Կարեւոր է օգտագործել Սփյուռքի ներկայությունը եւ ներուժը՝ ուղղված Արցախի Հանրապետության միջազգային ճանաչման ջանքերին
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ՝ հրապարակային ելոյթներու եւ քաղաքական հանդիպումներու համար, հիւրաբար Աթէնք այցելած Արցախի Հարապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար տոքթ. Լեռնիկ Յովհաննիսեան այցելեց նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն, ուր հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ մեր թերթի խմբագրութեան հետ։
Վերջին շրջանին բանակցային գործի ընթացքին մէջ աշխուժութիւն մը կը տեսնենք Արցախի հարցով: Որո՞նք են այս աշխուժութեան պատճառները:
Աշխուժութիւնը սկսաւ այն ժամանակ, երբ Մարտ 9ին Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակը յայտարարութիւն մը տարածեց եւ այդ յայտարարութեան վերջին պարբերութիւնը հայանպաստ չէր: Մինչեւ հիմա համանախագահներու յայտարարութիւնները զուսպ էին, բայց այս անգամ որոշակի յայտարարութիւններ եղան, որոնք այնքան ալ չեն նպաստեր ու այնքան ալ չեն յարիր Մինսկի Խմբակի միջնորդական առաքելութեան, որովհետեւ մէկ կողմին կը պարտադրեն զիջումներ, իսկ միւս կողմին՝ ոչ մէկ բան: Այսպէս հարցը չի լուծուիր:
Այսօր թիւ մէկ խնդիրը Արցախը վերադարձնելն է բանակցութիւններուն որպէս լիարժէք կողմ, հարց մը` զոր թէ՛ Արցախի իշխանութիւնները, թէ՛ Արցախի քաղաքական ուժերը միշտ իրենց յայտարարութիւններուն եւ հարցազրոյցներու ընթացքին կը պահանջեն: Առանց Արցախեան կողմի ներգրաւման՝ որպէս բանակցութիւններու լիարժէք կողմ, հարցը դատապարտուած է չլուծուելու:
Այսօր ալ նման մտայնութիւն մը կայ Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ: Հ.Հ. վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնները այդ մասին կը վկայեն: Ատրպէյճան ինքը կը յայտարարէ, որ չի կրնար բանակցիլ Արցախի հետ: Ատիկա ապակառուցողական մօտեցում է, որովհետեւ առանց Արցախի որպէս լիարժէք կողմ բանակցութիւններուն, որեւէ միջնորդական քայլ կը ձախողի: Այդ բոլորը կը հասկնան նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահ երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ռուսաստանը: 1994էն սկսեալ, այդ բանակցութիւններէն ձեռք բերուած համաձայնութիւնները պահպանուեցան, որովհետեւ եղած են եռակողմ: Ինչպէս՝ 1994ին զինադադարի կնքումը: Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներու փաստաթուղթերուն մէջ բանակցութիւններու այդ եռակողմ ձեւաչափը կար եւ 1994, 95, 96 թուականներուն ատիկա կը կիրարկուէր: Հիմա՝ թէ ինչո՞ւ Արցախը բանակցութիւններէն դուրս մնաց, չենք մանրամասներ: Անշուշտ որ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահները կ՚այցելեն Ստեփանակերտ եւ Արցախի իշխանութիւններուն կարծիքը կ՚իմանան, բայց ատիկա բաւարար չէ, որպէսզի բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը վերականգնուի:
Վերջին զարգացումներու վերիվայրումները որեւէ ձեւով ազդեցութիւն կ՚ունենա՞ն ժողովուրդի հոգեբանութեան վրայ:
