Սթրովոլոսի քաղաքապետեւթեան պատվիրակութիւնը Արցախում

ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի գրասենյակի ֆեյսբուքյան էջում ամփոփվել է Սթրովոլոս քաղաքի քաղաքապետի այցելությունը Արցախ
ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կազմակերպութեան եւ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Սթրովոլոսի քաղաքապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացեալ Աննա Քարիտիսէն, Իրինի Վիոլարիէն, Մարիոս Հաճիվասիլուէն, Մարիոս Անտրէուէն եւ Փանայոթիս Մանոլիէն, Արցախ այցելեց ղեկավարութեամբ քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուսի: Անոնք տեսակցութիւններ ունեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի հետ: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցին ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Մահտեսեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող տարբեր հարցեր: Նախագահը նշեց, որ Կիպրոսը յատուկ տեղ կը գրաւէ Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ, եւ հանրապետութիւնը շահագրգռուած է այդ երկրին եւ անոր տարբեր միաւորներուն հետ կապերու ընդլայնումով ու խորացումով: Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան ըսաւ. «Սթրովոլոսի քաղաքապետութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Արցախ զանազան մարզեր ընդգրկող սերտ համագործակցութեան սկիզբ է, որ, յուսանք, աւելի կ՛ընդլայնուի»:
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս այցելութիւնը, որ կարելի դարձաւ Կիպրոսի մեր գործընկերներու գերազանց աշխատանքին շնորհիւ, հիանալի առիթ է Կիպրոսի եւ Արցախի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Մեր նպատակն է Արցախի ու Կիպրոսի հասարակութիւններուն միջեւ կապերու խորացումը: Ասիկա քայլ մըն է Արցախը` Ազրպէյճանի պարտադրած մեկուսացումէն դուրս բերելու ուղղութեամբ»: Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Կիպրոսի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին անդրադարձաւ Կիպրոսի եւ հայ ժողովուրդներու պատմութիւններու եւ ճակատագիրներու նմանութեան` համոզմունք յայտնելով, որ պարբերական հանդիպումները կարելիութիւն պիտի ստեղծեն իրարու ճանչնալու եւ երկու երկիրներու քաղաքներուն միջեւ կապերը մնայուն դարձնելու:
Քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուս խօսեցաւ Կիպրոսի մէջ բնակող հայ համայնքին եւ անոր գործունէութեան մասին: «Համոզուած եղէք, որ այս պահէն սկսեալ Արցախի պայքարի դեսպաններն ենք ո՛չ միայն Կիպրոսի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին մէջ», նշեց Սթրովոլոսի քաղաքապետը: Անկէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում «Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբին հետ, որուն նախագահը`Արցախի Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ ՀՅԴաշնակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան, հիւրերուն ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կառուցուածքը: Արցախի արտգործ նախարար Մասիս Մայիլեան Կիպրոսի պատուիրակութեան այցելութիւնը շատ լաւ առիթ նկատեց ծանօթանալու երկրին, հանրապետութեան մէջ պետականաշինութեան հոլովոյթին, յատկապէս` տեղական ինքնակառավարման համակարգի զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ եւ այցելեց «Հալօ Թրասթ» միջազգային ականազերծման կազմակերպութիւն: 26 սեպտեմբերին Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւս ընդունեց Սթրովոլոսի պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ ապագայ համագործակցութեան հարցը:
Նյութը՝ Կիպրոսի Հայ Դատի գրասենյակի ֆեյսբուքյան էջից