Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը
Գլխավոր » Լրահոս » Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (33-0 եւ 7 ձեռնապահ) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն:

Նշենք, որ նահանգային խորհրդարանը Մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այս բանաձեւը, զոր ներկայացուցած էր խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան:

Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն:

Ատրին Նազարեան ողջունեց Ծերակոյտին կողմէ բանաձեւին վաւերացումը եւ շեշտեց, թէ բանաձեւը յստակ պատգամ մըն է Անգարայի իշխանութեանց, որ պէտք է դադրեցնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը՝ յիշեցնելով, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կը շեշտուի, որ վերջ պէտք է դնել Թուրքիոյ այդ նենգ քաղաքականութեան:

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ Cal-STRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:

Անիկա նաեւ կ՛արգիլէ նոր ներդրումներ կամ ներդրումներու նորոգութիւն կատարել։

Այժմ բանաձեւը պէտք է ստորագրուի նահանպապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ, ի զօրու դառնալու համար։

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը Ծերակոյտին կողմէ՝ յոյս յայտնելով, որ նահանգապետը կը ստորագրէ զայն: Ան յիշեցուց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն, այս արշաւին (DivestTurkey) համար մօտէն կը գործակցի ՀԵԴի, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ:

asbarez.com

1