Որոշակիօրէն կարող են ազդել: Ի վերջոյ այդ յայտարարութիւններուն ամէն Արցախի քաղաքացի կը վերաբերի անհանգստութեամբ, որովհետեւ մեր երկրի ճակատագիրն է, մեր երկրի հարցն է, բայց որովհետեւ այդպիսի յայտարարութիւններ մենք շատ տեսած ենք, պէտք է այնպէս ընել, որպէսզի շատ ճիշդ դիւանագիտական ճանապարհով յառաջանանք եւ այն սկզբունքները, որ անյարիր են մեզի, եւ այդ Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք մշակուած են առանց Արցախի ժողովուրդին եւ զայն ներկայացնող իշխանութիւններու մասնակցութեան, չեն կրնար գործել: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հասկնայ, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է Արցախը եւ Արցախի ժողովուրդի կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը անպայման մասնակցին բանակցութիւններուն որպէս լիարժէք կողմ: 1990ական թուականներուն Ատրպէյճան կը բանակցէր, եւ նոյնիսկ կան փաստաթուղթեր՝ դեռ եւս Հայտար Ալիեւի օրերէն, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Արցախի իշխանութեան հետ կը բանակցէր զանազան հարցերու շուրջ — կապուած՝ ռազմագերիներու, կապուած՝ զինադադարի պահպանման հետ: Այս փորձը կայ եւ դարձեալ պէտք է դրուի բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ: Այդ պարագային բանակցութիւնները կրնան հասնիլ արդիւնքի մը: Իսկ այսպէս՝ հեռակայ կարգով, որեւէ ձեւով՝ առանց Արցախի մասնակցութեան, չի կրնար լուծուիլ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը:
Ի՞նչ կը պարունակէ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակին առաջարկը:
Հ.Հ. վարչապետը, Ատրպէյճանի նախագահը, արտաքին գործոց նախարարը հանդիպած են իրարու հետ: Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահները այցելած են եւ Պաքու եւ Երեւան, եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահը Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Մատրիտեան սկզբունքները պէտք է օր առաջ կազմաքակուին եւ մղուին պատմութեան գիրկը: Նոր ձեւաչափ պէտք է: Հինով կարող չես շարունակել, որովհետեւ հինը չ’արտացոլար այն իրողութիւնները, որոնք այսօր իրականութեան մէջ կան: Այսինքն՝ վերացականութեամբ կարող չես կարգաւորում տալ այնպիսի հիմնախնդիրի, ինչպիսին է Արցախեան հիմնախնդիրը: Տեսանք, որ Մատրիտեան սկզբունքները, որոնք դրուած էին սեղանին, որեւէ արդիւնք պիտի չտան: Գործնական չեն եւ անոնցմէ որքան շուտ հրաժարինք եւ ընդհանրապէս մղենք պատմութեան գիրկը եւ անոր այլեւս չանդրադառնանք, այնքան աւելի լաւ:
2016ի Ատրպէյճանի ձախող յարձակումէն ի՞նչ դասեր քաղեցինք:
2016ի Ապրիլը ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճանը կրնայ սկսիլ պատերազմ՝ առանց հաշուի առնելու որեւէ միջազգային իրաւունքի սկզբունք: Դասը այն է, որ պէտք չէ հաւատալ Ատրպէյճանին եւ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ, որովհետեւ կրնայ որեւէ պահու Ատրպէյճանը սկսիլ յարձակումի: Մինսքի Խմբակը որքան ալ ուզէ, որ ամէն ինչ ըլլայ խաղաղ պայմաններով, մեր թշնամին չ’ուզեր ատիկա: Որովհետեւ մեր թշնամիին հիմնական խնդիրը մեզ ոչնչացնելն է: Շարունակ ա՛յդ կը յայտարարեն.- Ոչ միայն Արցախի Հանրապետութիւնը, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Ատրպէյճանը՝ խախտելով բոլոր միջազգային պարտաւորուածութիւնները, անվերահսկելիօրէն կը զինուի: Իր զէնքի գնման աշխարհագրութիւնը տարբեր է, գիտէք՝ Ռուսաստան, Պելառուսիա, Փաքիստան, Իսրայէլ, Թուրքիա եւայլն, այսինքն՝ ինքը զէնք կ՚ապահովէ, ի վերջոյ պիտի չդնէ թանգարանին մէջ: Զէնքը կը գնէ յստակ նպատակով, որպէսզի սկսի ռազմական գործողութիւններու Արցախի ճակատին վրայ: Փա՜ռք Աստուծոյ, մեր պաշտպանութեան բանակը մարտունակ է եւ կը կարողանայ հատուցել իր առջեւ դրուած խնդիրները: 2016ին, նոր սերունդը ցոյց տուաւ, որ ինքը կարող է իր հայրենիքը պաշտպանել եւ սա մեզ կ՚ուրախացնէ:
Ի՞նչ է սփիւռքի դերակատարութիւնը Արցախի հարցին մէջ: Ինչպիսի՞ քայլերով կրնայ օգտակար հանդիսանալ:
