Կրակներու եւ ջարդերու մէջէն ծնաւ Մայիս 28-ի պետականութիւնը
Գլխավոր » Լրահոս » Կրակներու եւ ջարդերու մէջէն ծնաւ Մայիս 28-ի պետականութիւնը

Կրակներու եւ ջարդերու մէջէն ծնաւ Մայիս 28-ի պետականութիւնը

Հարցազրոյց UCLA համալսարանի դասախօս դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանի հետ

Հ.- Տիկի՛ն Ռուբինա, այս տարի ողջ հայութիւնը, իր պետութեամբ եւ սփիւռքով, կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Ինչո՞ւ յոյժ կարեւոր կը նկատուի սոյն իրադարձութեան համահայկական տարողութեամբ նշուիլը:

Ռ.Փ.- Շատ պարզ է, որ 100-ամեակը, իրականութեան մէջ, ոչ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման հարիւրամեակն է, այլ՝ մեր պետականութեան վերստեղծման, եւ այդ իմաստով մեծ կարեւորութիւն ունի, անկախ անկէ, թէ ո՛վ էր այդ ժամանակուան իշխանութիւնը, կարեւորը մեզի համար այն է, որ մեր ժողովուրդը 1915-ի ջարդերէն եւ կոտորածներէն վերապրած՝ յաջողեցաւ 2 տարուան հանրապետութիւն գոյացնել, որ իր կառուցուածքով եւ ենթակառոյցներով դեռ եւս անկրկնելի է: Այս տեսակէտէն մեկնելով է, որ պէտք է կարեւորութիւն ընծայենք այդ տօնակատարութիւններուն, պէտք չէ զանոնք վերածենք ցուցադրութիւններու, այլ անոնք պէտք է ըլլան ուսուցողական, որովհետեւ մեր երիտասարդութիւնը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ կ’անգիտանայ այդ ժամանակաշրջանի կարեւորութիւնը, անոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ անկիւնադարձային դէպք էր 1918 Մայիս 28-ի այդ յայտարարութիւնը, եւ ի՛նչ համարձակութիւն էր նման բան յայտարարելը: Իսկ Հայաստանի մէջ ամբողջ սովետական շրջանին սովետական պատմագրութեան խեղաթիւրուած պատմութիւն փոխանցուած է մեր ժողովուրդին, անոնք տարբեր ձեւով կը մեկնաբանեն այդ շրջանի իրադարձութիւնները, հետեւաբար Հայաստանի մէջ մենք շատ աւելի մեծ աշխատանք ունինք տանելիք՝ այդ ժամանակաշրջանը, որպէս մեր պատմութեան անկիւնադարձ, երիտասարդութեան ուսուցանելու:

Հ.- Մեր ժողովուրդը ունեցած է բաւական դառն ճակատագիր, ցեղասպանութիւն ապրած է, բայց շատ չանցած հիմնած է պետականութիւն: Ի՞նչ դերակատարութիւն կրցաւ ունենալ երկու տարուան այդ մեր անկախութիւնը այսօրուան մեր կերտած հանրապետութեան ստեղծման մէջ:

Ռ.Փ.- Ընդունուած իրականութիւն է, որ եթէ չըլլար 1918-ի մեր ազատ, անկախ հանրապետութիւնը, այսօրուան Հայաստանը գոյութիւն չէր ունենար: Անկախ Հայաստանը իր ֆիզիքական գոյութեամբ եւ իր սահմաններով առաջին անգամ որպէս Հայաստան նշուեցաւ եւ ճանչցուեցաւ այդ ժամանակաշրջանին, թէկուզ սովետական շրջանին կոտորակուեցաւ, թէկուզ սահմանները շատ նեղցան, տարբեր դաշինքներ կնքուեցան՝ թրքական մեղսակցութեամբ, թրքական-պոլշեւիկեան մրցակցութեան զոհ դարձան կարգ մը շրջաններ, բայց այդ Հայաստանը մնաց Հայաստա՛ն եւ կորիզը դարձաւ 70 տարիներու սովետական Հայաստանի զարգացման. այդ առումով նաեւ սովետական Հայաստանի պետական, կրթական թէ մշակութային հիմքերը դրուած էին այդ 2 տարուան պետականութեան հիմքերուն վրայ: Երբ սերտէք Հայաստանի Հանրապետութեան 2 տարիներուն ընթացքին կրթական եւ մշակութային զարգացումը, կը հիանաք, թէ ի՛նչ արագընթաց զարգացում ապրած է կրթական եւ մշակութային կեանքը միայն երկու տարուան ընթացքին: Սոսկալի վիճակի մէջ յայտնուած այդ օրերու Հայաստանի Հանրապետութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական տեսակէտներէն, երբ ամէն կողմէ թշնամիները կը յարձակէին, անդին Աղբալեանի նման մէկը այդտեղ համալսարան, մշակոյթի տուն, թատրոնի տուն հիմնած է, որ առ այսօր գոյութիւն ունի: Հետեւաբար պէտք է գիտակցինք, որ այսօրուան եւ սովետական Հայաստանի հիմքերը կը կազմեն 1918-ին հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակէն ետք եւ նոր պետականութեան լոյսին տակ, ինչպիսի՞ իրագործումներ կը սպասուին մեր պետութենէն:

