Քոնկրեսականներ Կ՛ողջունեն Արցախի Բարեկամներու Համաժողովին Իրականացումը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էլիըթ Էնկըլ, Տեղեկահաւաքի յանձնախումբի ատենապետ Էտըմ Շիֆ, Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճէյմզ ՄըքԿավըրն իրենց ձայնը միացուցած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի այլ անդամներու՝ ողջունելով Արցախի Բարեկամներու համաժողովին գումարումը եւ այդ հաւաքին յղուած իրենց յայտարարութիւններուն մէջ դրուատեցին Արցախի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Յիշեցնենք, որ քոնկրեսական Էնկըլ, Էտ Ռոյսի հետ համահեղինակն է Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով ներկայացուած առաջարկներուն, որոնց հիման վրայ քոնկրեսական Ճուտի Չուիի յառաջ մղած առաջադրութիւնը մաս կազմեց 2020ի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ամավարկի օրինագիծին։
Ժողովին ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ Արցախին ամերիկեան աջակցութիւններու առաջին «կնքահայրը»՝ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համատենապետ Ճեքի Սփիր, որ վերջերս Չուի հետ Արցախ այցելցած էր։
Քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա եւ Տինա Թայթըս զօրակցական պատգամներ յղեցին Արցախի արտքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅԴի կողմէ կազմակերպած համաժողովին, որուն մասնակցեցան Քալիֆորնիոյ նահագնային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փոթանթինօ, Ճորճիայի նահանգային խորհրդարանի անդամ Տեպրա Ճոնզ Պազեմոր, Քալիֆորնիոյ նահագնային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճեսլըի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Արեւելեան Լենսինի (Միշիկըն) քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրըն Սթեֆընզ, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը։
asbarez.com