Ինչպէս այս օրերուն հանրային ձեռնարկներու մէջ նշեցի, կարեւոր է սփիւռքի ներկայութիւնը եւ ներոյժը օգտագործել ի սպաս Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած ջանքերուն: Բնականաբար, շատ հեշտ գործ չէ, բայց մենք պէտք չէ կանգ առնենք այն դժուարութիւններուն առջեւ, որ այսօր կան, այլ պէտք է քայլ առ քայլ յառաջանալ: Այդ պատճառով խիստ կարեւոր է, որ մեր հասարակութիւնը դառնայ համաշխարհային հասարակութեան մաս, եւ Արցախի ժողովուրդը իրականացնէ իր բոլոր իրաւունքները եւ դառնայ միջազգային հանրութեան մէկ մասնիկը: Սփիւռքի դերակատարութիւնը կարեւոր է: Մենք ունինք մեր հայրենակիցները, որոնք սփռուած են աշխարհի տարածքին եւ լուռ դերակատարութիւն ունին որոշակիօրէն, եւ պէտք է այդ բոլորը օգտագործուին եւ քայլ առ քայլ երթալ դէպի Արցախի միջազգային ճանաչում: Ինչպէս՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այդ ալ հեշտ չէր, նոյնիսկ այդ բարեկամական երկիրներուն, ինչպէս Յունաստանը եւ մեր աւագ ընկերները ինծի պատմեցին, թէ ինչպիսի՛ դժուարութիւններու առաջ կը կանգնէին: Յունաստանը եւ Թուրքիան որոշակի յարաբերութիւններ ունէին եւ կրնար Ցեղասպանութեան ճանաչման այդ յայտարարութիւնը ազդել երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ: Բայց յաղթահարուեցան դժուարութիւնները եւ տեսէք, թէ 1965 թուականին ընդամէնը միայն մէկ երկիր ճանչցած էր Ցեղասպանութիւնը, միայն Ուրուկուայը, բայց հիմա որքան երկիրներ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Այսպէս ալ կ՚ըլլայ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցով: Պէտք է քայլ առ քայլ երթալ եւ պէտք է քաղաքապետութիւններու մակարդակով գործակցութիւն ունենալ, ինչպէս որ ունինք արդէն: 23 գործակցութեան պայմանագիր կայ՝ Ֆրանսայի, Պրազիլիայի եւ Լիբանանի քաղաքապետարաններուն հետ: Այդպէս քայլ առ քայլ պէտք է յառաջանալ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու ճամբուն վրայ, որովհետեւ Արցախի միջազգային ճանաչումը քայլ է՝ հետագային միաւորուելու համար Մայր Հայաստանի հետ:
Վերջին տարիներուն հայերու թէ օտարներու Արցախ այցելողներու թիւը աւելցած է: Ի՞նչ ծրագիրներ կան զբօսաշրջութեան մարզէն ներս:
2017 թուականին Արցախ այցելած է 23.000 զբօսաշրջիկ, այս տարի այդ թիւը հասաւ 28.000ի: Նաեւ կ՚ընդլայնուի զբօսաշրջիկներու աշխարհագրական շրջանակը: Առաջին տեղը կը գրաւեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ռուսատան, Ֆրանսա, Գերմանիա, բայց արդէն Արցախ կ՚այցելեն այլ երկիրներէ ալ, օրինակ՝ Թայլանտէն, Չիլիէն, այն երկիրներէն, ուր հայկական համայնք չկայ, կամ՝ շատ քիչ թիւ կայ, որով ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ: Սա անշուշտ ուրախալի է, բայց մեծ աշխատանք կայ կատարելու եւ կը կատարուին տարբեր աշխատանքներ, տարբեր զբօսաշրջային ուղղութիւններ կը գծագրուին: Նաեւ՝ բացի մշակութային թուրիզմէն, կ՚աշխատինք թուրիզմի այլ ուղղութիւններ զարգացնելու, ինչպիսին են՝ գինիի-թուրիզմը, ակրօ (երկրագործական)-թուրիզմը: Ամէն տարի Սեպտեմբեր 14ին կը կազմակերպենք գինիի փառատօն, ուր կը մասնակցին, բացի Արցախի մէջ գինի արտադրողներէն, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութենէն արտադրողներ: Այդ փառատօնը իր ուրոյն տեղը կը գրաւէ մեր թուրիզմի քաղաքականութեան մէջ եւ, որպէս անոր շարունակութիւն, մշակած ենք գինիի թուրիզմի մշակման գաղափարը, որովհետեւ այդ հնարաւորութւինները այսօր Արցախը ունի: Նաեւ՝ ամէն տարի կ՚աւելնայ հիւրանոցներու թիւը: Անշուշտ հիմնականօրէն կեդրոնացած են Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, բայց որպէսզի համաչափութիւնը պահպանուի, պէտք է ընդգրկել Արցախի միւս շրջանները եւս: Մենք անցեալ տարի դասընթացներ կազմակերպեցինք գիւղական անդամներու զբօսաշրջային զարգացման ծրագրերով, մասնագէտներ հրաւիրեցինք, որոնք առնուազն կը մնան Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ: Կան որոշ դժուարութիւններ այդ հարցով, բայց կը կարծեմ, որ կը յաղթահարուին, կապուած՝ մեր ժողովուրդի բնաւորութեան հետ, եւայլն:
