126 տարի առաջ, այսօր. «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն»
Գլխավոր » Գաղափարական » 126 տարի առաջ, այսօր. «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն»

126 տարի առաջ, այսօր. «Պանք Օթոման գրաւած է Դաշնակցութեան կոմիտէն»

Պոլիս, Պանք Օթոման, 1896:
Օգոստոսի 14:
Խումբ մը Դաշնակցական հայդուկներ, կը ներխուժեն ու կը գրաւեն Պոլսոյ Պանք Օթոմանը եւ կը ներկայացնեն իրենց պահանջագիրը:
Գործողութիւնը հակադարձութիւն մըն էր 1894-1896 համիտեան ջարդերուն, որոնք արեամբ ներկած էին հայոց գաւառներն ու քաղաքները: Պոլսոյ ՀՅԴ «Վիշապ» Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, կ՚որոշուէր զօրաւոր հարուած մը տալ սուլթանին: Մէկ կողմէ թուրքը իր որջին մէջ հարուածելու, եւ միւս կողմէ` եւրոպական երկիրները ցնցելու կը միտէր Պանք Օթոմանի գրաւումը:


Բաբգէն Սիւնի, Հրաչ Թիրիաքեան, Արմէն Գարօ, Վարդան Շահպազ, թիւով 31դաշնակցականներ մասնակից կը դառնան դրամատան գրաւման։
14 օգոստոսի կէսօրուան ժամերուն արդէն դրամատունը գրաւուած է: Դաշնակցական հերոս Բաբգէն Սիւնի (Պետրոս Փարեան), որուն կազմակերպչական տաղանդին ու կամքին շնորհիւ կազմակերպուած էր գրաւման գործողութիւնը՝ առաջին նահատակը կը դառնայ դրամատան մուտքին:
Դրամատան մէջ, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչի ղեկավարութեամբ մարտերը կը շարունակուին 18 ժամ: Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն հանրութեան կը յղէ պահանջներն ու գործողութեան նպատակը:
Դրամատունը գրաւող յեղափոխականներուն պահանջագիրը բաղկացած էր չորս կէտերէ.
ա.- Դադրեցնել Պոլսոյ մէջ սկսած անմեղներու կոտորածը,
բ.- Դադրեցնել դրամատան դէմ յարձակումը, հակառակ պարագային պիտի պայթեցնեն դրամատունը,
գ.- Գրաւոր երաշխիք տալ հայկական նահանգներու բարենորոգումներուն մասին,
դ.- Ազատ արձակել հայ քաղաքական բոլոր բանտարկեալները:
Կէս գիշերէն ետք, ժամը 1:00-ին, Ռուսիոյ դեսպանատան ներկայացուցիչ Մաքսիմով եւրոպական դեսպաններու անունով դրամատունը գրաւողներուն կը հաւաստիացնէ, որ կը խոստանայ ազդել սուլթանի կառավարութեան վրայ եւ իրագործել տալ բարենորոգումները, ինչպէս նաեւ կը խոստացայ ապահովել դրամատունը գրաւողներու անվնաս հեռացումը Թուրքիայէն: Դրամատան մէջ պատանդ բռնուած 156 պաշտօնեաները ազատ կ՚արձակուին:
15 օգոստոս 1896-ի Առտուան դէմ յեղափոխականները իրենց զէնքերով դուրս կու գան դրամատունէն եւ ֆրանսական նաւով կը փոխադրուին Մարսէյլ:

horizonweekly.ca

1