Բոլշեւիզմը ո՛չ Մայիս 28-ի հետ կը հաշտուի, ո՛չ Դաշնակցութեան
Գլխավոր » Լրահոս » Բոլշեւիզմը ո՛չ Մայիս 28-ի հետ կը հաշտուի, ո՛չ Դաշնակցութեան

Բոլշեւիզմը ո՛չ Մայիս 28-ի հետ կը հաշտուի, ո՛չ Դաշնակցութեան

Կամ, աւելի ճիշդը. Դաշնակցութեան հետ չի հաշտուիր, որովհետեւ չի հաշտուիր 28-ի հետ:

Նոյնը նաեւ թուրքը:

Մի՞թէ ոչինչ կայ խորհրդածելի այն ուշագրաւ երեւույթին մէջ, որ Մայիս 28-ը համայն աշխարհի մէջ ազատօրէն կարելի է տօնել ամէն տեղ, սակայն կարելի չէ տօնել միայն երկու երկրներու մէջ – Ռուսիա եւ Թուրքիա:

Եւ պարզ է թէ ինչո՛ւ:

Երկուքն ալ, թէ՛ Ռուսիա եւ թէ Թուրքիա, հայ ժողովուրդի քաղաքական անճիտումը երազելով՝ երկուքն ալ դէմ են Մայիս 28-ին:

Որովհետեւ դէմ են մեր անկախութեան, դէմ են անկախ Հայաստանի գոյութեան:

Ու ճիշդ նոյն հիմունքով ալ, անոնք հաւասարապէս թշնամի են Դաշնակցութեան՝ անոր մէջ Մայիս 28-ի անդաւաճան պաշտպանը տեսնելով:

Մայիս 28 եւ Դաշնակցութիւն, — այս երկուքը նոյնացած գտնելով՝ Բոլշեւիզմը գիտէ, որ երբ կը կռուի ասոնցմէ մէկուն դէմ, նովին բանով կռուած կ’լլայ նաեւ միւսին դէմ:

«Փոփոխուող» Բոլշեւիզմն իսկ միշտ անփոփոխ կը մնայ իր թշնամութեան մէջ Դաշնակցութեան հանդէպ, որովհետեւ անփոփոխ կը մնայ ինքը Բոլշեւիզմի իր էութեանը մէջ:

Իր բոլոր փոփոխութիւնները տարբեր բան չեն, եթէ ոչ կեղծիք, շպար ու դիմակ՝ միայն եւ բացառաբար իր ընթացիկ շահերը նկատի առնելով:

Այդպէս կ’ուսուցանէր ինքը Լենինը.

«Երբ անհրաժեշտութիւն կայ, — կը վարդապետէր համայնավար մարգարէն, — պետք է գիտնալ գործադրութեան դնել խորամանկութիւնը, ճարպկութիւնը, չթոյլատրուած մեթոտները, պէտք է գիտնալ լռութեան մատնել  ճշմարտութիւնը»:

Այլ խօսքով՝ պէտք է գիտնալ կեղծել , ստել եւ խաբել:

Բոլշեւիզմը միայն բառերով կը նոյնանայ Դաշնակցութեան հետ, բայց երբե՛ք գաղափարով, երբե՛ք էութեամբ եւ խորքով:

Մանաւանդ այսօր, երբ գաղափարները սեպագիր արձանագրութիւններ դարձած են:

Ժողովրդավարութիւն, ընկերվարութիւն, խորհրդարանականութիւն, ընդհանուր ընտրական իրաւունք եւ այլն,- կէս դար առաջ դիւրըմբռնելի բառեր եւ գաղափարներ էին ասոնք, մինչ այսօր ժողովրդավար երկիրներ են ե՛ւ Անգլիան, ե՛ւ Թուրքիան, ընկերվարներ են ե՛ւ Ժոռեսի հետեւորդները, ե՛ւ Հիթլերի, այսօր ձեւապէս ընդհանուր ձայնատուութեան սկզբունքը կ’իշխե ե՛ւ Զուիցերիոյ, ե՛ւ Խ. Միութեան մէջ, անունապէս խորհրդարանական կարգեր կ’իշխեն այսօր ե՛ւ Պելճիգայի, ե՛ւ Պուլկարիոյ մէջ:

Երէկ ընկերվարութեան մասին միայն մէկ մեկնութիւն կար, մինչ այսօր քաղաքական գրիչները հարիւրէ աւելի մեկնութիւններ ունեին այդ մասին…

Նոյնը նաեւ միւս գաղափարներու նկատմամբ…

Բաբելոնեան նոր աշտարակաշինութիւն մը, ուր լեզուները իսպառ անմատչելի դարձած են իրարու:

Այն ժողովրդավարութիւնը, որ կը քարոզէ այսօր Բոլշեւիզմը, հիմնովին տարբեր է այն միւս ժողովրդավարութիւնէն, որ կը վարդապետէ Դաշնակցութիւնը:

Ընդհանուր ոչինչ ունի այն անկախութիւնը, որ կը պաշտպանէ Բոլշեւիզմը, այն միւս անկախութեան հետ, որու համար կը պայքարի Դաշնակցութիւնը:

