2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի
Տարեմուտի մեր խոհերուն մէջ ու յատկապէս հայկականութեան եւ ազգային արժէքներու վերադարձի անհրաժեշտութեան ինքնապարտադրումին դիմաց, նախ եւ առաջ մեր հայեացքն ու յոյսը կ՛երթան բնականաբար հայ երիտասարդութեան:
Վայրագ համաշխարհայնացումի անհատակեդրոն, նիւթապաշտական եւ ազգային մշակոյթը քանդելու յորձանուտին առաջին հասանելի զոհերը երիտասարդներն են անտարակոյս:
Նոյն վայրագ համաշխարհայնացումը իր ստեղծած անդրազգային ու անդրհայրենիք գաղափարները կը տարածէ տեղեկութեանց անկաշկանդ (բայց ոչ միշտ ազատ) փոխանակման նորագոյն արհեստագիտութեամբ գաղափարազրկող նորարարութիւններով, աժան ու անմակարդակ մշակոյթի զարգացումով, ազգային ու հայրենասիրական տիպարներու փոխարէն մշակութասպան «արուեստագէտներու» մատուցումով (եւ ինչպիսի մատուցում…) ու դեռ զանազան ախտերու եւ մոլութիւններու նկատմամբ յանուն մարդկային իրաւունքներու «հասկացողութիւն» ցուցաբերող «մարդկայնութեամբ»:
Այս բոլորը, ուղեղալուացումի ճամբով ազգային մարդը, հաւաքականութեան մէջ ինքզինք արժեւորող մարդը, երիտասարդը կը միտին վերածել աշխարհաքաղաքացի անձնակեդրոն մարդու, որ դիւրաւ կարելի կ՛ըլլայ ղեկավարել, ուղղորդել ու զայն հեռացնել համաշխարհայնացումի գաղափարը ստեղծող ուժերուն կողմէ վտանգ նկատուող ոլորտներէն, արժէքներէն եւ սկզբունքներէն:
Հայ երիտասարդութիւնը ենթակայ է այլոց նման, իր ազգային ինքնութիւնը յափշտակող, պահանջատէր հաւաքականութեան պատկանելիութիւնը յօշոտող եւ հայկականէն դուրս այսպէս ասած «համամարդկային արժէքներով» (քողարկուա՛ծ բնականաբար) զբաղելու դիտումնաւոր գործընթացին:
Կը խօսինք երիտասարդութեան մասին իր ընդհանրութեան մէջ` հաւատալով, որ կը մնայ ազդեցութեան չենթարկուող յանձնառու երիտասարդութիւն մը, ուսանող թէ աշխատաւոր, որ տակաւին կը շարունակէ դիմադրել ապազգայնացնող երեւոյթներուն:
Խնդիրը, լուրջ տագնապ ըլլալով հանդերձ, չի ներկայանար պարզապէս ոչ հայկական վարժարան յաճախելու կամ խառն ամուսնութիւններ կնքելու հանգամանքով:
Մտահոգիչ է այս երեւոյթը վստահաբար, ու անհրաժեշտ է հաւաքաբար` եկեղեցի, կազմակերպութիւններ եւ մշակոյթ, արագ ու ախտաճանաչումներէն անդին ծրագրուած ու նպատակասլաց աշխատանքի լծուիլ անոր առաջքը առնելու համար:
Հիմնականն ու քանդիչը միւսն է` ապազգայնացման հոսանքը, ապահայկականացման հոսանքը, որուն դէմ պատուար կանգնելու պատասխանատուութիւնը մեր պարտաւորութիւնն է:
Երիտասարդութիւնը է եւ պիտի մնայ մեր յոյսն ու ապաւէնը: Կրնանք տարբեր կարծիքներ ունենալ: Կրնանք վիճիլ: Կրնանք հինի ու նորի խրամատը լայն տեսնել: Կրնանք թերեւս որդիների պայքարը չհանդուրժել հայրերի դէմ:
Բայց չենք կրնար չտեսնել իրականութիւնը:
Չենք կրնար միասնաբար չզգալ ցաւն ու տագնապը:
Չենք կրնար չահազանգել եկող վտանգը, որ նուազ ահարկու չէ, քան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կակուղ, անարիւն, քաղցրահունչ բառերով ու գաղափարներով համեմուած ցեղասպանութիւն է այս մէկը:
Այո՛, մենք պարտաւոր ենք տեսնել իրականութիւնը, ինչքան ալ ցաւցնող ըլլայ ան: Բայց տեսնելէն անդին, պարտինք գիտակցիլ այդ իրականութեան ահաւորութեան:
Ու ճիշդ հոս է, որ կը կայանայ յանձնառու երիտասարդութեան դերակատարութիւնը: Որեւէ հայկական կուսակցութեան, յարանուանութեան կամ միութեան պատկանող հայ երիտասարդութեան առաջնահերթ պարտականութիւնն է պողպատեայ վճռակամութեամբ դէմ կանգնիլ այս յորձանուտին:
Պարտինք մեզի բերել օտարութեան ծովուն մէջ լողացող, բայց անպայման վաղը, օր մը, խեղդամահ ըլլալու դատապարտուած երիտասարդը:
Պարտինք համոզել, մեր ովասիսին բերել այլասերող գաղափարներով հմայուած հայ երիտասարդը եւ խոպանացումէն ձերբազատել զինք:
Պարտի՛նք ցոյց տալ անոնց, որ հայկական արժէքը եթէ գերադաս չէ օտարի արժէքին, գէթ նոյն աստիճանաչափով արժէք է:
Պարտինք ընել այնպէս, որ տարբեր պատճառներով խուսանաւումի մէջ եղող նման երիտասարդներ գիտնան, որ իրենք մոլորեալ աշխարհները չեն մեր ազգին, այլ իրենք մեր մօտ կրնան գտնել լայն թեւեր եւ զիրենք ուրախութեամբ ընդունող միջավայր:
2018-ին, նոր մարտահրաւէր մը եւս ունինք մեր դիմաց:
Երիտասարդութեան հայկական ինքնութեան վերադարձի հրաւէրի մարտահրաւէրն է այդ:
Հայկականացնենք երիտասարդութիւնը:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com