Երիտասարդներու մասնակցութեամբ է, որ պիտի դիմագրաւենք Հայ դատի վերանորոգ մարտահրաւէրները
Հոկտեմբեր 18-19-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացաւ Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարը, որուն աշխատանքները «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ամփոփած է Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի Գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան:
– Յարգելի´ Յարութ, փորձենք ամփոփել Եւրոպահայերու 4-րդ համաժողովը: Միշտ որեւէ գործ սկսելէ առաջ կը յստակեցուին նպատակները, ո՞րն էր համագումարի նպատակը եւ ինչպէ՞ս իրագործուեցաւ այն:
– Ինչպէս նախորդ 3 Եւրոպահայերու համագումարները, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախաձեռնած, իր տեսակին մէջ արդէն չորրորդ հանդիսացող այս համագումարին նպատակները կը մնան նոյնը. համատեղել եւրոպահայութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ գործող քաղաքական, քաղաքացիական, կղերական, մշակութային եւ կրթական հայկական հաստատութիւններէ ու կազմակերպութիւններէ աւելի քան 150 ներկայացուցիչներ, անոնց առիթը տալով զրուցելու, քննելու, քննարկելու եւ միասնաբար արտայայտուելու եւ եզրակացութիւններու հասնելու մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումներուն շուրջ Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Հայ դատի առնչուած զանազան պայքարներուն եւ հայապահպանման մասին:
Եթէ նպատակները նոյնն են, արծարծուած խնդիրներն են, որ կը փոխուին համագումարէ համագումար:
– Ովքե՞ր կը մասնակցէին համագումարին եւ ինչպէ՞ս կատարուած էր բանախօսներու ընտրութիւնը:
– Համագումարին երկու օրերուն ընթացքին, նախ Պրիւքսէլի Հայ տան մէջ, ապա Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա. Հայրապետը, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Էդուարդ Նալբանդեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեանը, Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ Մարիա Սփիրաքին, Ֆրանք Էնկելը եւ Էլէնի Թէոխարուսը, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Նախագահ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեանը:
Պատուոյ հրաւիրեալներու ելոյթներէն ետք համագումարը բացաւ 5 տարբեր կլոր սեղաններ, բանախօսներ ունենալով հայ կամ ոչ հայ անձնաւորութիւններ, որոնք կը հանդիսանան իբր փորձառու մասնագէտներ այն ոլորտներուն մէջ, որոնք քննարկուեցան, ըլլան անոնք քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական, պատմական, գաղութային կամ լրատուամիջոցներու ծիրէն ներս:
– Համագումարին 2 օրերը ունէին իրենց ըսելիքը: Պայմանականօրէն եթէ մօտենանք` առաջին օրը առաւել մեր ներքին հարցերուն, աշխատանքներուն նուիրուած էր` հայապահպանում, Հայոց ցեղասպանութիւն, լոպիստական աշխատանք, 2-րդը` առաւելաբար արտաքին: Ինչպէ՞ս ընթացան քննարկումները երկու օրերուն եւ ի՞նչ հարցեր բարձրաձայնուեցան:
– Համագումարը իր կլոր սեղաններուն միջոցաւ անդրադարձաւ 4 կարեւոր թեմաներու:
Առաջինը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքարի մասին Եւրոպայի մէջ, ուր քննարկուեցան այդ պայքարին իրաւական դաշտ փոխանցելու գործընթացքին կարելիութիւնները եւ փոխհատուցման կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական թղթածրարին համար:
Երկրորդը՝ Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի հարցն էր, ինչպէս նաեւ թուրք եւ ատրպէյճանական ազդեցութիւնը Եւրոպայի մէջ: Այս նիւթի քննարկման ընթացքին շեշտը դրուեցաւ լրատուամիջոցներու եւ այսօրուայ ընկերային ցանցերու խաղցած վճռական դերին վրայ:
Երրորդ նիւթն էր` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւնները, որուն ընթացքին Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քայլերու ծառայութեան բաժինի պատասխանատու Ճիովանի Քրեմոնինին անդրադարձան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուելիք համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի մասին:
Իսկ չորրորդ ընդհանուր թեման հայապահպանութեան հարցն էր Եւրոպայի հայկական գաղութներուն մէջ, որուն ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ ինքնութեան, կրթութեան, լեզուի եւ մշակոյթի հետ կապ ունեցող հարցերու մասին:
– Համաժողովէն բխող` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի յաջորդ քայլը, ընելիքը որո՞նք պիտի ըլլան:
– Իբր կազմակերպիչ կողմ եւ Հայ Դատի հարցերով զբաղող գործադիր մարմին Եւրոպայի մէջ, մեր գրասենեակի պարտականութիւնն է հաշուի առնել բոլոր այն առաջարկները, որոնք հնչեցին երկօրեայ այս համագումարին ընթացքին, եւ որոնք կրնան իրենց նպաստը ունենալ մեր տանելիք յառաջիկայ ամիսներու եւ տարիներու Հայ դատի պահանջատիրութեան պայքարին մէջ:
– Ամենակարեւոր ուղերձը (մեսիճը), որ համագումարը կրցաւ տարածել՝ ո՞րն էր եւ որո՞ւն հասցէագրուած:
– Նախ եւ առաջ պէտք է ըսել, որ եւրոպահայութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, թէ ան կրնայ համախմբուիլ եւ միաձայն կերպով դիրքորոշուիլ Հայ դատի հիմնական եւ ծանրակշիռ նիւթերուն շուրջ, եւ այս բոլորը Եւրոմիութեան հաստատութիւններուն ժողովրդավարութեան արժէքները խորհրդանշող Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ:
Կ’ուզեմ հոս անդրադառնալ Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարին մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութեան մասին: Սա կը նշանակէ, թէ մեր դատի գաղափարական պայքարի շունչը տակաւին երկար է եւ մենք միայն մեր երիտասարդներու աշխոյժ մասնակցութեամբ է, որ պիտի դիմագրաւենք Հայ դատի վերանորոգ մարտահրաւէրները:
Կ’ուզեմ նաեւ անդրադառնալ, կարեւոր իրադարձութեան մը մասին, որ տեղի ունեցաւ համագումարին զուգահեռ: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ Արցախի հետ երկու բարեկամութեան խումբեր՝ նախ 11 պելճիքացի հոլանտախօս քաղաքական եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններու հէտ ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ, ապա 16 պելճիքացի ֆրանսախօս քաղաքական եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններու հետ Վալոնիա – Պրիւքսէլ դաշնակցային խորհրդարանին մէջ: Ուրեմն կը շնորհաւորեմ Արցախի իշխանութիւնները այս կարեւոր քայլին, որ պիտի մասնակցի Արցախի ժողովուրդին ատրպէյճանական մեկուսացումէն դուրս հանելու գործընթացին:
Լուսինէ Աբրահամեան
hayermaysor.am