Լրջացէ՛ք
Գլխավոր » Լրահոս » Լրջացէ՛ք

Լրջացէ՛ք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին 20 մայիսի նշանաւոր «պատմական» ելոյթները, բայց յատկապէս դատարաններու մուտքերն ու ելքերը փակելու կոչը ունին հիմնական երկու մտահոգիչ կողմերը: Մէկը սահմանադրական կարգի տապալման կոպիտ խախտումն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկի հեղինակազրկում, ինչպէս նաեւ, ըստ էութեան, հակաժողովրդավարական դրսեւորում, վարչապետին կողմէ երկրի բոլոր օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները զաւթելու եւ իր հակակշռին տակ առնելու կոպիտ փորձը, այդ ալ` իշխանութիւնները ժողովուրդին վերադարձնելու չարաշահուած կարգախօսին ներքոյ: Միւս կողմէ` կայ փողոցի իրադրութիւնը, խելագարուած խուժանի սանձարձակութիւնը, իրաւական, դատական, քրէական, քաղաքական, լրատուական եւ տեղեկատուական ճնշումներու սրընթաց զարգացումներուն ստեղծած լարուածութիւնը եւ անոնց հակազդեցութիւնը:

Այս բոլորը իրապէս Հայաստանի Հանրապետութեան թէ՛ հասարակութեան, թէ՛ ներքաղաքական դաշտին մէջ հատած են ընդունելի բոլոր գիծերը եւ դարձած` կործանարար:

Տուեալ ակնարկութեան տուն տուող պատճառները միայն 18 մայիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ դատապարտելի ամբոխին կողմէ յարձակման ենթարկուած ՀՅԴ-ի Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչի եւ իր հարազատներուն հետ կապուած տմարդի միջադէպը չէ, այլ շատ աւելին եւ խոր արմատներ նետած, ողբերգական աստիճանի հասած, ներազգային ատելութեան, այլամերժութեան եւ անհանդուրժողական մթնոլորտի մը առկայութեան եւ զոյգ հանրապետութեանց համար կործանարար հետեւանքներ ունեցող վարքագիծի մը մասին է խօսքը, ինչ որ կ՛ենթադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ յատկապէս վարչապետին կողմէ պատասխանատու եւ յստակ կեցուածք ունենալ տուեալ երեւոյթները դատապարտող եւ զանոնք դարմանող համապատասխան իրաւաքաղաքական լուծումներ, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, համայն հայութեան երազը հանդիսացող հայրենիքը, չի կրնար ղեկավարուիլ փողոցի ամբոխի բանեցուցած ճիշումներով եւ տրամաբանութեամբ, վրէժխնդրութեամբ, ատելութեամբ, անհանդուրժողականութեամբ, այլամերժութեամբ եւ մանաւանդ` ամբոխավարութեամբ:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող արդի սահմանադրութեան գլուխ 6 – 146, 147 եւ 148 յօդուածներու, սակայն յատկապէս 146-րդ յօդուածին համաձայն, «Կառավարութեան կարգավիճակը եւ գործառոյթները. կառավարութիւնը գործադիր իշխանութեան բարձրագոյն մարմինն է:

«Կառավարութիւնն իր ծրագրի հիման վրայ մշակում է եւ իրականացնում է պետութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը:

«Կառավարութիւնն իրականացնում է պետական կառավարման համակարգի մարմինների ընդհանուր ղեկավարումը:

«Կառավարութեան լիազօրութիւնները սահմանւում են սահմանադրութեամբ եւ օրէնքով:

«Կառավարութեան իրաւասութեան են ենթակայ գործադիր իշխանութեան վերաբերող բոլոր այն հարցերը, որոնք վերապահուած չեն պետական կառավարման կամ տեղական ինքնակառավարման մարմիններին»:

Փաստօրէն, գործող սահմանադրութեամբ իսկ ճշդուած եւ սահմանուած են այդ հանգամանքները, որ երկրին ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը կը ծրագրեն եւ կ՛իրականացնեն Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս պրն. վարչապետը, որ ունի ամբողջական լիազօրութիւնները: Հետեւաբար ան ունէր բացարձակ իշխանութիւն եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ժողովուրդին` ամբողջ մէկ տարուան ընթացքին երկրին մէջ առկայ խնդիրները լուծելու, կատարելու անհրաժեշտ բարեփոխումները, իրաւական, դատական, տնտեսական եւ այլն: Իսկ այսօր ականատես ենք, թէ ինչպէ՛ս ներքաղաքական զարգացումները երկիրը կը տանին անկանխատեսելի վտանգաւոր ուղղութեան մը, որուն թիւ մէկ պատասխանատուն բնականաբար երկրի իշխանութիւններն են եւ յատկապէս` պրն. վարչապետը:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ յատկապէս պրն. վարչապետը պարտաւոր են նախ պաշտպանը հանդիսանալու երկրի սահմանադրութեան անշեղ կիրարկման եւ ոչ թէ խախտման, պարտաւոր են երաշխաւորելու ներքին անդորրութիւնը, ներքաղաքական կայունութիւնը, սահմաններու անվտանգութիւնը, ժողովրդավարութեան պահպանումը, ներազգային միասնականութիւնը, քաղաքացիներուն արժանապատուութեան պահպանման, դատական մարմինին անկաշկանդ գործունէութեան, զոյգ հանրապետութեանց սահմաններու անվտանգութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութեան բարձրացման եւ ոչ թէ սահմանադրական եւ ժողովրդավարական կոպիտ խախտումներով հեղինակազրկման: Հայաստանի վարչապետը պարտաւոր է վերանայման ենթարկելու իր ներքին քաղաքականութեան վարքագիծը, պէտք է դադրին ներքաղաքական կեանքը սրելու գործելաոճը, ժողովուրդը շերտաւորելու մօտեցումները, սեւի ու սպիտակի, յեղափոխականի եւ հակայեղափոխականի յղացքները:

