ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Եւ Նախագահը Այցելեցին Լիբանանցի Հինգ Նախարարներու
Գլխավոր » Լրահոս » ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Եւ Նախագահը Այցելեցին Լիբանանցի Հինգ Նախարարներու

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչը Եւ Նախագահը Այցելեցին Լիբանանցի Հինգ Նախարարներու

Լիբանան կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ Գերագոյն մարմինի նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, երէկ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանի, առանձին հանդիպում մը ունեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ: Քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ Լիբանան-Հայաստան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Ապա ընկերակցութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանի, անոնք այցելեցին տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահի, մշակոյթի նախարար Մոհամետ Տաուտի, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի եւ արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատի:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան վերոնշեալ մարզերուն վերաբերեալ Լիբանան-Հայաստան գործակցութեան հեռանկարները` լիբանանեան փորձառութիւնը Հայաստանի համապատասխան բնագաւառներուն հետ կիսելու եւ աւելի արդիւնաւէտ աշխատանքի յանգելու նպատակով:

aztagdaily.com

1