Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում
Գլխավոր » Լրահոս » Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում

Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում

Ուաշինկթըն.- Յունիս 29-ին նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի առաջին դեսպան Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան) կիսանդրիի բացման արարողութեան: 1918-1920 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանը ներկայացնող առաջին դեսպանին կիսանդրին տեղադրուած է Հայաստանի դեսպանատան բակը` Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ:

Աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ:

Ան ողջունեց ու կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ համահայկական տարողութիւն ունեցող հարցերով զբաղող հայկական կազմակերպութիւններուն մնայուն գործունէութիւնը: Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ այն կարեւոր դերին, զոր ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կը վերածնի մեր իւրաքանչիւր կարեւոր ձեռքբերումին հետ:

horizonweekly.ca

01/07/2018

1