Ի՞նչով խորապէս կը տպաւորուի օտար զբօսաշրջիկը:
Ունինք զանազան ճարտարապետական յուշարձաններ, որոնք հիացում կը պատճառեն զբօսաշրջիկին, Արցախը կը նախընտրեն իր բնութեամբ, որ լեռնային է: Օրինակ՝ իտալացիները կ՚ուզեն ալպինիզմը (Ալպեան լեռնագնացութիւն) զարգացնել, մագլցման զբօսաշրջութիւնը, մարդիկ կան, որոնք կ՚ուզեն քալել եւ կը կազմակերպենք զանազան արահետային ուղղութիւններու որոշակի բարեկարգումներ: Կ՚ուզեն բնութիւնը տեսնել, Արցախին մօտէն ծանօթանալ, այդ պատճառով կը նախընտրեն ոտքով կամ հեծելանիւով շրջագայիլ Արցախի մէջ: Նաեւ՝ մեզի առաջարկուեցաւ կրօնական թուրիզմ յառաջացնել, որովհետեւ Արցախի մէջ շատ են պաշտամունքային վայրերը, յատկապէս նաեւ կապուած քրիստոնէութեան տարածման հետ:
Նաեւ՝ մեծ աշխատանք կայ կատարելու հիւրանոցային տնտեսութիւնը զարգացնելու համար, որովհետեւ եթէ չունենաս նորմալ (բնականոն) հիւրատուններ, ապա՝ զբօսաշրջութիւնը չի կրնար զարգանալ: Ի հարկէ բացի պետական միջոցներէն, հովանաւորչական դրամաշնորհներ կ՚աշխատին, կայ մասնաւոր գործակալութիւն, որ բաւականին այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը կատարէ, Եւրոպայէն ստացուած դրամաշնորհի միջոցներով:
Ի՞նչ են երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնները հայկական մշակոյթի հետ կապուած:
Մեր մշակութային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը, վերականգնումը եւ հանրահռչակումն են: Ունինք տաղանդաւոր լաւ երիտասարդ երաժիշտներ, որոնք կ՚աշխատին մեր տարբեր թատերահամերգային կազմակերպութիւններուն մէջ եւ ընդհանրապէս մշակոյթի ոլորտը աստիճանաբար կ՛երիտասարդականանայ, ինչ որ շատ ուրախալի է. այսօր բաւական արցախցի ուսանողներ կը յաճախեն Երեւանի պետական երաժշտանոց, թատրոնի եւ շարժանկարի գեղարուեստի ակադեմիա, ինչը նոյնպէս ուրախալի է. վերջերս մեր երկու պատանիներ, որոնք Ստեփանակերտի երաժշտանոցի դպրոցի սաներն են, Մոսկուայի մէջ կայացած միջազգային փառատօնին գրաւեցին երկրորդ մրցանակային տեղը, նաեւ տարուան ընթացքին տարբեր հրաւէրներ կը ստանանք տարբեր երկիրներէ, ուր տեղի կ՚ունենան մրցոյթ-փառատօններ. բնականաբար՝ Ատրպէյճան կը փորձէ խանգարել, որպէսզի չմասնակցինք, բայց այդ դժուարութիւնները մենք մեծ մասամբ կը կարողանանք յաղթահարել եւ մեր պատանիները եւ երիտասարդները կը կարողանան իրենց մասնակցութիւնը բերել տարբեր տեսակի փառատօններու: Նաեւ՝ տռամաթիքական թատրոնն ալ կարողացած է աշխուժանալ. ունինք շէնքին հետ կապուած խնդիր, եւ կը կարծեմ, որ պէտք է սկսի մեր պետական թատրոնի շէնքի վերակառուցման նուիրուած տարբեր միջոցառումներու շարք. կը յուսամ, որ սփիւռքն ալ կրնայ մասնակցութիւն ունենալ. այսօր ճիշդ է, թէ մեր թատրոնը կ՚աշխատի այլ շէնքի մէջ եւ 2018 թուականի գործունէութիւնը բաւական յոյսեր կը ներշնչէ, թատրոնը համալրուած է եւ ունինք պատկառելի մարդիկ, որոնք երկար տարիներ կ՚աշխատին եւ ունինք երիտասարդ սերունդ, գեղարուեստական ղեկավարը նոյնպէս երիտասարդ է եւ կան տաղանդաւոր երիտասարդ դերասաններ, որ մեծ ապագայ կը խոստանան:
azator.gr