Իրապէս այսօր ժամանակն է լրջանալու, որովհետեւ ազգովին կ՛ապրինք ներազգային, ռազմաքաղաքական, ընկերատնտեսական, դատաիրաւական եւ անվտանգութեան արտակարգ ընդհանուր խնդիրներու անապահով փուլ, երբ օր առաջ անվիճելի անհրաժեշտութիւն է ներազգային միասնականութիւնը եւ երկխօսութիւնը` քաղաքական բոլոր կողմերու միջեւ, յանուն Հայաստանի եւ Արցախի կայունութեան եւ անվտանգութեան:

Պէտք է ըսել, որ Հայաստանի իշխանութիւններու վարած արկածախնդիր քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք` ուղղակի չափազանց մտահոգիչ դարձած է, մանաւանդ` շրջանային եւ տարածաշրջանային իրավիճակներու ռազմաքաղաքականացած այս փուլին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց միջեւ առկայ լարուածութեան աստիճանը, որ կրնայ ժխտական հետեւանքներ ունենալ Արցախի անվտանգութեան եւ ամբողջ բանակցային գործընթացին վրայ:

Ի դէպ, մինչ մենք մեր ներքին հարցերով տարանջատուած, զբաղած եւ արբեցած ենք, Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ եւ ռազմատենչ քաղաքական իշխանութիւնները մայիս 20-24 զինուած ուժերու լայնածաւալ ու աննախընթաց զօրավարժութեամբ կը զբաղին:

Զինավարժութեան կը մասնակցին աւելի քան 10.000 զինծառայող, 150 միաւոր հրասայլ եւ այլ զրահամեքենաներ, մինչեւ 200 միաւոր հրթիռահրետանային համակարգ եւ մինչեւ 35 միաւոր օդանաւ եւ ուղղաթիռ:

Այնպէս որ, պէտք է լրջանալ եւ վերջ տալ ազգը պառակտող, ներքին դիմադրողականութիւնը տկարացնող ներքաղաքական ենթակայական ցնցումներուն:

Պէտք է դադրիլ երկրի կայունութիւնը, անվտանգութիւնը, ներդրումային եւ տնտեսութեան վստահելիութիւնը հալածող յայտարարութիւններէ, ջղագրգիռ ելոյթներէ, մամլոյ ասուլիսներէ եւ ընկերային ցանցերու վրայ տիրող եղբայրասպան պատերազմէ, որովհետեւ հրամայական է որոշ քաղաքական խոհեմութեամբ մօտենալ գոյութիւն ունեցող դատաիրաւական ու քաղաքական բոլոր խնդիրներուն:

Վերջապէս, այսօր պէտք է հասկնանք, որ մենք պատերազմի մէջ գտնուող երկիր ենք, ուր անհրաժեշտ է համերաշխութիւն եւ ընդհանուր ուժերու լարում եւ ոչ թէ ուժերու ջլատում, մենք պէտք է հասկնանք, որ քայլարշաւներու, ինքնաշարժի երթերու, հանրահաւաքներու փուլը մեր ետին է արդէն, այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը օժտուած է նոր սահմանադրութեամբ, նոր կառավարութեամբ եւ նոր վարչապետով, որոնց առաքելութիւնն է` համախմբել ազգը եւ հայրենիքը, ամրապնդել, զարգացնել եւ անվտանգութիւնը ապահովել:

Արդարեւ, այսօր լրջանալու պահն է արդէն, որովհետեւ ազգովին թեւակոխած ենք իսկական պետականաշինութեան փուլ, պետական համակարգի բարելաւումը, օրէնքի գերակայութեամբ պետութիւն կառուցելու, սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ բոլոր մեղաւորներու, յանցագործներու եւ կաշառակերութեան մենաշնորհներու եւ չարաշահումներու դէմ պայքարելու, տնտեսութիւնը զարգացնելու, սահմանները ապահովելու, ընկերային արդարութիւնը հաստատելու, պետականաշինութեամբ եւ բանակաշինութեամբ զբաղելու, Արցախը վերաբնակեցնելու, արտագաղթը կասեցնելու եւ, ինչպէս որ վարչապետը ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հնչեցուց, հայրենադարձութիւնը կազմակերպելու, ներազգային համերաշխութիւնը ամրագրելու, որպէսզի կարենանք միասնաբար շուրջ 10 միլիոնի հասնող հայութեան երազը, գրաւը եւ ակնկալութիւնները արդարացնել սիրոյ եւ համերաշխութեան Հայաստանի Հանրապետութեան կապակցաբար:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

24 մայիս 2019

aztagdaily.com

1