Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը իր աշխատանքները կատարեց Աթէնքի մէջ
Գլխավոր » Գաղափարական » Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը իր աշխատանքները կատարեց Աթէնքի մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը իր աշխատանքները կատարեց Աթէնքի մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան հիւրընկալութեամբ, Ուրբաթ՝ 10 Մայիսի առաւօտեան ժամը10:00ին, Աթէնքի «Նովոթել» պանդոկի ժողովասրահին մէջ ընթացք առաւ միութեան երիտասարդական առաջին համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան 17 շրջաններէ 18-30 տարիքի 39 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներու:
Երկօրեայ համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Շուշիիազատագրման կռիւներուն եւ ընդհանրապէս արցախեան պայքարի ճակատներուն զոհուած ազատամարտիկներուն եւ հայկական բանակի զինուորներուն յիշատակը:
Այնուհետեւ, համագումարը կազմեց իր դիւանը եւ համագումարին աշխատանքներուն քարոզչութեամբ զբաղող յատուկ յանձնախումբը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւհիւրընկալ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ Մարլեն Տաքէսեան:
 
 
Ան ողջունեց աշխարհի զանազան շրջաններէն Աթէնք եկած երիտասարդները եւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար երիտասարդութիւնը եղած է ու կը մնայ մնայուն ուշադրութեանառարկայ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ նկարագիր կը կերտուի, անհատականութիւն կը դարբնուի հաճելի եւ օգտակար մթնոլորտի մէջ:
 
 
Համագումարի աշխատանքներուն անդրադառնալով` Տաքէսեան յոյս յայտնեց, որ երիտասարդները իրենց քննարկումներով ու առաջարկներով նոր թարմութիւն եւաշխուժութիւն կու տան միութեան համահայկական աշխատանքներուն:
 
 
Ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը ուղղեց ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւններէն ետք, միութիւնը երկրորդ 100ամեակի իր առաջին քայլը կ’առնէ երիտասարդական աննախընթաց համագումարով: Մինչեւ օրս միութիւնը կը գործէ սկաուտական եւերիտասարդական թեւերով ու մեծաթիւ շարքերով: Սակայն, երբ այդ շարքերը հասնին երիտասարդութեան փուլին, եւ աւելի ճիշդը` 18-30 տարեկանին, ինչ-ինչ պատճառներովանոնք աշխատանքի դաշտ չեն գտներ իրենց դիմաց, հետզհետէ կը հեռանան միութենէն եւ հետագային քիչերն են միայն, որոնք տարիներ ետք կը վերադառնան եւ վարչականպատասխանատուութիւններ կը ստանձնեն:
 
«Հետեւաբար անհրաժեշտութիւնը զգացուեցաւ ստեղծելու միջավայր մը, ուր երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ կարենան իրենցգործունէութիւնը շարունակել, աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծել եւ իրենց կապուածութիւնը պահել միութեան հետ»,- նշեց ան: Շարունակելով՝ Գառնիկ Մկրտիչեանյայտնեց, որ համագումարին գաղափարը ծնաւ նաեւ այլ մտահոգութենէ մը` մեր երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները կանուխէն պատրաստել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական հարցերուծանօթացման եւ քննարկման: Ի վերջոյ, այսօրուան երիտասարդները վաղուան մեր պատասխանատուներն են, եւ միութեան Պատգամաւորական ժողովի մակարդակովարծարծուած խնդիրները քննելը, անոնց մասին կարծիք յայտնելը եւ ապա համագումարին ճամբով այդ կարծիքները մինչեւ Պատգամաւորական Ժողով հասցնելը, անկասկած, օգտակար փորձառութիւն է:
 
 
Մկրտիչեան շեշտեց, որ երրորդ եւ հիմնական նպատակը այս համագումարին օրուան հարցերը, մանաւա՛նդ երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը, նոյնինքներիտասարդութեան ակնոցով քննելն է եւ այդ հարցերուն նոր եւ արդիական լուծումներ գտնելն է:
Գառնիկ Մկրտիչեան հարց տուաւ, թէ ո՞ւր է այսօր հայ երիտասարդութիւնը այս բոլորին մէջ: Մեր միութիւններուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ՞ մեր կեանքին գլխաւոր բացական է: Իսկի՞նչ կ’ընենք մենք, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ շրջաններու միաւորներ, գաղութներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ, ազգ ու պետութիւն, հայ երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր կեանքինմէջ ներգրաւելու համար:
Ապա՝ Մկրտիչեան աւելցուց.- «Մինչեւ օրս մեր որդեգրած միջոցները սկսած են իրենք զիրենք սպառել: Նոր իրականութիւնները կը թելադրեն նոր մօտեցումներ: Ազգային-միութենական մեր կառոյցները կորսնցուցած են երբեմնի իրենց գրաւչութիւնը: Անցեալի գործունէութեան դրամագլուխը սկսած է մաշիլ: Միութենականութիւնը դադրած էժառանգական յատկանիշ մը ըլլալէ: Զաւակները անպայման չեն հետեւիր իրենց ծնողներու օրինակին, որովհետեւ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը փոխուած է եւհարցում մը սկսած է ինքզինք պարտադրել, թէ` աւանդական մեր արժէքները այլեւս որքանո՞վ կը համապատասխանեն նոր սերունդի մտահոգութիւններուն, պայմաններուն եւսպասումներուն: Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ: Այս բոլորը իրականութիւններ են, որոնց մասին անպայման պէտք է խօսիլ, ապածրագրել, որոշել եւ գործի անցնիլ նախկինէն աւելի արագ կշռոյթով, դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան արդի մօտեցումներով, տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ,կառուցային ժամանակակից յարմարութիւններով եւ մեր շրջապատին աւելի լայնօրէն բացուելու քաղաքականութեամբ»:
1