91 տարիներ ետք Դպրեվանքը կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, տարագրութենէն 91 տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը։ Առ այդ, Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ։
Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան, Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի Վանքին մէջ բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի 91-րդ հունձքին աւարտական հանդէսը, որուն ներկայ էին Կիլիկիոյ միաբանութեան հայրեր, ուսուցիչներ, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած ուխտաւորներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ ու բարեկամներ։Գեղարուեստական յայտագիրը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմենճեանին, կը կրէր «Հաւատք եւ Հող» խորագիրը եւ սաները ասմունքներով ու երգերով հանդէս եկան՝ ներկայացնելով հայկական մշակութային պատառիկներ։
Գեղարուեստական յայտագիրէն անմիջապէս ետք, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան արտասանեց 2021-2022 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի տեսչական իր խօսքը։
Հուսկ, տեսուչ հայր սուրբը Դպրեվանքի ուսուցչապետ՝ Նորին Ս. Օծութիւն Արամ Ա. Հայրապետը բեմ հրաւիրեց, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։Դպրեվանքի 2021-2022 91-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի հանդէսը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ։


