, թէ Հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի պետութիւնը դէպի անդունդ առաջնորդող ղեկավարը կը շարունակէ նահանջել նաեւ միջազգային բեմերու վրայ եւ ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ է, նոյնիսկ զիջելով Արցախի եւ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերէն սկսեալ մինչեւ Տիգրանաշէնն ու Սիւնիքը ողջակիզելու։ Այս իսկ պատճառով Ընկերը կարեւորեց «Միութիւն, Պայքար, Յաղթանակ» նշանաբանին հետեւիլ։
Իր խօսքի աւարտին ընկ․ Գարագաշեան հաստատեց, որ հայութիւնը պարտաւոր է ձերբազատուիլ ազգային գաղափարախօսութենէ զուրկ ու դաւաճան իշխանութիւններէն եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ բռունցք կազմել, հայկական բանակին աջակցիլ ու ամէն տեղ պաշտպանել հայութեան շահերը։
Այնուհետու հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Գերաշնորհ Տ․Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանը, որ փոխանցէ իր սրտին խօսքը։
Օրուան հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» երգով, որուն մասնակցեցան ներկաներն ու ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան «Դրօ եւ Գետաշէն» մասնաճիւղի պատանիները, ծածանեցնելով եռագոյնն ու ՀՅԴ-ի դրօշները։
Շնորհաւոր Մայիս 28, հայ ժողովուրդին հպարտութիւն առթող պանծալի թուական։
Շողիկ Ազարիկեան – Ադամեան
28, Մայիս 2022
Մայիսեան Յաղթանակին Նուիրուած ՀՄԸՄ-ի Տողանցք
Ահաւասիկ երկար դադարէ մը ետք, Կիրակի 29,Մայիս 2022-ի կէսօրուան ժամը 11։45-ին ՀՄԸՄ-ական քոյրերն ու եղբայրները աշխուժօրէն փութացին L’Acadie պողոտայ, որ մեկնակէտը պիտի ըլլար Մայիս 28-ի փառահեղ յաղթանակին 104-րդ տարեդարձը նշելու։
Այս տարուան աւանդական տողանցքը կազմակերպեց ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութիւնը, որուն մասնակցեցան ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամները, Շրջ․ Սկ․ Խորհուրդի անդամները, Շրջ․ վարչութեան Մարզական Յանձախումբի անդամները ,ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի սկաուտական եւ մարզկան խումբերը, ՀՄԸՄ-Լաւալ մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը,ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի փողերախումբը, ինչպէս նաեւ Յոյն սկաուտներէն փաղանգ մը։
Այս տարուան տողանցքը կը տարբերէր նախորդ տարիներէն, որովհետեւ Վարչութիւնս գեղեցիկ գաղափար մը յղանալով՝ հրաւիրած էր իր մասնաճիւղի նախկին տարիներու վարչութեան անդամները, որպէսզի միանան շարքերուն եւ միասնաբար քալեն։
ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի փողերախումբի նուագակցութեամբ տողանցքը թափ առաւ L’Acadie պողոտայէն եւ անցնելով Charles Gill , Joseph-Casavant եւ Dudemaine փողոցները հասաւ Ս․ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ շրջաբակը ու դիմաւորուեցաւ Գանատայի Թեմի Բարձրաշնորհ առաջնորդ Տ․ Բաբգէն Արք․ Չարեանի , Մոնթրէալի Ս․ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ․ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանին,Արժ․ Տ․ Գառնիկ Աւագ Քհնյ․ Գոյունեանին եւ գաղութիս համակիրներուն կողմէ։
Փողերախումբը հնչեցուց Հայաստանի քայլերգը եւ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն։
Դրօշակի արարողութենէն ետք խօսք առաւ ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ եղբ․ Լէոն Արապեան։ Իր խօսքին մէջ ան շնորհաւորեց բոլորը, ապա յիշեցուց թէ մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կ՚ենթարկուի փորձութեան եւ հարկ է այս խառնաշփոթ օրերուն ըլլալ աւելի միակամ ու վճռական՝ անսասան պահելու համար մեր չքնաղ հայրենիքը, որպէսզի անոր երկնակամարին վրայ շարունակէ եռագոյնը ծածանիլ շնորհիւ իր զաւակներուն, որոնք մէկ բռունցք դարձած կրնան դէմ դնել թշնամիին։



Ապա հրաւիրեց Գանատայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ․Բաբգէն Արք․ Չարեանը, որպէսզի տայ իր հայրական օրհնութիւնը։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ 1918-ի հերոսական ճակատամարտերուն եւ կարեւորեց անոնց յաղթանակը, որովհետեւ առանց այդ հերոսամարտերուն հայ ժողովուրդը պիտի չունենար այսօրուան Հայաստանը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը պահպանիչով փակեց իր խօսքը, որմէ ետք սկսաւ կրկնեփուկներու վաճառքը՝ պատրաստուած ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին եւ կամաւորներու կողմէ։
Շնորհաւո՜ր Մայիս 28։
Ք․ Շողիկ Ազարիկեան
29, Մայիս ,2022
Լուսանկարիչ Մայք Թաշճեան
horizonweekly.ca