Բելշեւիզմի վարդապետած ազատութիւնը ուրացումն է այն միւս ազատութեան, որու ճանապարհին սերունդներ ամբողջ հնձուեցան Դաշնակցութեան դրօշի տակ:

Նոյնն է նաեւ միացեալ Հայաստանի եւ ներգաղթի հարցերուն մէջ:

Երբ Բոլշեւիզմը Սեւրի իրագործումը կը պահանջէ, այդ Սեւրը այնպէս չ’ըմբռներ ան, ինչպէս Դաշնակցութիւնը կ’ըմբռնէ:

Բոլշեւիկեան Սեւրը հիմին մէջ ուրացումն է այն միւս Սեւրին, որու համար պայքարած է ու կը պայքարի Դաշնակցութիւնը:

Եթէ այսպէս չըլլար ինչո՞ւ համայնավար Մոսկուան այնքան անհաշտ պիտի մնար կեանքի մէջ գործող ուժերէն բացառաբար Դաշնակցութեան հանդեպ:

 «Բացառաբառ»-ը կ’ընդգծենք, որովհետեւ Մոսկուան նոյն թշնամանքը չունի հայ կեանքի մէջ գործող ուժերէն եւ ոչ մէկուն հանդէպ:

Որովհետեւ Մոսկուան գիտէ, որ Մայիս 28-ին դաւաճանած են ու կը դաւաճանեն հայ կեանքին մէջ ամէ՛նքը, սակայն Դաշնակցութիւնը՝ երբե՛ք:

Մոսկուան գիտէ, որ միակ ոյժը հայ կեանքի մէջ, որ անբաժանելիօրէն միաձուլուած ու միաշաղախուած է Մայիս 28-ի Մեծ Գաղափարականին հետ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է:

Մայիս 28-ը կը մեռնի այն օրը միայն, երբ կը մեռնի Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը միայն այն ժամանակ կ’անհետի հայ կեանքէն, երբ իր մէջ կը մարի Մայիսեան Ոգին:

Մայիս 28-ը աւելի՛ն է՝ քան Հայաստանի ազատութիւնը:

Աւելի՛ն է՝ քան Հայաստանի անկախութիւնը:

Աւելի՛ն է՝ քան ամբողջացումը մեր բաժան-բաժան հողերու:

Մայիս 28-ը վեր է Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարականէն:

Որովհետեւ երկրի մը միայն հողը – ամբողջացած, ազատ եւ անկախ – բաւական չէ՛, որ այդ երկիրը Հայաստան դառնայ:

Հայաստան դառնալու համար անհրաժեշտ է նաեւ, որ այդ հողը հայ ըլլայ իր բնակչութեամբ:

Անհրաժեշտ է, որ ան հայ ըլլայ իր լեզուով:

Անհրաժեշտ է, որ հայ ըլլայ իր կրօնքով, երգով, տարազով, նուագով, քանդակով, վրձինով, ճարտարապետութեամբ, իր բովանդակ արուեստով ու մշակոյթով, իր կենցաղով ու բարքերով, իր սովորոյթներով եւ աւանդութիւններով:

Անհրաժեշտ է, որ հայ ըլլայ իր բոլորած անցեալով, իր ապրող ներկայով եւ յավերժութեան ձգտող իր ապագայով:

Այլ խօսքով՝ անհրաժեշտ է, որ ան՝ իբրեւ Ոգի եւ Ոյժ՝ հայ ըլլայ իր Իտէալով, անմահութեան ձգտող իր երազներով:

Որովհետեւ ի՞նչ են, վերջապէս, Ազգն ու Հայրենիքը – ոչ իբրեւ նիւթ՝ իբրեւ հող ու մարմին, այլ իբրեւ Ոգի – եթէ ոչ բառին բարձրագոյն առումով մէկ անմեռ ու ստեղծարար Գաղափար, մէկ յավերժակեաց ու բեղմնաւոր Իտէալ, որ յարատեւաբար, պատմուփթեան խորագոյն խորերէն, դարեր անընդհատ ու դարեր յաջորդաբար, ստեղծագործելով, կը պահէ միշտ ցեղայնօրեն իր ինքնատիպ ձեւը, միշտ ժամանակի ոգիին եւ պայմաններուն ունկնդիր, իր բովանդակութիւնը փոխելով:

Մայիս 28-ի այս անմեռ Իտէալն է, որ այսօր կը ներկայանայ մեզի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի պահանջով, բայց որ իր խորքին մէջ, իբրեւ անմեռ Ձեւ ու Ոգի, աւելին է, քան այդ պահանջը:

Այն ցեղի ոչ թէ քարացած, այլ յավերժ կենդանի եւ ստեղծագործող Երազն է, անսկիզբ եւ անվախճան:

«Եթէ Տէր Աստուածը իր աջ ձեռքին մէջ բռնէր ամբողջ ճշմարտութիւնը, — կ’ըսէր Լեսինկ, — իսկ ձախին մէջ՝ միայն յաւէրժ կենդանի որոնումը ճշմարտութեան, թո՛ղ թէ միշտ եւ յաւերժորէն սխալելու պայմանով, եւ ըսէր ինծի – ընտրէ՛, ես հեզօրէն կը հակէի դէպի Անոր ահեակը եւ կ’ըսեի, — Տէ՛ր, ինծի ա՛յս տուր: Սրբազան ճշմարտութիւնը մատչելի է միայն եւ բացառաբար Քեզի»:

Մեր պատմութեան աստուածը մեզ Մայիս 28-ը տալով՝ անոր մէջ տուած է մեզի ե՛ւ որոնումի այս ջահը – ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան – որ դէպի բաղարձակ ճշմարտութիւնը կը տանի, տուած է մեզի ե՛ւ այն ջահը – Ցեղային Ոգին – որ կը մարմնաւորէ բացարձակ ճշմարտութիւնը, մատչելի միայն իրեն՝ խորհուրդներով լի մեր անմեռ պատմութեան:

Ազգի մը բոլոր անդամները մասնիկ մը այս Ոգիէն կը կրեն իրենց մէջ, սակայն անոնք բոլորը հաւասար հաւատարմութեամբ, նոյն մոլեռանդ շունչով ու նոյն ջերմ հաւատքով, անոր չեն ծառայեր:

Եւ այդ պատճառով անոնցմէ շատեր կ’անհետին ու կը շոգիանան ուծացման եւ ձուլման ճամբաներուն վրայ:

Նոյնը տեղի կ’ունենայ նաեւ անոնց նկատմամբ, որոնք թէեւ կը մնան ազգային միութեան մէջ, թէեւ չեն պոկուիր ազգային բունէն, սակայն չափով մւ կը պոկուին ցեղի մեծագոյն ու խորհրդաւոր գանձէն, կը պոկուին անոր Ոգիէն ու կը դադրին այդ Ոգիի անդաւաճան սպասաւորներն ըլալէ:

Եւ այս անհաւատարմութիւնը անոնք կը գործեն կա՛մ անհատաբար եւ կա՛մ հավաքականօրէն, այս կամ այն անունին տակ (միութիւն, կուսակցութիւն եւ այլն):

Միայն հոս որոնեցէք բացատրութիւնը այն տարբեր վերաբերումին, որ համայնավար Մոսկուան ունի հայ ժողովրդի տարբեր զաւակներու եւ հայ կեանքի մէջ գործող տարբեր հոսանքներու հանդէպ:

Բոլոր անոնք, որոնք կա՛մ դաւաճան են եւ կամ յօժար են դաւաճանելու Մայիս 28-ի Մեծ Ոգիին, Բոլշեւիզմը հանդուրժող է անոնց բոլորի նկատմամբ, եթէ մինչեւ իսկ անոնք իրենց հանրային դաւանանքով համայնավար չեն:

Եւ բոլոր անոնք, որոնք երբեք դաւաճանած չեն այս Ոգիին եւ երբեք ի վիճակի չեն դավաճանելու Անոր, Բոլշեւզիմը ոխերին թշնամի է անոնց բոլորի նկատմամբ, եթէ մինչեւ իսկ անոնք իրենց դաւանանքով ձախերու մէջ ամենէն ձախն են:

Մայիս 28-ը հազարամյակներէ եկող ու դէպի հազարամեակներ գացող այն Ոգին է, որ մեր հողը իբրեւ Հայաստան պահեց, իսկ մեզ՝ իբրեւ Հայոց Ազգ:

Հազարամեակներ կտրած այս Ոգին ոչ ոք կրցաւ այնքան քիչ բառերու մէջ, բայց եւ այնքան լրիւ, շքեղ եւ վարակիչ շունչով տալ, որքան տւաւ բանաստեղծ Աւ. Իսայակեան – երբ դաշնակցական էր տակաւին – խորհուրդներուն նուիրած իր անմեռ կտորին մէջ:

Այդ կտորը Մայիսեան պատգամ մըն է՝ հայկական Գաղթաշխարհեն մեր ապրող ու մաքառող հայրենիքին ուղղուած.

Արարատի ծեր գմբեթից

Դար է եկել, վայրկեանի պէս,

Ու անցել:

***

Անհուն թւով կայծակների

Թուրն է բեկուել ադամանդին,

Ու անցել:

***

Մահախուճապ սերունդների

Աչքն է դպել կոյս գագաթին,

Ու անցել:

***

Հերթը մի պահ քոնն է հիմա,

Դո՛ւ էլ նայիր սէգ ճակատին,

Ու անցիր:

Անցի՛ր, որովհետեւ անանց է միայն Մայիսեան Ոգին, ինչպէս անանց ու անմեռ է այդ Ոգիի հզօր խորհրդապատկերը, ինքը՝ Հայոց Մասիսը:

Վ. Նաւասարդեան

«Բոլշեւիզմը եւ Դաշնակցութիւնը» (թռուցիկ ակնարկ 1949թ.)

1