Ռ.Փ.- Բաւական դժուար հարց է… երեւի ամէն մարդ իր տեսլականը ունի… բայց շատ պարզ է, որ ժողովուրդի սպասումը կեանքի բարօրութիւնն է: Այնքան յուսահատութիւն կայ իրականութեան մէջ, որ կարծես մեզ ալ վարակեր է… բայց նաեւ կայ ցանկութիւնը, որ գուցէ ցանկալով ու երազելով իրականութիւն դառնայ, գուցէ որոշ չափով ազդեցիկ ըլլայ մեր մտաւորականութեան ներդրումը, եթէ անոնք ալ չյուսահատին, փայլուն ապագայի տեսլական ունենան եւ այդ ապագան կարենան ներկայացնել մեր ժողովուրդին, որովհետեւ մտաւորականութեան պարտականութիւնը ա՛յս է, որ պարզ ժողովուրդին տեսածէն աւելին ու լաւագոյնը կարենան տեսնել եւ այդ ձեւով ուղղորդել ժողովուրդը: Մեր տեսլականը եւ ընդհանրապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեսլականը, տնտեսական բարօրութեան տեսակէտէն, շատ լուսամիտ էր եւ մեծ ոգեւորութեամբ սարքուեցաւ տարիներ առաջ, անկախութեան սկիզբը, բայց այդ մէկը գզրոցներուն մէջ մնաց, որովհետեւ ո՛չ կարողութիւնը կար զայն գործնականացնելու եւ ո՛չ ալ պատրաստակամութիւնը հակադաշնակցական հատուածին կողմէ՝ զայն իւրացնելու: Ուրեմն կենսականը այն է, որ փոխադարձ հասկացողութեամբ, համագործակցութեամբ եւ մանաւնդ սփիւռքի մասնագիտական ուժն ալ ներդնելով կարենանք Հայաստանի տնտեսականը բարելաւել:

Իսկ մշակութային ասպարէզին մէջ վերելքը շատ արագ կ’ընթանայ, որովհետեւ մեր ժողովուրդը մտքի թռիչք ունի եւ շատ դիւրութեամբ կրնայ մշակութային վերելքներու հասնիլ, եթէ ճնշումներ գոյութիւն չունենան, քաղաքականութիւն չբանեցուի եւ ազատութիւն տրուի: Կրթական համակարգի առնչութեամբ՝ երբ սովետական կառոյցը լրիւ ջնջուեցաւ, ոչինչ կար զայն փոխարինող, օտար կրթական համակարգներէն ընդօրինակումները այդքան ալ արդիւնաւէտ չեղան, մենք տակաւին ազգային ու համամարդկային կրթական համակարգ ստեղծելու դժուարութիւն ունինք, որ կարենայ ծառայել հայ մարդն ու աշխարհաքաղաքացին ստեղծելու, որպէսզի կարենանք հայ երիտասարդը դաստիարակել, որ ոչ թէ դուրս գայ Եւրոպաներն ու Ամերիկաները իր սորվածով ու մտքի թռիչքով սատարելու այդ ժողովուրդներու վերելքին, այլ կարենանք պահել զիրենք մեր հայրենիքին մէջ: Ես մեծ յոյս ունիմ նոր սերունդին վրայ, ա՛յն սերունդին, որ այսօր կը դաստիարակուի բաց մտքով եւ կը զինուի ազգային գիտելիքներով: Յոյսով եմ, որ սերնդափոխութիւն տեղի կ’ունենայ, եւ մեր երիտասարդները իրենց հերթը կ’ունենան, կու գան եւ տէր կը դառնան մեր երկրին:

Հ.- Ապագայ սերունդներուն ի՞նչ խորհուրդ կը փոխանցէ Մայիս 28-ն:

Ռ.Փ.- Մենք միշտ կը յիշենք ու կը յիշեցնենք, թէ կրակներու եւ ջարդերու մէջէն ծնաւ Մայիս 28-ի պետականութիւնը, այս կը նշանակէ, թէ մեր ժողովուրդը յուսահատութիւն չի ճանաչնար, ուրեմն մեր սերունդներուն ա՛յս պատգամը պէտք է փոխանցենք: Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին երբեք այն աստիճանի տագնապի մէջ չէ եղած, որքան՝ 1915-էն 1918 թուականներուն, եւ ճիշդ ա՛յդ ժամանակ հանրապետութիւն ստեղծած, պետականութիւն ստեղծած է: Ուրեմն մենք միշտ պէտք է ունենանք այդ սրբազան երազը իրականացնելու կամքը: Ճիշդ է, որ տարիներ շարունակ փորձեր են համոզել մեզի, որ ազատ ու անկախ Հայաստանը անիրականանալի երազ է, բայց այդ մէկը օտար մտայնութիւն է: Մենք պէտք է հաւատանք այդ երազին, ինչպէս հաւատացին Մայիս 28 կերտողները, մենք պարտաւոր ենք դաստիարակելու, քաջալերելու եւ ոգեւորելու մեր երիտասարդները, որ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը երազ չէ, թէկուզ մէկ ուրիշ 100 տարի ալ պէտք ունենանք՝ պայքարինք, մեր զէնքները վար չդնենք, մինչեւ որ հասնինք մեր նպատակին: Ես իսկապէս կը հաւատամ ասոր, դասախօսութիւն չէ այս, ոչ ալ՝ լոզունգ, այլ մեր նախնիներուն օրինակով իսկ առաջնորդուած՝ մեր երիտասարդութեան ուղղորդում, որպէսզի անոնք ուրիշներու կողմէ անկարելի կարծուածը կարելի դարձնեն:

Հ.- Տիկի՛ն Փիրումեան, ձեր աշխատութիւններուն եւ հրատարակած գիրքերուն մասին տեղեկութիւն կրնա՞ք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Ռ.Փ.- Իմ աշխատութիւններս ընդհանրապէս կը կեդրոնանան Հայ Դատի պատմութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան, մեր կուսակցութեան պոլշեւիկներուն հետ յարաբերութիւններուն եւ Ցեղասպանութեան պատմութեան վրայ՝ իր բոլոր երեսներով, ինչպէս նաեւ այս առումով ունիմ համեմատական ուսումնասիրութիւն հրեայ գրականութեան եւ հայ գրականութեան: Գիրքերէս մէկ քանին կ’օգտագործուին որպէս դասագիրք Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, կամ ալ որպէս ուղեցոյց ուսուցիչներուն: Ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցի պատմութիւնը կը փորձեմ փոխանցել ոչ թէ որպէս լաց ու կոծ, որպէս կորուստ, այլ որպէս պահանջատիրութիւն, թէ ի՛նչ հիմքի վրայ հիմնուած է մեր պահանջատիրութիւնը, ի՛նչ են փուլերը մեր պայքարին: Առ այսօր հրատարակուած գիրքերս են. «Literary Responses To Catastrophe, A Comparison Of The Armenian And The Jewish Experience», «The Armenian Genocide In Literature», «And Those Who Continued Living In Turkey After 1915», «The Armenian Genocide In Literature, The Second Generation Responds» եւ «My Father, A Man Of Courage And Perseverance, A Survivor Of Stalin’s Gulag»: Այս վերջինը հօրս կեանքն է, թէ ինչպէ՛ս հալածուեցաւ որպէս ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Ատրպատականի մէջ, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Սիպերիա 10 տարի: Այս գիրքով ուզեցի անդրադառնալ ոչ միայն հօրս պատմութեան, այլ Հայաստանի մէջ կատարուած Սթալինեան բռնաճնշումներուն, որոնցմէ անտեղեակ է աշխարհը: Ամէնուր կը խօսուի սթալինեան բռնանարարքներու մասին, սակայն չեն յիշուիր Հայաստանի՛ մէջ կատարուածները, թէ ինչպէ՛ս ազգասէր ու հայրենանուէր մեր մտաւորականութիւնը գլխատուեցաւ, աքսորուեցաւ կամ կացինահարուեցաւ Հայաստանի մէջ: Այս մէկը օտար շրջանակներուն համար նորութիւն էր, անոնք վերջապէս տեղեկացան, թէ հայ ազգը եւս տուժեց Սովետական հալածանքներէն, նոյնիսկ աւելի քան ուրիշ ազգեր:

Հարցազրոյցը վարեց Սոնա Թիթիզեան

horizonweekly.ca

1