Հարցազրոյց` Լիբանանի Մէջ Արցախի Մշակութային Ժամանակակից Կեանքը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Անդամներուն Հետ
Արցախի մշակութային ժամանակակից կեանքը ծանօթացնելու եւ Արցախ-լիբանանահայ գաղութ մշակութային կապերը ամրապնդելու նախաձեռնութեամբ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, գործակցաբար Արցախի Համազգայինի գրասենեակին հետ` կազմակերպած են Արցախեան մշակոյթի օրեր: Այս առիթով 12 յունիսին «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած է գեղանկարչական ցուցահանդէս մը, որուն պիտի մասնակցին արցախցի տաղանդաւոր 13 գեղանկարիչներ` Գայեանէ Շուշեցի, Հրանդ Մնացականեան, Զարինէ Պապայեան, Արտակ Պօղոսեան, Յովիկ Գասպարեան, Լիանա Քոչարեան, Սամուէլ Դաւաթեան, Արծիւ Լալայեան, Լենորտ Զաքարեան, Գէորգ Սարգսեան, Էռնա Մկրտչեան, Դաւիթ Աւակիմեան եւ Արմինէ Աւակիմեան: Այս առիթով, գեղանկարչական ցուցահանդէսին կողքին «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, որ հիմնուած է 2013-ին, պիտի ներկայացնէ ղարաբաղեան գորգերու իւրայատուկ նմուշներ: Յայտնենք նաեւ, որ 10 յունիսին Արցախի մշակութային ժամանակակից կեանքը ծանօթացնելու համար ժամանած պատուիրակութիւնը հանդէս եկաւ Այնճարի մէջ, իսկ 11 յունիսին Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ժամանակակից գրականութեան ներկայացում: Ներկայացուեցան արցախցի գրողները եւ անոնց հրատարակութիւնները` Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանի կողմէ:
Արցախի պատուիրակութեան կատարած առաքելութեան առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց ունեցաւ Արցախի Համազգայինի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ` մօտէն իմանալու անոնց գործունէութիւններուն եւ Պէյրութի մէջ ներկայացնելիք ծրագիրներուն մասին:
«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք Համազգայինի Արցախի գրասենեակի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ Լիբանան այցելութեան ձեր առաքելութեան մասին:
ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.-Համազգայինի Արցախի գրասենեակը հիմնադրուած է երկու տարի առաջ. անիկա բաւական երիտասարդ է: Մինչեւ գրասենեակին բացումը Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին միջոցով Համազգայինի կառոյցը տարբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնէր Արցախի մէջ: Ուրեմն գրասենեակը բացուեցաւ ե՛ւ համակարգելու այդ ծրագիրները, ե՛ւ կեանքի կոչելու նոր ծրագիրներ, նաեւ կամուրջ հանդիսանալու Համազգայինի սփիւռքի մասնաճիւղերուն եւ Արցախի միջեւ:
Թէեւ նոր բացուած է գրասենեակը, բայց Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ արդէն յաջողած է տասնեակ մը կրթամշակութային ծրագիրներ իրականացնել: Մեր գրասենեակի գործունէութիւնը մաս կը կազմէ Համազգայինի գործունէութեան ընդհանուր ուղեգիծին, որ է սատարել եւ Համազգայինի ներուժը օգտագործել յօգուտ հայրենիքի մէջ կրթամշակութային կեանքի աշխուժացման. Արցախի մէջ այդ առումով հիմնական շեշտադրումը դրուած է գիւղական համայնքներուն մէջ կրթամշակութային կեանքին մեր նպաստը բերելուն, եւ այդ առումով յատկանշական է սահմանամերձ համայնքներու մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացումը: Այսօր իրողութիւն է, որ Արցախի գիւղական համայնքները կտրուած են մշակութային կեանքէն, շատերը չունին ակումբներ, մշակութային տուներ կամ բեմական պայմաններ, կայ նաեւ ճանապարհներու խնդիրը որոշ գիւղերու մէջ, եւ այսպէս` մայրաքաղաքային կեանքէն շատ համայնքներ առանձնացուած են: Այս խնդիրին առումով, համագործակցաբար Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան հետ, կը փորձենք մեր նպաստը բերել այս խնդիրին լուծման: Արցախի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ իրականացուցած ենք տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ` մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: Այս տարի, քանի որ Լեւոն Շանթի, Յովհաննէս Թումանեանի, Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակները կը տօնենք, ուստի երեք մեծութիւններուն նուիրուած տարբեր ձեռնարկներ իրականացուցած ենք քաղաքի եւ գիւղական համայնքներուն մէջ: Յատկանշական է Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին հետ մեր համագործակցութիւնը. Արցախի հինգ գիւղերու մէջ Թումանեանին նուիրուած ներկայացում ցուցադրած ենք, որովհետեւ մշակութային ծարաւը կը զգացուէր եւ յարակից 5-6 գիւղերէն բնակիչները կու գային մշակութային տուն եւ կեդրոնացած կը հետեւէին ներկայացումներուն: Այս ծիրին մէջ էր նաեւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի հետ մեր համագործակցութիւնը` նուիրուած Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին: Այս առումով Կովսականի մէջ ծրագիր իրականացուցինք. Գէորգ Հաճեանը եօթը օր մնաց Կովսական, ուր երեխաներուն, երիտասարդներուն ու աշակերտներուն Կոմիտաս սորվեցուց եւ եօթը օրէն համերգ ունեցաւ իր սաներուն հետ: Նոյնիսկ դպրոցին մէջ Կովսականի աշակերտներէն ձեւաւորուեցաւ խումբ մը, որ կոչուեցաւ «Կոմիտաս 150», որ արդէն ժամանակ առ ժամանակ դպրոցի ծրագիրներուն հանդէս կու գայ երգերով եւ Կոմիտաս կը մեկնաբանէ: Նպատակ ունինք այս ծրագիրը շարունակական դարձնել եւ այս առումով պայմանաւորուածութիւն ունինք նաեւ մշակոյթի նախարարութեան հետ, որ այս ծրագիրը նաեւ մնացեալ համայնքներուն մէջ կարենանք իրականացնել:
Նշեմ, որ մեծ է համագործակցութիւնը երիտասարդներուն հետ` զանոնք կապելու Համազգայինի գրասենեակին: Կը փորձենք նաեւ տարբեր միջոցներ օգտագործել Արցախի մէջ բնակող տաղանդաւոր շնորհալի երիտասարդները բացայայտելու եւ խրախուսելու համար: Այս առումով խօսիմ մեր վերջին ծրագիրին մասին: Ուրեմն յայտարարած էինք գրական մրցում` Արցախի մէջ ապրող երիտասարդ ստեղծագործողներուն համար. անոր մէջ ընդգրկուած էին ե՛ւ մայրաքաղաքի, ե՛ւ շրջաններու երիտասարդները: Մենք 25-էն աւելի գրական աշխատանքներ ստացանք գլխաւորապէս շրջաններէն: Ձեռնարկը կը կոչուէր «Ճախրող գրիչ» եւ նուիրուած էր Լեւոն Շանթի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն: Հիմնական ստեղծագործութիւնները ստացանք շրջանի երիտասարդներէն: Յատուկ յանձնախումբ կազմուեցաւ` գրողներէ եւ գրականագէտներէ բաղկացած: Առանձնացուցինք չորս աշխատանք եւ կազմակերպեցինք յատուկ ձեռնարկ, որուն ներկայ էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Անդրանիկ Մսըրլեանը, Կարօ Պայթարեանը: Մկրտիչ Մկրտիչեանը կարելիութիւնը ունեցաւ իր ձեռքով յանձնելու այդ մրցանակները, ինչ որ յատկանշական էր մրցանակակիրներուն համար: Այս ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:
Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի այս ծրագիրին, ըսեմ, որ ասիկա մեր առաջին ծրագիրն է սփիւռքի մէջ: Համազգայինի Արցախի գրասենեակին միջոցով առաջին անգամ ըլլալով մենք կարելիութիւն պիտի ունենանք Արցախի մշակոյթը ներկայացնելու սփիւռքի մէջ: Այս ծրագիրը սկսաւ Լիբանանէն` շնորհիւ եւ համագործակցութեամբ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան: Այս ծրագիրին իր մասնակցութիւնը ունեցաւ նաեւ Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնը: Մեր պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած են հինգ հոգի` ես, Լիանա Քոչարեանը, Սեւակ խաչատրեանը, Սաթենիկ Հայրիեանը եւ Արթուր Խաչենցը: Ես` իբրեւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու, պիտի ներկայացնեմ Արցախի երիտասարդ գրողներու աշխատանքներ եւ նաեւ իմ հեղինակած գիրքս` «Պատերազմ… աչքեր… ծաղիկներ», ինչպէս նաեւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակին կողմէ նորերս հրատարակուած գիրքերը, գլխաւորաբար «Համազգային» տարեգիրքը, որ վերջերս լոյս տեսած է եւ իր մէջ կ՛արծարծէ Արցախի գրական, մշակութային կեանքը: Այս տարեգիրքին հրատարակութիւնը ցանկութիւն ունինք պարբերաբար դարձնելու Արցախի մէջ:
Նշեմ նաեւ, որ մեր ձեռնարկներու մեկնարկը սկսաւ Այնճարէն: 10 յունիսին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մեր ձեռնարկը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան մեր բերած գեղանկարները, ձեռային աշխատանքները, Սաթենիկի աշխատանքները, իսկ Արթուրը ազգային եւ ժողովրդական երգերով հանդէս եկաւ այդ ընթացքին:
Պատուիրակութեան անդամներէն մէկն է գեղանկարչուհի Լիանա Քոչարեանը, որ պիտի ներկայացնէ իր աշխատանքները եւ Արցախի 13 գեղանկարիչներու աշխատանքները: Լիանան բազմաժանր ստեղծագործող գեղանկարչուհի է:
ԼԻԱՆԱ ՔՈՉԱՐԵԱՆ.- Արցախի մէջ ունինք Նկարիչներու միութիւն, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ Շուշիի գեղանկարիչները եւ ընդհանրապէս Արցախի տարբեր շրջաններէ գեղանկարիչներ, որոնք հիմնադրած են 1992 թուականէն Արցախի մէջ գործող Նկարիչներու միութիւնը: Միութիւնը աշխուժ գործունէութիւն ունի, աշխուժ գեղանկարիչներ ունինք տարբեր ժանրերու մէջ, տարբեր տարիքի: Չեմ ըսեր , որ առաջին անգամն է, որ Նկարիչներու միութեան աշխատանքները երկրէն դուրս կը ցուցադրուին, բայց այս անգամ շատ ուրախացանք Համազգայինի ներթափանցումով մեր կեանք` Հերմինէ Աւագեանի միջոցով:
Համազգայինի շնորհիւ այսօր Պէյրութ կը գտնուինք: Այս այցելութիւնը ես երազած եմ մանկութենէս եւ ի կատար ածուած է, որուն համար շատ ուրախ եմ: Բերած ենք արցախցի գեղանկարիչներու աշխատանքներ, որոնք ընտրած ենք ստուգող յանձնախումբի կողմէ, որպէսզի արուեստի գործեր բերենք մեր հայութեան: Մենք` գեղանկարիչներս, հպարտ ենք, որ պատերազմի ու բոլոր դժուարութիւններուն հետ միաժամանակ Արցախի մէջ կը ստեղծենք արուեստի գործեր, որոնց միջոցով կը շփուինք ամբողջ աշխարհի հայութեան եւ ոչ միայն հայութեան հետ: Արուեստի լեզուով խօսիլը լեզու մըն է, Աստուծոյ լեզուն է, որ մեր հարստութիւնն է: Մենք ինքներս մշակներ ենք, մենք` մշակներս պէտք է այդ դժուար գործը յանձն առնենք եւ ի կատար ածենք մեր սերունդներուն համար, եւ զանոնք դաստիարակենք մեր մշակոյթով:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին 13 գեղանկարիչներու իւղաներկ աշխատանքները, որոնք արուեստի բարձր մակարդակի աշխատանքներ են: Փոխադրելու դժուարութիւնները թոյլ չտուին, որ ապակիներով հետաքրքրական աշխատանքներ բերենք: Բերած ենք նաեւ կիրառական արուեստի նմուշներ, այսինքն` կեանքի մէջ կիրառելու մեր պապերէն, տատիկներէն սորված եւ անոնց տպաւորած գործերը, որոնք պէտք է միայն տեսնել, բառերով կարելի չէ ներկայացնել: Մենք կատարած ենք այնպիսի աշխատանքներ, որ բոլորին սրտով ըլլայ. մեր բոլորին մէջ կայ քնացած փոքրիկ բջիջ մը, որ քնացած կը մնայ, եթէ արուեստագէտը զայն չարթնցնէ, մեր պապերու ծինին յիշողութիւնն է, որ քնացած է, եւ արուեստագէտը այնպիսի գործ պէտք է ընէ, որ արթննայ այդ յիշողութիւնը սերունդներուն մէջ եւ այդ գործին մէջ տեսնէ իր պապին ու նախապապին:
Իրապէս ես հիացած եմ մեր հայութեան կատարած մեծ գործերով, ինչպէս` մուսալեռցիներու եւ տարբեր կողմերէ եկած հայորդիներու բարձր ոգին, որով հայեցի կը պահուին իրենց ընտանիքները: Այստեղ մենք մեզի կը զգանք մէկ այլ Հայաստանի մէջ, որ չէինք պատկերացներ: Մենք հիացած ենք ամէն ինչով: Մեր մեկնելէն ետք բնական է, որ մենք աւելի խոր պիտի զգանք եւ մեր աշխատանքներուն մէջ երեւնան մեր արտայայտութիւնները: Խոր ապրումներու մէջ եմ, տպաւորուած եմ ձեզմով: Ձեզմէ ըսելով կ՛ուզեմ մեզմէ ըսել, որովհետեւ մենք մենք ենք, եւ դուք մենք ենք:
Պատուիրակութեան անդամներէն է երգիչ Արթուր Խաչենցը, որ հայրենասիրական, ազգային, ժողովրդական երգերով հանդէս եկաւ ու պիտի գայ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն: Արթուրը ծնունդով Հատրութէն է, այժմ կ՛ուսանի Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: Ան իր առաջին քայլերը կը կատարէ, եւ շատ կարեւոր է, որ Համազգայինը իր ներդրումը ունենայ անոր առաջին քայլերուն մէջ` հետագային անոր ձայնը սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն ներկայացնելու համար: Ապրիլեան պատերազմին աշխուժ մասնակցողներէն մէկն էր նաեւ Արթուրը:
ԱՐԹՈՒՐ ԽԱՉԵՆՑ.- Երգեցողութիւնը, ըլլալով մշակոյթը, նորը արարելը եւ հինը մաքուր պահելը շատ կարեւոր գործունէութիւն է: Ես Կոմիտասի առաքելութեան սիրահարած ըլլալով եւ Սայաթ Նովայի գործերը սիրելով հանդերձ չեմ կրցած անտարբեր մնալ մշակոյթի եւ արուեստի այս ճիւղին նկատմամբ եւ ընտրած եմ այս առաքելութիւնը: Անկախ ամէն ինչէն կը փորձեմ մաքուր պահել հայ ազգային երգեցողութիւնը: Ունիմ հեղինակային եւ նմանատիպ գործեր. պահպանելով հինը, երաժշտականութեան ու երգի մաքրութիւնը, կը շարունակեմ ստեղծագործել: Բացի Ռուսիա եւ Վրաստան այցելութենէն, բախտ ունեցայ գալու Պէյրութ եւ տեսնելու ու ապրելու այն իրականութիւնը, որ լսած ենք ու մեզի պատմած են: Ըսեմ, որ մեր բոլոր պատկերացումներէն շատ աւելի տպաւորուած ենք: Մենք եղանք Այնճար եւ վերյիշեցինք Մուսա լերան հերոսական