35 տարի առաջ, այս օրերուն
ՀՅԴ զինանշան ՀՅ Դաշնակցության Արցախի Կենտրոնական Կոմիտեի պաշտոնական կայքէջ
Գլխավոր » Լրահոս » 35 տարի առաջ, այս օրերուն

35 տարի առաջ, այս օրերուն

Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ գումարուող Համաշխարհային խաղաղութեան խորհրդաժողովին առիթով, կազմակերպուած է բազմաձայն զրոյց մը, նուիրուած` հարաւային Կովկասի ապահովութեան: Զրոյցին կը մասնակցէին Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ղեկավարները (նախագահ կամ վարչապետ) եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քարտուղարը: Բազմաձայն զրոյցի ընթացքին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կրկնած է իր կողմէ բազմիցս արտայայտուած յետպատերազմեան բանաձեւը. «Լեռնային Ղարաբաղ հասկացութիւն չկայ. Ազրպէյճանի մէջ չկայ այդ անունով վարչական շրջան. Ղարաբաղը Ազրպէյճանի շրջան է, ուր կ՛ապրի հայ ազգաբնակչութիւն»:

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը ունէր 180.000 բնակիչ, որոնց 80 առ հարիւրը հայեր էին: Եւ քանի որ Խորհրդային Միութեան նոր ղեկավար Միքայէլ Գորբաչով յիշեցուցած էր, որ «Լենինի ազգութիւններու քաղաքականութեան առանցքը այն է, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կարենայ գոհացնել իր պահանջները` իր ընկերային եւ քաղաքական կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ` մայրենի լեզու եւ մշակոյթ, սովորութիւններ եւ կրօնական հաւատք», Ղարաբաղի հայերը, բազմաթիւ բողոքներէ, խնդրագիրներէ եւ բազմահազար ստորագրութիւններով հանրագրութիւններէ ետք, անցած էին գործնական պայքարի: 35 տարի առաջ, 1988 փետրուարի 18-էն 29, ամբողջ ինը օր, ցոյցերը կանգ չառին Ղարաբաղի մէջ: Ցոյցերու երրորդ օրը, 20 փետրուարին, ԼՂԻՄ-ի Գերագոյն խորհուրդը ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պահանջեց Ղարաբաղի Հայաստանին կցումը: Սա է ղարաբաղեան, աւելի ճի՛շդ` արցախեան ժամանակակից տագնապին սկիզբը, տագնապ, որ կը շարունակուի ցարդ: 35 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցան բազմաթիւ դէպքեր, կայացան որոշումներ, եղան կռիւներ, որոնք պատճառեցին անհամար զոհեր, բանակցութիւններ եւ իրաւարարութիւններ: Բոլորը ապարդիւն: Անոնց թւումը պիտի չընենք, որովհետեւ մեր սիւնակները նեղ պիտի գային յիշատակելու համար զանոնք: Բայց չենք կրնար չյիշեցնել, որ շուտով ցոյցերը փոխադրուեցան Հայաստան, ուր անոնք շուտով վերածուեցան համատարած գործադուլներու:

Ամբողջ հայ ժողովուրդը, ինչպէս կը սիրենք կրկնել` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, ոտքի ելած էր Արցախի` Հայաստանի կցումին պահանջով:

Համահայկական այս ահեղ պայքարը յանգեցաւ նախ Արցախի անկախութեան հռչակման, ապա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, երկուքն ալ կատարուած օրինականօրէն կազմակերպուած հանրաքուէներու ճամբով:

Ղարաբաղեան պայքարը կը նկատուէր մէկ փուլը Հայ դատի ընդհանրական պայքարին: Հայաստանի անկախութիւնը մէկ ուրիշ, աւելի կարեւոր նոյն պայքարին, որ թափ առած էր ԺԹ. դարու կէսերէն սկսեալ: Երբ մտքով ետ երթանք 35 տարի առաջ եւ փորձենք այսօրուան հետ բաղդատել եղելութիւնները, պարզապէս կը շշմինք: Նո՞յն հայ ժողովուրդն է, որ 35 տարիներ առաջ Արցախի մէջ ամէն պատահարին կ՛արձագանգէր հազարաւորներու հաւաքներով, իսկ այսօր ահաւոր ճնշումներուն կը պատասխանէ գրեթէ օտարի անտարբերութեամբ: Կը հաւատայինք, որ անկախութիւնը իրեն հետ պիտի բերէ ազգային նոր զարթօնք, Հայ դատի պայքարի նոր ոգեշնչում: Իսկ հիմա, կը տեսնենք, որ անկախութիւնը, սխալ կիրարկուած քաղաքականութիւններու պատճառով, յառաջացուցած է ոչ միայն ազգին ու հայրենիքին ապագային նկատմամբ անտարբեր, այլ նաեւ յղփացած ու լկտիացած մարդոց փաղանգներ:

Նման ամուլ վիճակներ ունեցած է մեր ժողովուրդը իր տաժանագին պատմութեան ընթացքին: Պարտութիւններուն բերած հոգեբանական տեղատուութիւնն է, որ հարկ է բուժել: Բուժելու համար բժիշկ պէտք է, որ ցարդ չենք գտած: Չյուսահատինք` կը գտնենք: Անպայման կը գտնենք:

Յօդուածը գրելէ առաջ, մտքերս թարմացնելու համար երբ հին թուղթեր կը քրքրէի, գտայ Ղարաբաղէն հնչած հին կոչ մը, որ այսօրուան կացութեան այնքան բնորոշ կերպով կը պատշաճի: Ահաւասիկ կոչը, որ բնականաբար կը կրէ ժամանակի կնիքը:

«Հայ ժողովուրդ,

«Քո հատուածներից մէկը, որ դարերի մռայլ ու դաժան ճանապարհին միշտ բարձր է պահել քո անունը, եւ անկեղծ իր ինքնութիւնը, հիմա յարձակման վտանգի տակ է. Լեռնային Ղարաբաղը արդէն անուժ ու անօգնական, կորցրել է ամէն ապաւէն:

Մայր ժողովուրդ. որտեղ որ կաս, քեզ ենք դիմում, դու ես մեր յոյսն ու ապաւէնը. դու սեփական կառավարութիւն ունես, ունես կուսակցական կենտկոմ, նրանց ձայները չեն կարող չլսել. դու ունես զաւակներ, որոնց անունները աստղերին են հասել, որոնք աշխարհի մեծամեծների հետ են նստում, քննում են երկրագնդի ու ժողովուրդների ճակատագիրը, չի կարող պատահել, որ նրանց ձայնը չհասնի Քրեմլին, երկրի ղեկավարներին չհասնի փոքրիկ Լեռնային Ղարաբաղի մեծ որբերգութիւնը: Իր դաւաճան ղեկավարների ձեռքով ազրպէյճանական ցեղապաշտութեան կեր տրուած Ղարաբաղի հայութիւնը սպասում է քո փրկարար ձայնին, հայ ժողովուրդ, մայր ժողովուրդ»:

Փոքր ճիգով մը, բերէք ներկային:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com

1