պատմութիւնը: Տեսանք ու զգացինք, որ անիկա առասպել չէր, այլ իրականութիւն: Մարդիկ իրենց զաւակները Արցախ եւ Մեղրի կոչած են, ասիկա ինքնին հայրենասիրութիւն է: Պէյրութի մէջ հասկցայ, որ հայկական ընտանիքներուն մէջ կրնայ աւելի հայրենասիրութիւն եւ նուիրուածութիւն ըլլալ, քան Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդին մէջ: Այս ալ ինծի կը փշաքաղեցնէ ու կը պարտաւորեցնէ: Կան տեղեր, ուր կ՛երթաս եւ հիասթափութիւն կ՛ապրիս, բայց Պէյրութի պարագան նոյնը չէր, այստեղէն չմեկնած արդէն կ՛ուզենք վերադառնալ ու կրկին հանդիպիլ մեզի հարազատ մարդոց, որոնք իրենց դռները բացին մեր դիմաց:
Շնորհակալ եմ նաեւ մեր պատուիրակութեան անդամներուն, որոնցմէ ես շատ բան սորվեցայ. անկախ անկէ, որ մենք միասին Արցախէն եկած ենք, բայց միասին ճամբորդելը, միասին հաց կիսելը շատ բան սորվեցուց: Իրօք պատիւ ունիմ թէ՛ այստեղի հայութեան հետ ծանօթանալու, թէ՛ մեր պատուիրակութեան անդամներուն, որովհետեւ բոլորն ալ տարբեր առաքելութիւններ կը կատարեն, իսկ ես իմ կարգիս երաժշտականութիւնը կ՛ապահովեմ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ամբողջ հայութեան, որ ստեղծեց Համազգային միութիւնը, որ կը կապէ Արցախը, Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարու, որ ստեղծեց հայրենասիրութեան միասնական գաղափարը հայութեան: Համազգայինի շնորհիւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ ստեղծագործող մարդիկ կրցան իրարու հետ կապ հաստատել եւ մտերմանալ, ինչպէս նաեւ աշխուժացան մշակութային ուղղուածութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն մեզի հանդէպ ուշադրութեան եւ վերաբերմունքին համար:
Պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած է նաեւ Սեւակ Խաչատրեանը, որ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան տնօրէնն է: Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Ճարտարի մէջ կան գորգագործարանները «Ղարաբաղ կարպետ»-ի, ուր կ՛աշխատին արցախցի կիներ եւ կը վերականգնեն ու կը ստեղծեն արցախեան հին զարդանախշերը գորգերու տեսքով, ինչպէս նաեւ նոր ու ժամանակակից գորգեր կը ստեղծեն:
ՍԵՒԱԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ.- «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը Արցախի մէջ գործող ձեռագործ մշակոյթով զբաղող մեծագոյն ընկերութիւնն է: 100-է աւելի մարդիկ կ՛աշխատին այս ընկերութեան մէջ, որ եօթը տարիէ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Արցախի մէջ: Ընկերութիւնը գորգագործական համալիր ունի Ստեփանակերտի մէջ , ուր կեդրոնացուած է ձեռագործ գորգերու ստեղծման ամբողջ հոլովոյթը, որ շատ կարեւոր է, որովհետեւ ո՛չ միայն գորգեր կը պատրաստուին, այլ նաեւ ամբողջ մշակոյթը արտացոլող եւ ձեռարուեստը ստեղծող հոլովոյթը մէկ յարկի տակ կ՛իրականացուի` սկսած հումքէն, թելէն, թելի ներկումէն, գործերէն եւ մինչեւ գորգի պատրաստի կերպարանքը: Ընկերութիւնը մասնաճիւղեր ունի Շուշի եւ Ճարտար քաղաքներուն մէջ: Ընկերութիւնը նպատակ ունի յառաջիկային ըստ կարելիութեան ընդլայնուելու եւ Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ գորգագործական արտադրամասեր ունենալու: Ինչո՞ւ համար ստեղծուեցաւ այս ընկերութիւնը եւ ինչո՞ւ ունինք Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ գորգագործական արտադրամասեր ունենալու նպատակը: Հիմնական նպատակներուն մէջ երկուքը միայն կ՛առանձնացնենք` մշակութային եւ ընկերային:
Մշակութային, որովհետեւ գորգագործութիւնը, բոլորս գիտենք, շատ խոր արմատներ ունի Արցախի մէջ: Կրնանք ըսել, որ Արցախը աշխարհի գորգագործական լաւագոյն կեդրոններէն մէկն է, մշակոյթ ստեղծող եւ մշակոյթ պահող բնօրրաններէն մէկն է: Արցախը ունի գորգի մշակութեան անգնահատելի ժառանգութիւն, որ ժամանակ մը վտանգի տակ էր, որովհետեւ յատկապէս այսօր մեծածաւալ ազրպէյճանական արշաւ կայ այս ուղղութեամբ, եւ Ազրպէյճան մշակոյթի շատ ուղղութիւններու հետ միասին Արցախի հայկական գորգագործութիւնը սեփականացնելու հոլովոյթը սկսած է արդէն վաղուց: Ան Խորհրդային Միութեան ժամանակներուն սկսած է Արցախի գիւղերէն գորգահաւաք գործողութիւններ եւ ձեռագործ գորգեր հաւաքել` մէկուն խաբելով, միւսէն գնելով գորգ, մէկուն մեքենայագործ գորգեր տրամադրելով` դիմացը ձեռագործը վերցնելով. եւ այսպէս, մէկտեղած են Արցախի գորգագործութեան լաւագոյն նմուշները, որոնք այսօր կը գտնուին Պաքուի գորգերու տարբեր թանգարաններուն մէջ եւ աշխարհին կը հրամցուին իբրեւ չակերտաւոր ազրպէյճանական մշակոյթ: Այս լայնածաւալ աշխատանքին դէմ կանգնելու համար եւ Արցախի գորգագործութիւնը փրկելու ու աշխարհին նոր մակարդակով ներկայացնելու առաքելութեամբ ստեղծուեցաւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, որ այս ուղղութեամբ լուրջ քայլեր կը կատարէ եօթը տարիէ ի վեր: Անձնապէս շատ կարեւոր կը նկատեմ այս ձեռնարկը, որովհետեւ խիստ անհրաժեշտութիւն կայ նախ եւ առաջ հայկական համայնքներուն ճիշդը մատուցելու, ճիշդ ներկայացնելու արցախեան գորգարուեստը, որովհետեւ սփիւռքը նաեւ մեր հարստութիւնն է: Մենք կ՛ըսենք, որ 10 միլիոն հայ կ՛ապրի աշխարհի մէջ, անոնց երկու երրորդը Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն դուրս են. ճիշդ կազմակերպելու, ճիշդ համակարգելու պարագային այդ եօթը միլիոն հայերը կրնան դառնալ Արցախի եւ Հայաստանի դեսպանները աշխարհի տարածքին: Այս առումով բաւական լուրջ աշխատանք ունինք կատարելիք: Այսօր աշխարհի հետ Արցախը մշակոյթով կրնայ խօսիլ, այդ միջոցները ունի, բայց նաեւ տարածական, աշխարհագրական մեր ցանցը պէտք է ճիշդ օգտագործուի, ճիշդ կազմակերպուի, պատշաճ մակարդակով այս հոլովոյթը կազմակերպելու համար: Ուրախ եմ , որ Համազգայինի միջոցով հասանք Պէյրութ` լիբանանահայութեան ներկայացնելու համար մեր աշխատանքները: Վստահ եմ, որ լիբանանահայերը պիտի տպաւորուին մեր աշխատանքներով, եւ իրենց իւրաքանչիւր կարծիքն ու գնահատականը շատ կարեւոր են մեզի համար:
Երկրորդ գլխաւոր նպատակը, որուն համար ստեղծուեցաւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը, ընկերայինն էր. նշեցի արդէն` 100-է աւելի մարդիկ կ՛աշխատին այս ընկերութեան մէջ: Ըսեմ նաեւ, որ Արցախի իշխանութիւններուն շատ լուրջ աջակցութեամբ այս ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ: Մեր ընկերութեան միջոցով 100-է աւելի ընտանիքներ այսօր աշխատանք ունին տարբեր շրջաններու մէջ: Գործազրկութեան դէմ դնելու եւ ինչ որ չափով մարդոց աշխատանքով ապահովելու նախաձեռնութիւն մըն է նաեւ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւնը: Համազգայինի գրասենեակին հրաւէրը եւ այս այցելութիւնը առիթ է Արցախի հարիւրաւոր կիներու ձեռքի աշխատանքները ցուցադրելու սփիւռքի տարածքին, որուն համար շնորհակալ ենք: Շնորհակալ ենք նաեւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, որ հարթակ տրամադրեց Արցախի կիներու աշխատանքները ներկայացնելու լիբանանահայութեան: Մեր հարիւրաւոր գորգերէն ընտրած ենք վեց լաւագոյն նմուշ, որոնք պիտի ներկայացնենք ցուցահանդէսին, եւ 10-էն աւելի գորգերու տեսքով յուշանուէրներ. կարեւորը այստեղ քանակը չէ, այլ նմուշն է, որ իմանան մեր հայրենակիցները, թէ ինչե՛ր կը ստեղծուին Արցախի մէջ: Աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներէն արդէն իսկ հետաքրքրութիւն կայ «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան նկատմամբ. 40 տարբեր երկիրներէ մենք ունեցած ենք պատուէրներ: «Ղարաբաղ կարպետ» համացանցի վրայ իր կայքը ունի եւ առցանց վաճառելու կարելիութիւն ստեղծած է: 40 երկիրներ հասած մեր գորգերէն ամէն մէկը կը հանդիսանայ Արցախի մշակութային դեսպանը: Հետաքրքրական դէպք մը պատմեմ. երբ մենք նոր սկսած էինք մեր գործունէութեան, մէկ տարի անց Արցախ այցելեց Պէյրութէն հայ ընտանիք մը. պատահաբար Ստեփանակերտի մէջ հանդիպեցանք. անոնք շատ ցանկութիւն յայտնեցին այցելելու «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութիւն: Հինգ տարի առաջ լիբանանահայ այդ ընտանիքը երկու գորգ վերցուց մեր ընկերութենէն, բնական է, որ փոխանակեցինք մեր հեռախօսահամարները: Հիմա ըսեմ, որ մենք առիթ ունեցանք ըլլալու այն բնակարանը, ուր հինգ տարի առաջ մեր գործերը մտան եւ որոնք առիթ հանդիսացան բարեկամութիւն ստեղծելու այդ հայ ընտանիքին հետ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Սաթենիկ Հայրիեանը, որ երիտասարդ նկարիչ- ձեւաւորող է : Ան պիտի ներկայացնէ իր ձեռքով ձեւաւորած հագուստներու նմուշներ: Ան նոյնպէս իր առաջին քայլերը կը կատարէ այս ասպարէզին մէջ: Շատ յատկանշական է, որ Համազգայինը իր ներդրումը պէտք է ունենայ Սաթենիկի հետագայ ստեղծագործական կեանքին մէջ:
ՍԱԹԵՆԻԿ ՀԱՅՐԻԵԱՆ.- Նկարիչ եւ հագուստի ձեւաւորող եմ: Նշեմ, որ Համազգայինի կողմէ հրաւիրուած եմ եւ շատ ուրախ եմ: Ինչպէս Հերմինէն նշեց, իրապէս առաջին քայլերս են Հայաստանէն դուրս, մինչ այդ Հայաստանի մէջ մասնակցած եմ քանի մը ցուցադրութիւններու եւ հիմնականին մէջ կը ստեղծագործեմ նկարչութիւն հագուստի վրայ ժանրին մէջ եւ կը փորձեմ վերականգնել մեր հայկական զարդանախշերու գործածութիւնը, որ կարծես թէ պահ մը դուրս մնացած է մեր առօրեայ գործածութենէն: Հագուստներու վրայ հայկական մանրանկարչութեան եւ գորգարուեստի զարդանախշերը կ՛օգտագործեմ, երբեմն զանոնք կը ձեւափոխեմ, կ՛ոճաւորեմ: Ըսեմ նաեւ, որ շատ տպաւորուած եմ մեր Պէյրութ կատարած այցելութենէն: Ընդունելութիւնը շատ ջերմ է: Շատ տպաւորիչ է, որ ամէն տեղ հայկական մօտեցում ցուցաբերող մարդոց կը հանդիպինք: Այնճարի մէջ արդէն ներկայացուցինք մեր գործերը, եւ դիտողները շատ տպաւորուած էին ու դրական կարծիք արտայայտեցին:
Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթ